Անկախ Անկէ Հայաստանցիներուն Համար Հաճելի է, Թէ՝ Ոչ, Ազրպէյճանն ու Մենք Մէկ Ազգ Երկու Պետութիւն Ենք. Չաւուշօղլու
26 ՅՈՒԼԻՍ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն հարցազրոյց տուած է պետական «TRT»-ին՝ անդրադառնալով հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի ներկայ փուլին: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ermenihaber.am-էն։
Լրագրողի հարցին ի պատասխան՝ Չաւուշօղլուն յիշեցուցած է վերջերս տեղի ունեցած Էրտողան-Փաշինեան հեռախօսազրոյցը՝ ըսելով, որ այդ ընթացքին իրենց նախագահը ներկայացուցած է թրքական կողմին տեսակէտները:
Ապա նշած է, որ կը շարունակուի վստահութիւնը բարձրացման միտուած քայլերու իրականացումը՝ շեշտելով, որ «Թուրքիան, իբրեւ մեծ պետութիւն, աւելի շատ ժեստեր կ՝ընէ եւ ատիկա բնական է»:
Թուրքիոյ ԱԳ նախարարը նաեւ անդրադարձած է Հայաստան-Ազրպէյճան բանակցութիւններուն՝ մանրամասնելով, որ անոնց ընթացքին համաձայնեցուած են սահմանային համատեղ յանձնաժողովի, Ազրպէյճանի առաջարկած խաղաղութեան պայմանագրի ու «Զանգեզուրի նախագիծ»-ի հետ կապուած հարցեր:
Այս ծիրէն ներս, Չաւուշօղլուն առեւտուրի տեսանկիւնէն մեծապէս կարեւոր համարած է «Միջին միջանցք» հասկացութիւնը:
Անդրադառնալով կարգաւորման համար անհրաժեշտ յստակ քայլերուն՝ թուրք նախարարը խօսած է իրենց կողմէն ակնկալուող Հայաստանի քայլերուն մասին.
«Մինչեւ այս պահը ուղերձներ ու յայտարարութիւններ կան, ճիշդ է ճնշում ալ կայ՝ դուրսէն Սփիւռքը, ներսէն՝ ֆանաթիք (մոլեռանդ,- ԵՌԱԳՈՅՆ) խումբերը: Սակայն, ինչ կը վերաբերի յստակ քայլերուն, Հայաստանի կողմէ այդ յստակ քայլերը դեռ չենք տեսած՝ ներառեալ Զանգեզուրի նախագիծը, միւս նախագիծերու կամ համապարփակ խաղաղութեան պայմանագրի հարցով:
«Այսինքն Փաշինեանի գլխաւորած իշխանութիւնը այս հարցերուն մէջ խաղաղութեան համար արդէն պէտք է դրական քայլեր ընէ, խօսքերը բաւարար չեն»:
Չաւուշօղլուն հայ-թրքական գործընթացին մէջ շեշտած է Ազրպէյճանի կարեւորութիւնը՝ ընդգծելով, որ թէեւ այս գործընթացը կ՝ընթանայ երկկողմ մակարդակով, սակայն ատիկա իրականութեան մէջ եռակողմ գործընթաց է, քանի որ իրենք ամէն ինչ կը համակարգեն Ազրպէյճանի հետ:
«Ատիկա իրողութիւն է՝ անկախ անկէ թէ հայաստանցիներուն համար հաճելի է, թէ՝ ոչ. մենք մէկ ազգ երկու պետութիւն ենք:
«Այսպիսով՝ եթէ տարածաշրջանին մէջ պէտք է խաղաղութիւն ըլլայ, ասիկա «1 ազգ 2 ժողովուրդ» սկզբունքէն անկախ կ՝ըսեմ, բոլորը պէտք է վճռական քայլ ընեն. ատոր մէջ նոյնիսկ Վրաստանն ալ կայ, Միջին Ասիոյ երկիրներու մասին արդէն խօսեցայ: Այս ուղղութեամբ առնուելիք քայլերը բոլորի օգտին են, Հայաստանէն ալ այս հարցով կը սպասենք յստակ քայլեր. ատիկա պիտի ըլլայ համապարփակ խաղաղութեան պայմանագիրը, Զանգեզուրը, թէ մեր ուղղութեամբ կատարուելիք քայլերը: Յստակ քայլեր կը սպասենք, քանի որ Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը կայունութիւն եւ խաղաղութիւն կ՝ուզեն: Հայաստանն ալ պէտք է ցոյց տայ, որ ինք ալ ատիկա կ՝ուզէ»,- եզրափակած է թուրք նախարարը:
yerakouyn.com/2022/07/21/անկախ-անկէ-հայաստանցիներուն-համար-հա/