Անդրադարձ – Լուսանկարի Մը Պատմութիւնը. Ո՞վ Է Գէորգ Չաւուշի Եւ Գոմսայ Կորիւնի Լուսանկարներուն Հեղինակը – ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ
18 ՅՈՒԼԻՍ 2022 – Անդրադարձ – Հայ Դատ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ:
ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Իւրաքանչիւր լուսանկար ունի իր յատուկ արժէքն ու պատմութիւնը, բացառապէս իրեն յատուկ պատմութիւնը:
Անոր համար ալ ան կը դառնայ պատմական արժէք: Իսկ եթէ ան կապուած է նշանաւոր որեւէ երեւոյթի հետ, ապա կը դառնայ պատմութեան անհրաժեշտ մէկ մասնիկը: Այդպիսի պատմական արժէք ներկայացնող նիւթերու շարքին պէտք է դասել հայ ազգային-ազատագրական շարժման երկու գործիչներու, ֆետայիներու, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն կուսակցութեան երկու անդամներու, առաջինը Սասնոյ լեռներու առիւծ` Գէորգ Չաւուշի եւ երկրորդ` Գոմսայ Կորիւնի լուսանկարները, որոնք բազմացուած են եւ կը պահուին յեղափոխական գրականութեան, ալպոմներու եւ այլ բնագաւառներու բաժիններու մէջ:
Այս լուսանկարները, մասնաւորապէս Գէորգ Չաւուշի լուսանկարը բազմիցս կը հրապարակուի բազմաթիւ գիրքերու, մամուլի, ալպոմներու եւ պրակներու էջերուն վրայ, հազարաւոր անհատներ տեսահոլովակներու, տեսանիւթերու, համացանցի, բջիջային հեռաձայնի, ինչպէս նաեւ շարք մը դասախօսութիւններու ու ձեռնարկներուն կ՛օգտագործեն զայն իրենց պաստառներուն վրայ:
19-րդ դարուն սկսած ազատագրական շարժման մէջ ֆետայիներու սխրագործութիւնները եւ կենսագրութիւնները գրաւոր ու բանաւոր ծանօթացնելէ զատ, ըստ հնարաւորին, անհրաժեշտ էր նաեւ ներկայացնել անոնց դիմանկարը, մարմնային տեսքը` պատկերը, առ ի գիտութիւն ու ծանօթացում: Այս աշխատանքը բնականաբար բաւական դժուար էր այդ օրերուն քանի մը պատճառներով: Լուսանկարչական սարքերու ընդհանրացած չըլլալը, ֆետայական կռիւներու ընթացքին եւ այդ շրջաններուն մէջ ընդհանրապէս գոյութիւն չունէին լուսանկարչական սարքեր, տակաւին չենք խօսիր սարքին սուղ ըլլալուն մասին:
Հետեւաբար այն գործիչներն ու ֆետայիները, որոնք արտերկիր կը ճամբորդէին, բախտը կ՛ունենային գէթ մէկ անգամուան մը կամ աւելին լուսանկարուելու: Իսկ այն գործիչներն ու բախտաւոր պարագային հարուստներ, որոնք ունէին իրենց սեփական լուսանկարչական սարքը, երբ կ՛այցելէին ԵՐԿԻՐ, կը նկարէին այդ շրջաններու ֆետայիներն ու գործիչները` իբրեւ յիշողութիւն կամ ՀՅԴ օրկան «Դրօշակ» պաշտօնաթերթի մէջ տեղադրելու:
Այսպիսով, վերոնշեալ լուսանկարները պահպանած են այդ անհատներու, շրջաններու եւ վայրերու պատկերները եւ անոնց ընդմէջէն դրսեւորուած են յիշողութիւններ ու արուեստի զանազան ստեղծագործութիւններու ծնունդ տուած են:
Նախ ո՞վ է այս երկու լուսանկարներուն հեղինակը: Ի՞նչն է շարժառիթ հանդիսացողը այդ լուսանկարներու ստեղծումին համար, ե՞րբ, ո՞ւր եւ ինչո՞ւ զգացուած է անոնց անհրաժեշտութիւնը:
Առաջին հերթին ըսենք, որ այս երկու լուսանկարներու հեղինակն է լուսանկարիչ, ՀՅԴ-ի գործիչ Վահան Փափազեանը (Կոմս): Այս նկարներուն մասին անձամբ պատմած է լուսանկարիչը` ՀՅԴ օրկան «Դրօշակ»-ի եւ հետագային «Իմ յուշերը», հատոր Ա., Պոսթըն, 1950, իր գիրքին մէջ:
Երկու խօսք` ծանօթանանալու համար լուսանկարներու հեղինակին եւ երկու ֆետայիներուն, ապա մնացեալ տեղեկութիւններուն:
Վահան Փափազեան
Վահան Փափազեան (Կոմս)` հայ ազատագրական շարժման յայտնի առաջնորդներէն եւ ՀՅԴ ականաւոր ներկայացուցիչ, քաղաքական գործիչ, լուսանկարիչ: Գրող Վրթանէս Փափազեանի կրտսեր եղբայրը:
Ծնած է Թաւրիզ, 1876-ին, վանեցի ընտանիքէ: Նախնական ուսումը կը ստանայ Նոր Նախիջեւան, ուր կը յարի Դաշնակցութեան: Կը ցանկայ, որ ապրուստը ինքնիրեն հոգայ, 16 տարեկանին կը դառնայ լուսանկարիչի մը աշկերտը եւ կ՛իւրացնէ արուեստը: Կը յաճախէ Մոսկուայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի համալսարանները: ՀՅԴ գործիչ, արհեստով` լուսանկարիչ:
1902 թուականին գարնան արդէն Ս. Փեթերսպուրկի ուսանող Փափազեանը խոյս կու տայ ձերբակալութիւնէ, կը փախչի Ֆինլանտա, ապա` Զուիցերիա, Ժընեւ: «Դրօշակ»-ի խմբագրատունը կը հանդիպի Արտաշես Յովսէփեանին` ապագայ հռչակաւոր Մալխասին, Քրիստափոր Միքայէլեանին, Սիմոն Զաւարեանին: Անոնց յանձնարարութեամբ ալ, որպէս լուսանկարիչ եւ վստահելի ընկեր, Գայլ Վահանի խումբին հետ կը մեկնի Կովկաս` հոնկէ անցնելու Վասպուրական: Անոր կ՛ընկերակցէր Նիկոլ Պօղոսեանը, ապագայ յայտնի Իշխանը: Ան Երեւանէն Նիկոլին հետ կ՛անցնի Վան` բանտարկուած Վարդգէսը փոխարինելու եւ որպէս ՀՅԴ գործիչ` կազմակերպելու շրջանը եւ կապ պահելու արտասահմանի հետ: Կը Հսկէ Կովկասէն Վան ռազմամթերքի փոխադրութեան գործին: Կը վարէ կռիւներ Վասպուրականի մէջ:
Մինչեւ սահմանանցումը վիրաւոր հայդուկներէն մէկուն վիրակապող Վահանին կը կնքեն «բժիշկ» մականունով, իսկ հետագային զայն կը կոչեն նաեւ «Կոմս»: Առանց լուրջ փորձութիւններու Վահանն ու Իշխանը կը հասնին Վան: 1903 թուականի նոյեմբերին յաջող աշխատանքներ կը տանին` կուսակցական կառոյցը Վան քաղաքին մէջ եւ անոր շրջակայ գաւառներուն մէջ ամրապնդելու ուղղութեամբ:
Գաղափարական հակադրութիւնը հայկական երեք կուսակցութիւններու միջեւ չափազանց սրուած էր: Հայերու անմիաբանութիւնէն կ՛օգտուէր թուրք իշխանութիւնը, որ սակայն հիմնական ուժերը կեդրոնացուցած էր Սասունի մէջ, ուր 1904 թուականին սկզբին սկսած ինքնապաշտպանութիւնը տեւեց մինչեւ մայիսի կէսերը: Աղթամար նահանջած հերոսներուն` Անդրանիկ Օզանեանի, Գէորգ Չաւուշի, Սեպուհի, Սմբատի կը տեսակցին Վահանն ու Իշխանը:
Սահմանադրութեան շրջանին կ՛ընտրուի Վանի երեսփոխան: Կը գործէ Մուշի մէջ, ուրկէ Եղեռնի օրերուն Ռուբէնի հետ կը յաջողի անցնիլ Կովկաս: Որպէս Բարեգործական ընկերութեան ներկայացուցիչ` կը վերադառնայ ազատագրուած Վան:
1919-ին մաս կը կազմէ Փարիզի Ազգ. պատուիրակութեան: Կը մասնակցի ՀՅԴ Թ. Ընդհանուր ժողովին, Երեւան: Ռիկայի (Այդ օրերուն Լեհաստան) մէջ տեղի ունեցող բանակցութիւններուն, պոլշեւիկներուն հետ, կը մասնակցի որպէս ՀՅԴ¬ի լիազօր: Հետագային Դաշնակցութեան անունով կը գործակցի Թուրքիոյ քիւրտ ապստամբներուն հետ:
1947-ին կ՛անցնի Լիբանան, գրի կ՛առնէ իր յուշերը` «Խոնարհ հերոսներ» շարքին մէջ: Կը մահանայ Պէյրութ, 1 հոկտեմբեր 1973-ին:
Գէորգ Չաւուշ
Գէորգ Չաւուշ, Սարհատ (Գէորգ Արոյի Ղազարեան) ազգային-ազատագրական շարժման գործիչ, ֆետայի: ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:
Ծնած է 1870 կամ 1871 թուականին, Սասունի Փսանաց գաւառի Մկթենք(1) գիւղը: Մանկութեան Գէորգ գիւղին ամէնէն անհանդարտ տղան էր` լեռնականի նկարագրով, արկածալից ու ըմբոստ: Ծնողները զինք կ՛ուղարկեն Մշոյ Ս. Առաքելոց վանքը` օտար մթնոլորտի մէջ զսպելու, ուսում ստանալու եւ քահանայ ձեռնադրուելու համար:
Վանքի շրջապատին մէջ Գէորգ կը հանդիպի Արաբոյին եւ ընկերներուն, հոգեւին կը կապուի անոնց, վանքէն հաց կը տանի անոնց թաքստոցը, կը դառնայ անոնց հաւատարիմ սուրհանդակն ու օժանդակը:
14 տարեկան հասակին Գէորգը տեսնելով թէ ինչպէ՛ս 4-5 քիւրտ հայ գիւղացիները կը թալանեն, քարեր կը շպրտէ թալանչիներու վրայ, իսկ հայերուն կոչ կ՛ընէ պաշտպանուիլ:
1888-ին Գէորգ վանքէն կը հեռանայ աւելի ըմբոստ ու խիզախ: Կ՛ուզէ միանալ Արաբոյի խումբին, բայց Արաբօ արդէն ձերբակալուած էր: Յուսահատ` կը վերադառնայ տուն, ուր հայրը կ՛արգիլէ ձեռքը զէնք առնել: Դժգոհ հօրը ընթացքէն` կը մեկնի Հալէպ զէնքի դրամ կամ զէնք ճարելու համար:
Վեց ամիս կը մնայ Հալէպ: Ազգականները կը գնեն իր հաւնած զէնքը եւ կը ճամբէն զայն Մըքտինկ:
1880-ական թ. վերջին գործած է Արաբոյի` Տարօնի մէջ առաջին հայդուկային խումբին մէջ: 1890-1894-ին համագործակցած է Միհրան Տամատեանի եւ Համբարձում Պոյաճեանի (Մեծն Մուրատ) հետ: Մասնակցած է Սասունի 1891-1894-ի ինքնապաշտպանական մարտերուն (յատկապէս աչքի ինկած է Տալւորիկի 1893-ի կռիւներուն մէջ), ձերբակալուած եւ արգելափակուած է Պիթլիսի, ապա Մուշի բանտերուն մէջ: 1896-ին փախչելով բանտէն` ապաստանած է Սասուն, միացած է Գուրգէնին եւ Հրայրին: Աղբիւր Սերոբի սպանութիւնէն (1899) ետք կազմակերպած է մատնիչ Աւէի (1900), ապա Անդրանիկի հետ` Խալիլ պէյի սպանութիւնը: 1900-1901 մղած է շարք մը կռիւներ (Բերդակի, Նորշէնի եւ այլն), որոնք կարեւոր տեղ գրաւած են հայդուկային շարժման պատմութեան մէջ: Ղեկավար մասնակցութիւն ունեցած է 1901-ի նոյեմբերին Առաքելոց վանքի կռիւին, 1904-ի Սասունի ապստամբութեան (Սասունի հարաւային ճակատի հրամանատար): Ապստամբութեան պարտութիւնէն ետք անցած է Վան, սակայն Աղթամարի խորհրդակցութենէն (1904-ի օգոստոս) ետք, որպէս ՀՅԴ կուսակցութեան ղեկավար գործիչ, վերադարձած է Տարօն: 1905-ին մղած է Խարսի, Ալվառինջի կռիւները: 1906-1907 գործած է Ռուբէն Տէր Մինասեանի հետ: Մեծ ջանքեր գործադրած է հայ-քրտական համագործակցութեան ստեղծման համար: Գէորգ Չաւուշի մղած հայդուկային կռիւները (շուրջ 40) ընթացած են կազմակերպուած եւ գրեթէ միշտ աւարտած` յաղթանակով:
Գէորգ Չաւուշը զոհուած է Սուլուխի նշանաւոր կռիւի ժամանակ: Չաւուշը ունէր արժանապատուութեան եւ կարգապահական բարձր գիտակցութիւն` տրուած որոշումներու եւ հրահանգներու նկատմամբ:
Գէորգ Չաւուշը հայ ազգային-ազատագրական շարժման փառաբանուած հերոսներէն է, ժողովուրդը երգեր հիւսած է անոր մասին:
Գոմսայ Կորիւն
Գոմսայ Իսոյ Կորիւն, հայ ազգային-ազատագրական շարժման գործիչ, ֆետայի: ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:
Ծնած է 1870-ական թուականներուն, Արեւմտեան Հայաստանի Պիթլիսի նահանգի Մշոյ գաւառի, Գոմս գիւղը, որ կը գտնուէր Մուշէն 14 քմ հիւսիս, Արածանիի աջ ափին:
Սորված է Մուշի Ս. Կարապետ վանքի դպրոցը: Գործակցած է Հրայրի հետ, համամիտ էր անոր համընդհանուր ապստամբութեան գաղափարին: Մասնակցած է Ցրօնք գիւղի կռիւին (1899): Ահաբեկչութեան համար ձերբակալուած է եւ դատապարտուած` 101 տարուան բանտարկութեան, սակայն փախած է բանտէն:
1901 թուականին Գէորգ Չաւուշի հետ մասնակցած է Նորշէնի կռիւին, 1904 թուականին Սասունի ապստամբութեան. Կելիեկուզանի անկումէն ետք (ապրիլ 23) իր խումբով անցած է Անտոք լեռ, ապա իջած է Մշոյ դաշտ եւ մասնակցած` Կուրաւուի, Գոմսի, Գոմերու, Վասպուրականի` Շամիրամի, Աղթամարի կռիւներուն: Վերստին գալով Տարօն` սերտ յարաբերութիւններ հաստատած է քիւրտերու հետ:
1905 թուականի վերջը անցած է Կովկաս, եղած է Պաքու, Թիֆլիս, Զանգեզուր եւ Ղարաբաղ: Հայ-թաթարական (այժմ` ազերի) ընդհարումներու ժամանակ (Բարգուշատ, Կապան, Սիսիան, Արեւիկ) կազմակերպած է շատ մը գիւղերու ինքնապաշտպանութիւնը:
Խիստ կարեւոր է ընդգծել, որ Սիւնիքի եւ հայկական այլ բնակավայրերու մէջ, հայ-թաթարական կռիւներու ընթացքին, Կապանի, Սիսիանի, Բարգուշատի եւ Արեւիկի շրջաններուն մէջ կռիւներուն ատեն բազմաթիւ հայ գիւղեր դաշնակցական ֆիտայապետ Գոմսայ Կորիւնին կը պարտին իրենց կեանքը: Կորիւն ոչ թէ պաշտպանողական միջոցներով, այլ շեշտակի յարձակումներով կ՛ապահովէ հայ գիւղերը` թաթարները պահելով սարսափի մէջ: Իբրեւ երախտագիտութիւն` այդ լեռնային ժողովուրդը իր նորածին մանուկները կ՛անուանէր Հարօ կամ Կորիւն:
1908-ին երիտթրքական յեղաշրջումէն ետք վերադարձած է հայրենի Գոմս, որուն գիւղապետն էր մինչեւ 1915 թուականը: Եղած է 1915-ին Սասունի հերոսամարտի ղեկավարներէն, զոհուած է մարտի ընթացքին:
Պատմական կարեւորութեան համար հարկ է արձանագրել, որ Գէորգ Չաւուշ իր կեանքին մէջ մէկ անգամ լուսանկարուած է, 1904 թուականին, Վանայ լիճի Աղթամար կղզիի վրայ, Անդրանիկի հետ բաժանման յուզումնալից օրը: Այն օրը, երբ Գէորգ Չաւուշն ու Գոմսայ Կորիւնը Աղթամար կղզի կը գտնուէին ու կը պատրաստուէին կրկին վերադառնալու Սասուն:
Գէորգի բացարձակ խիզախութեան լաւագոյն դրսեւորումն է Աղթամար կղզիին վրայ Տարօն վերադառնալու իր որոշումը: 1904-ի Սասնոյ ինքնապաշտպանական կռիւներէն ետք, երբ թրքական պետութեան հալածանքներուն պատճառով Տարօնի մէջ ֆետայիներուն համար շնչելն իսկ անհնար դարձած էր, եւ ամէն քայլափոխի մահը կը սպառնար անոնց, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէն կ՛որոշէ ֆետայիները հեռացնել շրջանէն: Դէպի Կովկաս իրենց ճամբուն վրայ հասնելով Աղթամար կղզի` ֆետայիները կ՛անդրադառնան, որ ժողովուրդը պէտք չէր անտէր ձգել: Բայց հարց կը ծագի, թէ ո՞վ պիտի վերադառնայ Մշոյ աշխարհ:
Այս մասին դաշնակցական գործիչ եւ լուսանկարիչ Վահան Փափազեան (Կոմս) մանրամասնօրէն «Դրօշակ» (Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան օրկան), թիւ 6 (321), XXXII տարի, յունիս, 1932, Փարիզ, էջ 128-ին մէջ, «Անոր մասին» (Գ. Չավուշի յիշատակին) յօդուածին մէջ հետեւեալը կը գրէ. «Գէորգ Չաւուշը այդ վայրկեանին ահա գլուխը բարձրացուց, դարձաւ դէպի զինուորները եւ վճռական ու հանդարտ ձայնով մը ըսաւ. «Ես կը վերադառնամ, մինակս ալ… ո՞ւր պիտի երթամ արդէն, տեղ չունիմ, իմ տեղը հոն է…»: Այս արտասանելէ ետք գլուխը կախեց, ժպտաց մեղաւոր ժպիտով մը, որ կարծես թողութիւն կը խնդրէր իր ընկերներէն` դէպի մահ երթալու իր որոշման համար:
«Կորիւնն էր, որ հետեւեցաւ անոր եւ` երկտասնեակ մարտիկներ:
«Ու երբ անոր ու Կորիւնին հետ կը յառաջանայի ժայռի մը ստորոտը` նկարելու զիրենք վերջին անգամ, մանկական ժպիտով մը դարձաւ դէպի ինձ. «Յեղափոխութիւնը մինակ մեզմով չի լինի, պարո՛ն, ի՞նչ կայ լեցուեր էք քաղքներ, գրոց մարդիկդ, քաղաքներէն խէր չկայ, կու գա՞ս հետս, քեզի տանիմ մեր երկիրը, տես իմա՞լ անուշ երկիր է, իմա՞լ ժողովուրդ ունինք® արժէ, որ մեռնենք անոր համար» ու լռեց»:
Իսկ «Իմ յուշերը», հատոր Ա., Պոսթըն, 1950, էջ 320-ին մէջ, Փափազեան քիչ մը այլ տեղեկութիւններ տալով Գէորգ Չաւուշի եւ Գոմսայ Կորիւնի լուսանկարուած վայրին մասին` այսպէս կ՛արտայայտուի. «Ցերեկը Գէորգի եւ Կորիւնի հետ մինակնիս բարձրացանք «Րաֆֆիի քարը»` ամենաբարձր գահավէժին գլուխը, ուր պիտի նկարէի երկու ղեկավարները: (Չաւուշի եւ Կորիւնի գոյութիւն ունեցող պատկերները, որ նկարեցի, միակն են, այլապէս այդ երկու չքնաղ դէմքերը անծանօթ պիտի մնային): Ճամբան Գէորգը դարձաւ ինծի. «Չը՞ս ի գայ էրթանք մըզի հետ… հորի՞ նստեր ես քաղաք… իմա՞լ անուշ էրկիր է մըր էրկիր…»»):
Վերոյիշեալ օրը ահա այսպէս կը յաւերժանայ Վահան Փափազեանի լուսանկարչական սարքին շնորհիւ:
Գէորգ Չաւուշ Աղթամարէն վերադարձին արդէն տէրն ու տիրականն է Տարօնի աշխարհին: Իր ինքնավստահ ու բացարձակ քաջութեամբ, մեծաթիւ (մինչեւ 50 հոգի) խումբերով կը շրջի Մշոյ դաշտի գիւղերը:
Վերջապէս, ֆետայական պատմութեան մէջ չտեսնուած յանդգնութիւն մըն է, որ ի վիճակի էր կատարելու միմիայն ի՛նքը` Գէորգ Չաւուշ:
Հետեւաբար այդ ժամանակահատուածին մէջ անոր մղած ֆետայական կռիւները առասպելական հերոսի կը վերածեն զինք, եւ անոր հռչակը կը տարածուի ամէնուր:
Ահաւասիկ յեղափոխական պատմութեան ընդմէջէն նաեւ լուսանկարներու պատմութեան սրտառուչ նկարագրութիւնը:
Երկու լուսանկարներու հեղինակին, լուսանկարներու ստեղծման շարժառիթին, ո՞ւր եւ ե՞րբ նկարուելու իրադարձութիւններու մասին յիշողութիւններու պահպանումը կատարուեցաւ այս յօդուածով:
Այստեղ բնականաբար շնորհակալ եւ երախտապարտ պէտք է ըլլալ Վահան Փափազեանին, որ իր լուսանկարչութեան ասպարէզին ճամբով կրցաւ պատմութեան յանձնել երկու ֆետայիներու դէմքերը, այլապէս այդ դէմքերը անծանօթ պիտի մնային մեզի համար:
Այս լուսանկարները, որոնք առնուած են 1904-ին, մինչեւ օրս ամենաշատ տպագրուած եւ տարածուած լուսանկարներն են, որ յեղափոխական-ֆետայական եւ մանաւանդ Դաշնակցութեան մշակութային եւ պատմական ժառանգութեան մասն են:
Վստահ ենք` իբրեւ սփոփանք, յիշողութեան վերջին պատառիկ, այդ օրը կը պատգամեն մեզի իրենց խիզախ նայուածքով լուսանկարէն, լուսանկար, որուն պատմութիւնը միշտ վառ կը մնայ բոլորիս սրտերուն մէջ:
1 Այլ անուանումները` Մըգթենք, Մըկթենք, Միկթինք, Միկտենգ, Մկդէնք, Մկթինք, Մկտենք եւ Մքթենք:
aztagdaily.com/archives/552516