Արցախի Մէջ Վանական Համալիրի Տարածքը Մաքրելու Ընթացքին Աձանագրութիւններով Խաչքար եւ Տապանաքար Յայտնաբերուած Են

ԲԱՐԻ ԳԱԼՈՒՍՏ ԽՈՅԻ(ՀԱՅԻ) ԴԱՐԱՇՐՋԱՆԻՆ, ՈՐԸ ՊԻՏԻ ՋՆՋԻ ՁԿԱՆ ԹՈՂԱԾ ԱՐՀԱՎԻՐՔԸ, ՈՐԸ ԳԼԽԻՑ ԱՐԴԵՆ ՀՈՏԱԾ ԷՐ...

Արցախի Մէջ Վանական Համալիրի Տարածքը Մաքրելու Ընթացքին Աձանագրութիւններով Խաչքար եւ Տապանաքար Յայտնաբերուած Են

26 ՅՈՒԼԻՍ 2022 – Արցախի հնագոյն պատմամշակութային վայր:

Արցախի հնագոյն պատմամշակութային վայրերէն մէկուն՝ Բռի Եղցի վանական համալիրին տարածքը բուսածածկոյթէն ու հողածածկոյթէն մաքրելու ընթացքին բացայայտուած են խաչքար մը եւ տապանաքար մը՝ իրենց արձանագրութիւններով։

Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Արցախի թեմին փոխանցած տեղեկութիւններով՝ Արցախի թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեանի օրհնութեամբ՝ Յուլիս 21-ին, Արցախի հնագոյն պատմամշակութային վայրերէն մէկուն մէջ՝ Բռի Եղցի վանական համալիր, իրականացուած են մաքրապատման աշխատանքներ։

«Օրհնաբեր այս գործողութիւնը ի կատար ածուեց Արցախի թեմի, «Պատմական միջավայրի պահպանութեան պետական ծառայութիւն» ՊՈԱԿ-ին, ինչպէս նաեւ Արցախի թեմի երիտասարդաց միութեան անդամներուն համատեղ ջանքերով եւ Տիկին Վիրճինիա Տէյվիսի ու SAVE ARMENIAN MONUMENTS (SAM) կազմակերպութեան հովանաւորութեամբ։

Աշխատանքը իրականացուեցաւ արժանապատիւ Տէր Մատթէոս քահանայ Դրաւանցի կազմակերպմամբ ու ներկայութեամբ։ Իրենց աջակցութիւնն ու ներկայութիւնը ապահովեցին նաեւ Հոգեշնորհ Տէր Դերենիկ աբեղայ Սահակեանն ու Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ բարեշնորհ սարկաւագները։

Մշտապէս Արցախի կողքին կանգնած յարգարժան դոկտոր Մարինէ Մխիթարեան-Լազարիտուն թէ՛ կազմակերպչական եւ թէ՛ աջակցութեան առումով նոյնպէս մասնակիցը դարձաւ այս սուրբ գործին։ Մաքրապատման միացան նաեւ Հացի գիւղի երիտասարդները՝ գիւղապետի գլխաւորութեամբ, որոնք իրենց աշխոյժ մասնակցութեամբ մեծապէս նպաստեցին աշխատանքներուն։ Հոգեւորականաց դասի առաջնորդութեամբ՝ ներկաները աղօթքով սկսան բարեկարգման աշխատանքները»,- յայտնած են Արցախի թեմէն

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail