Իշխան Սաղաթէլեան – «Ընդդիմութիւնը Քաղաքացիական Պայմանագիրի Կամ Կառավարութեան Նախաձեռնած Նիստերուն Պիտի Չմասնակցի»

TOWARDS THE ARMENIAN MOUNTAINS - GO TO THE TERRITORY OF ARMENIAN ORIGINS «LOUSAVOR AVEDIS»

Իշխան Սաղաթէլեան – «Ընդդիմութիւնը Քաղաքացիական Պայմանագիրի Կամ Կառավարութեան Նախաձեռնած Նիստերուն Պիտի Չմասնակցի»

25 ՅՈՒԼԻՍ 2022 – ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձած է աշնան ընդդիմութեան` Ազգային ժողով վերադառնալ-չվերադառնալու հարցին մասին, ինչ որ տարաբնոյթ մեկնաբանութիւններու առիթ տուած է: «Նիուզ»-ը Իշխան Սաղաթէլեանէն պարզաբանում խնդրեց` կա՞յ արդեօք փոփոխութիւն նախկին դիրքորոշումներուն մէջ կամ առկա՞յ են նոր որոշումներ:

«Վստահաբար որեւէ փոփոխութիւն չկայ մեր նախկին դիրքորոշումներուն մէջ: Ի միջի այլոց, ըսած եմ այն, ինչ որ կ՛ըսենք վերջին երեք ամիսներուն ընթացքին, պարզապէս որոշ լրատուականներու մէջ պարունակէն դուրս վերնագիր տրուեցաւ, որ ինչ որ շրջանակներու կողմէ շահարկուեցաւ: Ամէն պարագայի անգամ մը եւս կրկնեմ այն, ինչ որ ըսած եմ. եթէ ընդդիմութիւնը խորհրդարան երթայ, ապա պիտի երթայ բացառապէս իր օրակարգով, այն օրակարգով, որ ձեւաւորած է մեր ժողովուրդը, որուն համար կը պայքարի «Դիմադրութիւն» շարժումը: Այդ օրակարգը շատ յստակ է` Նիկոլի հեռացում եւ Հայաստանի ու Արցախի կենսական հարցերու լուծման մեր նախաձեռնութիւնները: Մենք անոր նախադէպերը ունինք, օրինակ, երբ 3 յունիսին մեր օրակարգով հրաւիրեցինք արտահերթ նիստ, «Շուշիի հռչակագիր»-ին վերաբերեալ, խօսքս նմանատիպ դէպքերու մասին է, այսինքն մեր պահանջով եւ մեր օրակարգով: Մնացածը անտեղի շահարկումներ են, որոնց ուշադրութիւն դարձնել պէտք չէ», նշեց Իշխան Սաղաթէլեան:

Ճշդող հարցին` այսինքն, եթէ իշխող խմբակցութիւնը նախաձեռնէ քննարկում, կամ կառավարութիւնը բերէ նշուած հարցերուն վերաբերեալ նախագիծ, դուք պիտի մասնակցի՞ք, թէ՞ ոչ, Իշխան Սաղաթէլեան պատասխանեց. «Ո՛չ, վստահաբար, քանի որ այս իշխանութիւնը Հայաստանի կամ Արցախի շահերը սպասարկելու փոխարէն, կը սպասարկէ թուրք-ազրպէյճանական շահը, հետեւաբար իրենք խորհրդարան չեն կրնար բերել հայանպաստ օրակարգ, որուն մենք ալ մասնակցինք»:

aztagdaily.com/archives/553179

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail