27 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2016
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեանի կարծիքով, Ատրպէյճան կը փորձէր Լեռնային Ղարաբաղի հարցը այլ ատեաններ տեղափոխել, սակայն ԵԽԽՎ-ի մէջ Ատրպէյճան մեծ ապտակ ստացաւ, քանի որ եւրոպական այդ կառոյցը մերժեց Ռապըրթ Ուոլթըրի` «Բռնութիւններու աճը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի այլ գրաւեալ տարածքներուն մէջ» զեկոյցը:
Ըստ «Երկիր մետիա»-ի՝ Կիրօ Մանոյեանի կարծիքով, Ատրպէյճանին այս փաստը մտածելու առիթ պէտք է տայ: Դաշնակցութեան ներկայացուցիչը նոյնիսկ հեգնած է, թէ միւս անգամ Ատրպէյճան ստիպուած պիտի ըլլայ աւելին վճարելու:
Կիրօ Մանոյեանի գնահատումով, բուռն կորպով աշխատեցան Հայ Դատի գրասենեակները, հայկական պատուիրակութիւնը, նաեւ` Հայաստանի արտաքին գերատեսչութիւնը, սակայն անոր կարծիքով, ապագային պէտք է առաջնորդուիլ «յարձակումը ամենալաւ պաշտպանութիւնն է» սկզբունքով եւ նոյն եւրոպական այդ կառոյցներուն մէջ հանդէս գալ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի դիրքերը ամրապնդող նոր բանաձեւերով:
Ինչ կը վերաբերի ԵԽԽՎ-ի կողմէ որդեգրած «Ատրպէյճանի սահմանամերձ շրջաններու բնակչութիւնը միտումնաւոր զրկուած է ջուրէ» զեկոյցին, որ ընդունուեցաւ, Կիրօ Մանոյեանի կարծիքով, ատիկա հաւասարակշռութիւն պահելուն միտուած էր, սակայն բանաձեւին մէջ կատարուած փոփոխութիւնները զայն անհեթեթ փաստաթուղթ մը դարձուցած են: «Այդ զեկոյցին նպատակը յայտարարուեցաւ, թէ մարդասիրական է, մին դեռ անիկա շատ քաղաքականացուած էր:
Փոփոխութիւն կատարուեցաւ, որ Սարսանգի ջրամբարին հետ կապուած բռնազաւթած տարածքներուն մէջ հնարաւորութիւն տրուի միջազգային մասնագէտներուն ուսումնասիրութիւն կատարելու: Միւս կողմէ ալ կողմերուն կոչ կը կատարուի երթալու համագործակցութեան: Զիրար հակասող ձեւակերպումներ են»,- մեկնաբանած է Մանոյեան:
ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com