«Հայաստանն ու Իրանը Թուրքիոյ Խորհուրդին Կարիքը Չունին» Կ՛ըսէ Իրանցի Երեսփոխան Հէյտարի

Արեւմտահայերէն Լրատուական Կայք «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

«Հայաստանն ու Իրանը Թուրքիոյ Խորհուրդին Կարիքը Չունին» Կ՛ըսէ Իրանցի Երեսփոխան Հէյտարի

25 ՅՈՒԼԻՍ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Իրանի խորհրդարանի արտաքին քաղաքականութեան եւ ազգային անվտանգութեան յանձնախումբի սահմանային հարցերով յանձնախումբի նախագահ Շահրիար Հէյտարի Հայաստան-Իրան սահմանին վերաբերեալ յայտարարութիւն կատարած է` շեշտելով, որ Իրանն ու Հայաստանը կարիքը չունին այս հարցով երրորդ կողմի, ներառեալ Թուրքիոյ խորհուրդին: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` այդ մասին կը տեղեկացնէ իրանեան ԻՐԻՊ պատկերասփիւռի ընկերութիւնը:

Շահրիար Հէյտարի այդ խօսքերը ըսած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէիի` Թուրքիոյ նախագահին ուղղած խօսքերը մեկնաբանելով:

«Ինչպէս յայտարարած է հոգեւոր առաջնորդը` Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը պիտի չարտօնէ, որ Իրանի եւ Հայաստանի սահմանը արգելափակուի», ընդգծած է Հէյտարի:

Մատնանշելով Հայաստանի Հանրապետութեան ռազմավարական դիրքը` իրանցի երեսփոխանը ըսած է, որ ատիկա Հայաստանի համար ստեղծած է բազմաթիւ խնդիրներ, որոնցմէ մէկը եղած է Ազրպէյճանի հետ տագնապը Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ: Սակայն ըստ Շահրիար Հէյտարիի, խնդիրը պէտք է լուծուի լրջօրէն եւ դիւանագիտութեան ճամբով:

«Իրանը միշտ հաւատացած է, որ երկու երկիրները խնդիրը պէտք է լուծեն քաղաքական ճամբով: Արտատարածաշրջանային որոշ ուժեր կ՛ուզեն Հայաստանի տարածքով Նախիջեւան տանող միջանցք ստեղծել, որ Իրանը լուսանցքի մղեն, սակայն Հայաստանն ու Իրանը կը շեշտեն, որ շրջանի երկիրներու տարածքային ամբողջականութիւնը պէտք է պահպանուի:

«Մենք Հայաստանի հետ ունինք 47 քիլոմեթր հասարակաց սահման, որուն մէկ մասը Արաքս գետի սահմանն է, եւ պիտի չարտօնենք, որ որեւէ ձեւով վնաս հասցուի այդ սահմաններուն: Իրանի եւ Հայաստանի սահմանը միշտ անվտանգ եղած է, ատոր անվտանգութեան համար երկու երկիրներն ալ կը ջանան եւ կը կանխարգիլեն որեւէ անօրինական երթեւեկ ու սահմանային ոտնձգութիւն, եւ մենք որեւէ երրորդ կողմի, ինչպէս օրինակ` Թուրքիոյ խորհուրդին կարիքը չունինք», յայտարարած է Հէյտարի:

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի 19 յուլիսին ընդունած էր Իրանի եւ Ռուսիոյ նախագահներուն հետ եռակողմ հանդիպման նպատակով Թեհրան հասած Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը` շեշտելով, որ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը դէմ պիտի ըլլայ Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ սահմանի արգելափակման քաղաքականութեան:

Ան Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպումի ընթացքին եւս ընդգծած էր, որ Իրան պիտի չհանդուրժէ այն քաղաքականութիւնն ու ծրագիրները, որոնք կը յանգեցնեն Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ սահմանի փակման:

aztagdaily.com/archives/553184

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail