Իշխան Սաղաթէլեան – «Հայաստանին Եւ Արցախին Սպասող Վտանգը Չէզոքացնելու Մէկ Ճամբայ Կայ` Գործող Իշխանութեան Հեռացումը»

ԴԷՊԻ ԵՐԿԻՐ - ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

Իշխան Սաղաթէլեան – «Հայաստանին Եւ Արցախին Սպասող Վտանգը Չէզոքացնելու Մէկ Ճամբայ Կայ` Գործող Իշխանութեան Հեռացումը»

28 ՅՈՒԼԻՍ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ:

Եթէ ընդդիմութիւնը երթայ խորհրդարան, պիտի վերադառնայ բացառապէս իր օրակարգով, մեր մօտեցումներուն մէջ ոչինչ փոխուած է: Այս մասին «Նիուզ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեանը` անդրադառնալով իր աղմուկ հանած յայտարարութեան, թէ ընդդիմութիւնը սեպտեմբերին իր օրակարգով պիտի վերադառնայ Ազգային ժողով:

«Մեր օրակարգը շատ յստակ է` Հայաստանի անվտանգութիւնը եւ Արցախը: Մենք այլեւս չենք պատրաստուիր այլ օրակարգով ըլլալ խորհրդարանին մէջ: Ակնյայտ է, որ Ազգային ժողովին մէջ կայ խորհրդարանական ճգնաժամ: Մենք պիտի չխուսափինք անհրաժեշտութեան պարագային խորհրդարան վերադառնալէ, ինչպէս 3 յունիսին էր, երբ մենք մեր օրակարգով գացինք խորհրդարան, եւ բացակայ էր քաղաքական մեծամասնութիւնը: Մենք որեւէ ձեւով կաշկանդուած չենք, երբ նպատակայարմար կը գտնենք մեր ձեւաւորած օրակարգով երթալ խորհրդարան, մենք կ’երթանք, բայց ատիկա չ՛ենթադրեր, որ մենք ունինք որոշում, որ այլեւս պոյքոթի պիտի չենթարկենք Ազգային ժողովի աշխատանքը եւ պիտի վերադառնանք խորհրդարան», ըսաւ Սաղաթէլեան` աւելցնելով, որ իրենց բոլոր նախաձեռնութիւնները մերժուած են քաղաքական մեծամասնութեան կողմէ:

Խորհրդարանական ընդդիմութիւնը ինչ որ փուլի մը վարչապետը հարցապնդումի ենթարկելու օրակարգով պիտի երթայ խորհրդարան, բայց ատիկա սեպտեմբերին պիտի չըլլայ:

«Սեպտեմբերին վստահ ոչ, բայց ինչ որ փուլի մը այո», նշեց Իշխան Սաղաթէլեան:

«Արցախն ու Հայաստանը փրկելու համար անհրաժեշտ է հեռացնել այս իշխանութիւնները, իսկ անոր ճամբան լայն ժողովրդական ճակատի ճնշման տակ ասոնց հեռացման հասնիլն է: Հեռացման երկու ճամբայ կայ` հրաժարական եւ պաշտօնանկութիւն: Այս երկու գործիքներն ալ մեզի համար ընդունելի են:

Երբ հասնինք այդ մակարդակին, համաժողովրդական լայն ընդվզումը ըլլայ, երկու ճամբաներով ալ կարելի է հասնիլ իշխանութիւններու հեռացման: Մենք ըսած ենք, որ 2 օգոստոսէն սկսեալ մեր գործիքակազմին պիտի աւելնայ նաեւ պաշտօնանկութիւնը», ըսաւ ան:

Սաղաթէլեան նշեց, որ այս փուլին շատ աշխուժ նախապատրաստական աշխատանքներու մէջ են, յառաջիկայ հանրահաւաքին պիտի ախտորոշեն իրենց անցած ճամբան, իսկ սեպտեմբերէն աւելի կազմակերպուած եւ աւելի լայն թափով պիտի մտնեն պայքարի մէջ:

aztagdaily.com/archives/553396

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail