Անդրադարձ – Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Բաց Նամակ` Հայաստանի Հանրապետութեան Անարժան Վարչապետին – ԱՂԱՒՆԻ ՍԱՐԵԱՆ
23 ՅՈՒԼԻՍ 2022 – ԱՂԱՒՆԻ ՍԱՐԵԱՆ:
ԱՂԱՒՆԻ ՍԱՐԵԱՆ
Այլեւս բա՛ւ է: Դանակը հասաւ ոսկորին: Տարիներ շարունակ հայրենիքին, Հայ դատին եւ ֆրանսահայութեան համար աշխատած ու պայքարած Մուրատ Փափազեանին կ՛արգիլուի Հայաստան մուտք գործել:
Հայրենիքին դռները կ՛ուզես բանալ թուրքերուն առջեւ եւ կը մերժես հայրենասէր գործիչի մուտքը: Թուրքերո՞վ կ՛ուզես պաշտպանուիլ հայրենասէրներէն: Քու արարքներդ կը փաստեն, որ ոչինչ սորված ես հայոց պատմութենէն:
Պատասխանատու ես`
– Արցախի կորուստին,
– Հազարաւորներու մահուան,
– Թշնամիին` հայրենիք թափանցումին,
– Ժողովուրդի պառակտումին:
Եթէ հայոց պատմութիւնը լաւ կարդացած ըլլայիր, կ՛իմանայիր, թէ քեզի նման ժամանակաւոր իշխանութիւն ստանձնողները ինչպէս կը հեռանային քաղաքական բեմէն:
Կիպրոս, 15 յուլիս 2022
aztagdaily.com/archives/552883