ԵԽԽՎ-ի Նոր Քարտուղարը Կը Մեղադրուի Ալիեւի Հետ Կաշառակերութեան Կապերով

Pedro-Agramunt
27 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2016

Եւրոպայի Խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահի պաշտօնին սպանացի պատգամաւոր Փետրօ Ակրամունտի ընտրուիլը միանշանակ չէ ընդունուած:

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վարչակարգին հետ կաշառակերութեան կապերու մէջ անունը շրջանառուելուն, Ատրպէյճանի գիծով համազեկուցող եղած ժամանակ այդ երկրին մէջ առկայ քաղաքական բռնաճնշումներուն վրայ  աչք փակելու գործողութիւնները եւրոպական մամուլին մէջ դարձեալ օրակարգ եկած է, յատկապէս, ԵԽԽՎ քարտուղար  նշանակուելէն անմիջապէս ետք:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»­ը, մասնաւորապէս, գերմանական Deutsche Welle­ն գրած է, որ «Ատրպէյճանի գիծով համազեկուցող եղած ժամանակ թանկարժէք նուէրներու դիմաց Փետրօ Ակրամունտը «չէր տեսներ» այդ երկրին մէջ բռնաճնշումները»: Թերթը անդրադարձած է Ուքրանիոյ ճգնաժամին հետ կապուած Ակրամունտի երկակի եւ հակասական յայտարարութիւններուն եւ Ատրպէյճանի կողմէ երկար ժամանակ իրագործուող «խաւիարային դիւանագիտութեան»` նշելով, որ շատ դժուար է Ակրամունտը «մամուլի սիրելի» անուանել:

«Քանի մը տարի առաջ «Եւրոպայի կայունութեան նախաձեռնութիւն» կազմակերպութիւնը Ակրամունտը մեղադրած է կաշառակերութեան գործողութիւններու մէջ: Կազմակերպութիւնը Փետրօ Ակրամունտը ներկայացուցած էր որպէս Ատրպէյճանի «խաւիարային դիւանագիտութենէն» ուրախութեամբ օգտուող ԵԽԽՎ երեք պատգամաւորներէն մէկը: «Խաւիարային դիւանագիտութիւն» եզրոյթը առաջին անգամ գործածուած է Ատրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու խախտումներու վերաբերեալ «Եւրոպայի կայունութեան նախաձեռնութիւն» կազմակերպութեան զեկոյցին մէջ: Խօսքը այն մասին էր, թէ ինչպէս  պաշտօնական Պաքուն մարդու իրաւունքներու ոտնահարումներուն նկատմամբ աչք փակելու համար թանկարժէք նուէրներով կը լռեցնէ Եւրոպայի Խորհուրդը:

«Եւրոպայի կայունութեան նախաձեռնութեան» փորձագէտները կը յայտնէին, որ այդ ժամանակ Ատրպէյճանի գիծով ԵԽԽՎ-­ի համազեկուցող եղած Ակրամունտը կը գովաբանէր Իլհամ Ալիեւի վարչակարգի քայլերը` «չտեսնելու տալով» այդ երկրին մէջ քաղաքական ճնշումները եւ մարդու իրաւունքներու կոպտագոյն խախտումները», – կը ­գրէ Deutsche Welle­ն:

ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail