Գետ-Գիտութեան. ՆԱՍԱ-ն Յաղթականօրէն Ցուցադրած Է «Ուէպ»-ի Առաջին Նկարներու Ամբողջական Փաթեթը – ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ

ԽՈՅՆ ԱՐԴԵՆ ԻՍԿ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ՊՈԶԱՀԱՐԵԼՈՒ ՀԱԿԱՌԱԿՈՐԴԻՆ, ԻՐ ԻՐԱՎՈՒՆՔՆ ՈՒ ԱՆԿԱԽՈՒԹՅՈՒՆԸ ՎԵՐԱԴԱՐՁՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ...

Գետ-Գիտութեան. ՆԱՍԱ-ն Յաղթականօրէն Ցուցադրած Է «Ուէպ»-ի Առաջին Նկարներու Ամբողջական Փաթեթը – ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ

19 ՅՈՒԼԻՍ 2022 – Անդրադարձ – ՆԱՍԱ – ԳԻՏԱԿԱՆ:

Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ

Շունչ Կտրող Նկարները Կը Ներկայացնեն Հնագոյն Կալաքսիներու
Ամենախոր Ենթակարմիր Շողերու Միջոցով (Infrared) Տեսարանը

 

Բանալիներու անկիւն

1 լուսատարի= 9.000.000.000.000 քմ (9 թրիլիոն)
Միգամածութիւն- nebula
Լուսապատկեր- spectrum
Արտամոլորակ- exoplanet
Ուղեծիր- orbit

Աստղագիտութեան յաջորդ մեծ դարաշրջանը իսկապէս սկսաւ 12 յուլիս 2022-ին: Մօտ երեք տասնամեակ անխոնջ զարգացումներէ եւ 10 միլիառ տոլարի ծախսերէ, 2021 թուականին Սուրբ Ծննդեան օրը հեռարձակումէ եւ խոր տիեզերքին մէջ նուրբ նախապատրաստական աշխատանքներու կէս տարուան ընթացքէն ետք, «Ճէյմս Ուէպ» տիեզերական աստղադիտակը վերջապէս ներկայացուց առաջին ամբողջական գունաւոր պատկերներու հաւաքածոն:

Կառուցուած ՆԱՍԱ-ի, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի եւ Քանատայի տիեզերական գործակալութիւններու կողմէ, խնդրայարոյց է աստղադիտակին անուանումը` ըլլալով ՆԱՍԱ-ի նախկին տնօրէնի անունը: Ասիկա մինչ այժմ կառուցուած ամենազօրաւոր աստղադիտակն է: Անոր զարգացման թեքնիք պահանջները այնքան աւելի մեծ պիւտճէ կը պահանջէին եւ կ՛ուշացնէին ժամանակացոյցը, թէ շատեր կը կասկածէին, որ ան երբեք ի գործ չի դրուիր: Իսկ այժմ ան կը խոստանայ յեղափոխել տիեզերքի մեր պատկերացումները առաքելութեան մը ընթացքին, որ կրնայ երկարիլ մինչեւ 2040-ական թուականները: Աստղադիտակի վերջին նկարներէն իւրաքանչիւրը ցոյց տուած է «Ուէպի չորս հիմնական գործիքներէն առնուազն մէկուն հզօրութիւնը, ինչպէս նաեւ` անոր հսկայ, 6,5 մեթրանոց հիմնական հայելին, որ կազմուած է 18 սուրճի սեղանի չափով վեցանկիւն 18 ոսկեզօծ պերիլիոմի հաստափոր շերտերէ, որոնք կը ծալուին օրիկամիի նման` տեղաւորուելու համար Ariane 5 հրթիռին մէջ: Ըլլալով Երկիր մոլորակէն 1,5 միլիոն քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ եւ արեւէն պաշտպանուելու համար թենիսի դաշտի չափ վահանով հովանաւորուած` աստղադիտակի իրեղէնքը սառած կը մնայ տիեզերքի օդատութեան (vaccum) ջերմաստիճանին մօտ: Այդ խոր սառեցումը առիթ կու տայ անոր տեսնելու, աւելի ճիշդ` զգալու, հեռահար կալաքսիներու ենթակարմրային փայլը, մօտակայ մոլորակները եւ անոնց միջեւ ամէն ինչ:

Նոյնիսկ մինչ յուլիս 12-ի պաշտօնական պատկերներու հրապարակումը, աւելի կանուխ առնուած նկարները, որոնք ուղղորդած էին «Ուէպ»-ը` խոր տիեզերքին մէջ զայն շահագործելու համար, ցոյց կու տային աստղադիտակին ապշեցուցիչ հնարաւորութիւններուն մասին: Աստղադիտակի աշխատանքային հսկայ գործիքի` NIRCam-ի միջոցով առնուած աստղի պարզ լուսանկարները նաեւ բացայայտօրէն կը ներառէին յետնամասի վրայ աւելի քան 1000 կալաքսիներ, որոնք շատ աւելի աղօտ պիտի ըլլային, եթէ առնուած ըլլային այլ աստղադիտակի մը ոսպնեակով: «Այս եւ նախնական այլ քննութիւները,- կ՛ըսէ NIRCam-ի գլխաւոր հետազօտող, Արիզոնա համալսարանէն Մարսիա Ռիեքէ,- ցոյց տուած են, որ «Ուէպ»-ի բոլոր գործիքները ձեռք կը բերեն նոյնիսկ մեր ենթադրածէն աւելի լաւ զգայունութիւն, եւ անոր հայելիին աշխատանքը նոյնպէս կը գերազանցէ ակնկալիքները: «Այս նոր պատկերներով,- կ՛ըսէ Ռիեքէ,- այժմ մենք կը տեսնենք, որ գիտութեան վերադարձը հաւանաբար պիտի ըլլայ նոյնիսկ մեր համարձակած յոյսէն աւելի մեծ»:

Քով-քովի այս համեմատութիւնը ցոյց կու տայ «Ուէպ» աստղադիտակին զարմանալիօրէն մանրամասն դիտարկումները` Հարաւային օղակի միգամածութեան(1) (Southern Ring Nebula) մօտ ենթակարմիր (NIR) շողերու ներքոյ (ձախ) եւ միջին ենթակարմիր (mid-infrared) շողերու ներքոյ (աջ): Գտնուելով Երկիր մոլորակէն աւելի քան 2000 լուսատարի հեռաւորութեան վրայ` միգամածութիւնը կազմուած է մեռնող աստղէ արձակուած կազի եւ փոշիի փեճեկներէն (shell), որոնք իւրաքանչիւր նկարի մէջ կարելի է տեսնել միգամածութեան միջուկին մօտ:

Բոլոր Աչքերը «Ուէպ»-ի Վրայ

Նախագծուած` ցուցադրելու համար «Ուէպ»-ի տիեզերական տեսողութեան լայնութիւնն ու խորութիւնը, միեւնոյն ժամանակ ծառայելով որպէս «գրաւիչ աչքերու քաղցրաւենիք», այս առաջին գիտական պատկերները իսկապէս չեն հիասթափեցներ: Անոնց կարգին կան Քարինա միգամածութեան (Carina Nebula) աննախադէպ տեսարանները` Երկրէն մօտ 7600 լուսատարի հեռաւորութեան վրայ գտնուող աստղային «ծննդավայր մը», որ լուսաւորուած է հսկայական աստղերու պայծառ, կարճատեւ կեանքով, ինչպէս նաեւ Հարաւային օղակաձեւ միգամածութեան նկարը, ուր աւելի քան 2000 լոյսի տարուան հեռաւորութեան վրայ գտնուող մեռնող արեւը կ՛արձակէ կազի բուռն խումբեր որպէս փեճեկներ: Երկնային ստեղծման եւ ոչնչացման շրջանառութիւնը կը շարունակուի մօտ 290 միլիոն լուսատարի հեռաւորութեան վրայ գտնուող այլ պատկերներու մէջ, որոնք կը հաստատեն Stephan՛s Quintet-ի մէջընդմէջ կալաքսիները, որոնք աստղագոյացման բուռն նոպաներ կը հրահրեն հսկայ միջկալաքսիական հարուածային ալիքներու մէջ, երբ անոնք դանդաղօրէն կը միաձուլին` դառնալով մէկ` աւելի մեծ կալաքսի:

Stephan՛s Quintet-ի մէջընդմէջ կալաքսիները, ինչպէս կ՛երեւին «Ուէպ»-ի աստղադիտակով, Երկրէն մօտաւորապէս 290 միլիոն լուսատարի հեռաւորութեան վրայ: Այս խճանկարը կազմուած է գրեթէ 1000 հատ առանձին լուսանկարներու միաւորումով եւ կը բացայայտէ այս կալաքսիներու խումբի նախապէս չտեսնուած մանրամասնութիւնները:

Սակայն «Ուէպ»-ի գիտական յանդուգն արժէքը լաւագոյնս կը բացայայտուի երկու այլ պատկերներու միջոցով, մէկը ուշագրաւ եւ միւսը` նուրբ:

Նուրբը լուսապատկերն է (spectrum), ըստ էութեան, «գագաթներու եւ հովիտներու» ոլորապտոյտ շարանի մը, որ կ՛արձանագրէ, թէ ինչպէ՛ս լոյսի տարբեր ալիքներու երկարութիւնները կը փայլին WASP-96b-ի վերին մթնոլորտէն անցած ժամանակ: WASP-96b-ն կիզուած արտամոլորակ մըն է (exoplanet), որ Լուսնթագի զանգուածին կէսը ունի եւ կը դառնայ 1000 լուսատարի հեռաւորութեան վրայ` աստղի մը շուրջ, 3,4 օր անգամ մը: Նման լուսապատկերներ հազիւ թէ նկարներ ըլլան, բայց կրնան բացայայտել որեւէ տարրի զանգուածային բաղադրութիւնը, ըսաւ ՆԱՍԱ-ի Կոտարտի տիեզերական թռիչքներու կեդրոնի «Ուէպ»-ի նախագիծի գիտաշխատող,  արտամոլորակներու գիտութեան գծով տեղակալ Նիքոլ Քոլոն: «Ուէպ»-ը կ՛ապահովէ արտամոլորակներու մթնոլորտի համեմատաբար մեծ յստակութեամբ ենթակարմիր լուսապատկերը` բանալով նոր էջ մը արտամոլորակներու բնութագրման դարաշրջանին մէջ», կ՛աւելցնէ ան:

«Ուէպ» աստղադիտակէն առնուած այս պատկերը կը բացայայտէ հարիւրաւոր նախապէս անտեսանելի նորածին աստղեր` «աստղային ծննդարան»-ի մը մէջ, որ յայտնի է որպէս Քարինա միգամածութիւն` կազի եւ փոշիի հսկայական համախմբում մը, Երկիրէն մօտ 7600 լուսատարի հեռաւորութեան վրայ:

«Աստղադիտակի առաջին տարուան ծրագրուած դիտարկումներու լրիւ 70 տոկոսը կը ներառէ լուսապատկերներ հաւաքել ամբողջ տիեզերքէն կարգ մը թիրախներէ», կ՛ըսէ Քլաուս Փոնթափըտն` Տիեզերական աստղադիտակի գիտական հիմնարկի «Ուէպ»-ի նախագիծի գիտնականը: Այդ չափումներուն մեծ մասը պիտի գծագրէ կալաքսիներու քիմիական բնաշրջումը տիեզերական ժամանակի ընթացքին եւ Ծիր Կաթինի մէջ ցրուած աստղերու եւ մոլորակներու ձեւաւորման սկաւառակներուն (Planet forming disk) մէջ: Բայց երբեմն ալ պիտի արձանագրուին մօտակայ աստղերու շուրջ քանի մը փոքր, բարեխառն աշխարհներու լուսապատկերները` հետազօտելով մթնոլորտային ածխաթթուի, ջուրի գոլորշիի, մեթանի, բնակելիութեան եւ կեանքի հետ կապուած այլ տարրերու առկայութիւնը: Որքան ալ հաւանական չէ, «Ուէպ»-ի դժուարութեամբ առնուած լուսապատկերներէն մէկը կրնայ սկզբունքօրէն ապահովել առաջին համոզիչ ապացոյցը, որ մենք տիեզերական առումով մինակ չենք:

WASP-96b արտամոլորակի «Ուէպ»աստղադիտակի լուսապատկերը. լուսապատկերը կը բացայայտէ ջուրի գոլորշիներու, ինչպէս նաեւ ամպերու եւ մշուշի առկայութիւնը այս կազային հսկայ աշխարհի մթնոլորտին մէջ, որ կը գտնուի Երկիր մոլորակէն մօտ 1000 լուսատարի հեռաւորութեան վրայ գտնուող աստղի շուրջ` 3,4-օրեայ կիզիչ ուղեծիրի (orbit) մէջ:

Առաջին նկարներէն ամենաուշագրաւը քիչ առնչութիւն ունի այլ մոլորակային կեանքի որոնումներուն հետ, բայց այնքան տպաւորիչ է, որ հրապուրեց Սպիտակ տունը վերջին վայրկեանին ծրագիրի փոփոխութեան մէջ` առիթ տալով նախագահ Պայտընին կիսուելու աստղադիտակի փառքով` ներկայացնելով զայն աշխարհին, ՆԱՍԱ-ին նախատեսած օրէն մէկ օր առաջ: NIRCam-ի կողմէ նկարահանուած այս նկարը «Ուէպ»-ի «խոր դաշտի» դիտարկումն է SMACS 0723-ի` տիեզերքի խճողուած շրջանի մը, որ լեցուած է կալաքսիներով` որպէս գոհարեղէններ սեւ թաւիշի վրայ:

Այդ կալաքսիական գոհարներուն մեծ մասը կը գտնուի մեզմէ աւելի քան չորսուկէս միլիառ լուսատարի հեռաւորութեան վրայ, սակայն անոնք թերեւս պահած ըլլան իրական գանձ մը, որ կարելի է զայն գտնել մթութեան մէջ` թաքնուած աղօտ ու աղաւաղուած ձեւերով: Կալաքսիներով լի այս պատկերը ամբողջութեամբ կ՛ընդգրկէ երկինքի հատուած մը, որ մօտաւորապէս աւազահատիկի չափ է, որ կը պահուի ձեռքի երկարութեամբ:

«Ուէպ» աստղադիտակի SMACS 0723 կալաքսիներու համախմբան պատկերը կը բացայայտէ հազարաւոր կալաքսիներ, որոնց կարգին են ամենաաղօտներն ու ամենահեռաւորները, որոնք բնաւ նախապէս չեն տեսնուած ենթակարմիր շողերով այսքան յստակութեամբ:

Մտածելով Տիեզերական Արշալոյսի մասին

SMACS 0723-ի հաւաքուած կալաքսիներու հաւաքածոյի զգալի մասը այնքան մեծ է, որ ան կ՛աղաւաղէ շրջապատող տարածութիւնը` ձեւաւորելով պղպջակներու նման «ձգողութենական ոսպնեակ» մը (gravitational lens), որուն միջոցով կը շեղի շատ աւելի հեռաւոր յետնամասի կալաքսիներու աղօտ լոյսը, որ հաւանաբար տիեզերքի առաջին լուսաւոր տարրերէն է: Նման պատկերները` «Ուէպ»-ը կը դարձնեն աւելի ժամանակի մեքենայ, քան լոկ աստղադիտակ մը, որովհետեւ զանոնք ստեղծելով` ան կը հաւաքէ դարեր առաջ արձակուած լոյսը, որ արձակուած է Մեծ պայթիւնէն ընդամէնը քանի մը դարաշրջան ետք` «տիեզերական արշալոյսի» ժամանակ, երբ առաջին աստղերը յայտնուեցան, եւ կ՛ենթադրուի, որ յառաջացան կալաքսիներ: «Հապըլ» տիեզերական աստղադիտակը եւ այլ աստղադիտակներ նման նկարներ առած են, սակայն զգայունութեան պակաս ունեցած են` յայտնաբերելու այն ամենահեռաւոր կալաքսիները, զորս «Ուէպ»-ը կրնայ զանոնք խմբովի երեւան հանել: Այս առարկաները կ՛երեւին երկնքին մէջ ոչ միայն ներքուստ թոյլ եւ անպաճոյճ, այլեւ այնքան հեռու են անցեալին մէջ, որ տիեզերքի հետագայ ընդլայնումները ցրուած են զանոնք: Անոնք այն խուսափողական քարահանքեր են, որ «Ուէպ»-ը պէտք էր որսար նախաձեռնութեան սկիզբէն` 1996-ի «մթին» թեքնիքական զեկոյցէն, որ կը վերաբերէր անոր` «Հապըլ»-էն ետք` որպէս յաջորդ սերունդի տիեզերական աստղադիտակ:

Իմանալով, թէ որքան ժամանակով ետ տեսած է «Ուէպ» SMACS 0723 խոր դաշտը, Ռիէքէ կը յայտնէ, որ լրացուցիչ դիտարկումներ կը պահանջուին` իւրաքանչիւր ձգողութենական ոսպնեակով կալաքսիի համար կարմիր տեղափոխումները (redshifts)(2) չափելու համար: Բայց այն, ինչ արդէն հաստատ է, որ սա տիեզերքի ամենախոր, ամենապարզ ենթակարմիր պատկերն է, որ առ այսօր եղած է: Փաստ մը, որ չի կորիր անոնց համար, որոնք օգնած են զայն մշակելու: ՆԱՍԱ-ի գիտական առաքելութեան տնօրինման պատասխանատու Թոմաս Զուրպաքըն մամուլի ասուլիսի ժամանակ անդրադառնալով նկարին մասին յայտնեց, որ Ուէպի առաջին պատկերները համարեա՛ աչքերը արցունքոտեցուցած են:

Փոնթափըտնին յանձնարարուած էր ներբեռնել եւ այնուհետեւ բաշխել «Ուէպ»-ի չմշակուած տուեալները 30 հոգիէ բաղկացած խմբակին, որ պատրաստեց անդրանիկ պատկերները: Ան եղաւ առաջինը, որ տեսաւ SMACS 0723 խոր դաշտը: Կարճ ժամանակուան համար իր տնային գրասենեակէն ան նայեցաւ տիեզերքի լուսաւոր խորերը` որեւէ այլ երկրային մարդէ մը առաջ: «Ես թերեւս ամբողջ երկու ժամ մը անցուցած եմ` ուղղակի նայելով անոր,- կը յիշէ ան,- նստած իմ նկուղին մէջ, իմ համակարգիչի պաստառին դիմաց` ես ինծի շատ միայնակ զգալով աշխարհին մէջ»: Պատկերը նման լռութիւն յառաջացուց, երբ խմբակին մնացած անդամները տեսան զայն անհատական խումբի հանդիպման ժամանակ: «Այդ մէկը շարժուն էր, – կ՛ըսէ Փոնթափըտն: Այդ սենեակին մէջ գտնուող ամէն մարդ երկար ժամանակ լուռ էր»:

Այս պատկերը տեսնելը` նոյնիսկ պահ մը կորսուած ըլլալը իր անասելի կալաքսիներով լեցուած խորքերուն մէջ, կը նշանակէ գնահատել, թէ որքան յառաջ գացած ենք: Կոտարտի աստղադիտակի տնօրէն Քիթ Փերիշի խօսքերով, «Ուէպ»-ը թեքնիքապէս այնքան սրտաբեկող է, որ` «Չէր ուզեր գոյութիւն ունենալ»: Այսուհանդերձ, ան վերջապէս դիմացաւ` վերապրելով բազմաթիւ մահամերձի փորձառութիւններէ իր տասնամեակներ տեւած արձակման ճանապարհին, եւ այնուհետեւ, յաջողութեամբ գործարկեց Երկիրի սահմաններէն դուրս: Իր ներկայացուցած առաջին խոր դաշտի պատկերը բացայայտում մըն է աւելի հրճուալից ճանապարհորդութեան,  եւ կարելի է ըսել` երանգաւորուած «աստուածայինով». հայեացք մը տալ այդ նորածին կալաքսիներուն, որոնք կը վառին առաջին աստղերու լոյսով, ու տեսնել մեր «ամենասկիզբի» տիեզերական նախնիները, որոնք դուրս կու գան դատարկութենէն` մարմնաւորուելով ու ձեւաւորելով այսօրուան Ծիր Կաթինը, արեւը, Երկիրը եւ մարդը` իրենց հնագոյն վեհութեամբ: Տեղին է նշել, որ որքան շատ մարդ իմանայ «Ուէպ»-ի ծագումին մասին, եւ որքան շատ ան բացայայտէ մեր մասին, այնքան աւելի հրաշք կը թուի անոր եւ մեր գոյութիւնը: Անոնց համար, որոնք ունակ են զայն ընկալելու, այս գիտելիքի մեծ կշիռը կանգ առնել կու տայ հայեցողական տարածութեան մը մէջ` ստիպելով անոր սիրտը դողալ նոյնքան, որքան` որեւէ մէկ քարոզ մը կամ օրհներգ լսած ժամանակ:

«Աստղագիտութիւնը մեզ ստիպելու ու մտածել տալու աւելի մեծ իւրայատուկ կարողութիւն մը ունի, մտածել` մենք մեզի, մեզմէ դուրս եւ կշռել մեր տեղը տիեզերքին մէջ», կ՛ըսէ Կոտարտի մէջ «Ուէպ»-ի նախագիծի գիտաշխատող Ամպըր Սթրաուն: «Հետազօտութիւնն ու բացայայտումը կը ներխուժեն մեր բոլորին ներսիդին. անոնք մեզ մարդ կը դարձնեն: Այս աստղադիտակը պիտի փոխէ տիեզերքի հանդէպ մեր ունեցած ըմբռնումը այնպէս, ինչպէս մենք երբեւէ չենք երազած»:

Ճամբան Մեր Դիմաց

Փոնթափըտն քմահաճօրէն մտածելով` կը յայտնէ. «Ուէպ»-ի արձակումը եւ նախապատրաստական աշխատանքն ու կարգադրումը մինչ այժմ կրնան դիտուիլ որպէս արմատապէս երկու տարբեր աշխարհներու բաժանում: Կայ աշխարհ մը, ուր մենք 10 միլիառ տոլար ներդրած ենք այս բարդ օրիկամիի աստղադիտարանին համար, եւ ան պարզապէս փլուզուեցաւ ինքն իրեն` հսկայական ձախողութեամբ: Եւ յետոյ կայ աշխարհ մը, ուր մենք զարմանալիօրէն կ՛ապրինք հիմա, ուր այս «անյաջողութիւն»-ը իրականութեան մէջ գործի անցած է: «Ուէպ»-ի հետ, եւ ընդհանրապէս աստղագիտութեան հետ,- մեր գացած տեղը բոլորովին այլ տեղ մըն է»:

«Եւ ինչպէս բոլոր աստղագէտներէն շատերը կաթոգին կը յիշեցնեն ձեզի, աստղադիտակի «փոխակերպման» առաքելութիւնը տակաւին նոր սկսած է: Անոր հզօրութիւնը կանխատեսելը բան մըն է, բայց մէկ այլ բան է տեսնել, թէ ի՛նչ կրնայ արտադրել «Ուէպ»-ը,- կ՛ըսէ Քոլոն: -Այս առաջին նկարները պարզապէս «մակերես քերթել» մըն է, «Ուէպ»-ի ունակութեան»:

«Հապըլ»-ի տիեզերքի ամենախոր պատկերը, կը նշէ Փոնթափըտն, տեւած է 14 օր` տիեզերքի նոյն կեդրոնի պարագային: «Ուէպ»-ի խոր դաշտի մրցանշային պատկերը, բոլոր միւս նկարներուն հետ միասին, որոնք հրապարակուեցան, ընդհանուր առմամբ յառաջացած են ընդամէնը 5 օրուան դիտարկումով: Գիտէ՞ք` մենք չէինք փորձեր ոեւէ մէկուն յայտնել, թէ այս մէկը յաւերժօրէն ամենախոր դաշտն է,- կ՛ըսէ ան: – «Ինչ որ ըրած ենք, Ուէպն օգտագործող այլ գիտնականներ այժմ աւելի լաւը կրնան ընել եւ աւելի արագ ձեւով»:

«Այս ապշեցուցիչ քայլափոխը,- կ՛ըսէ Ճէյն Ռիկպի` Կոտարտի աստղադիտակի շահագործման նախագիծի գիտնականը,- «Ուէպ»-ը կը դարձնէ «Bugatti» մարզական ինքնաշարժ»:

«Այդ մէկը նման է 3 մղոն/ժամ արագութեան փոխարէն` 300մղոն/ժամ արագութեամբ երթալ, – կ՛ըսէ ան: – «Եւ հիմա մենք իրականութեան մէջ կը պատրաստուինք այս բանը դուրս բերել մրցադաշտ: Այսպիսով, որքա՞ն խոր եւ որքա՞ն հեռու կրնանք երթալ, երբ զայն կը բարձրացնենք եւ ուժգին կը հրենք: Ես նոյնքան ոգեւորուած եմ, որքան բոլորը` այս առաջին նկարներով»:

(1)  Միգամածութիւն- Միջաստղային ամպերու ակնյայտ մարմին: Միգամածութիւնները յաճախ աստղաստեղծ շրջաններ են:

(2)  Կարմիր տեղափոխումները- աստղագետներու համար հիմնական հասկացողութիւն մը. այն երեւոյթը, երբ լոյսի ալիքի երկարութիւնը կը քաշուի (stretch), ուստի լոյսը կը դիտուի որպէս «տեղափոխուած» դէպի լուսապատկերի կարմիր մասը: Նման բան տեղի կ՛ունենայ նաեւ ձայնային ալիքներու հետ, երբ ձայնի աղբիւրը կը շարժի ըստ դիտորդին: Աստղագէտները կ՛օգտագործեն «կարմիր» եւ «կապոյտ» տեղափոխումները` եզրակացնելու, թէ որքան հեռու է տուեալ առարկան Երկիրէն, այս հայեցակարգը առանցքային է տիեզերքի ընդլայնումը գծագրելու համար:

Աղբիւր` Scientific American

aztagdaily.com/archives/552515

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail