Հայ Պաշտօնեաները Կը Կեղծեն Փափազեանի՝ Հայաստան Մուտքը Արգիլելու Պատճառը – ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

Հայ Պաշտօնեաները Կը Կեղծեն Փափազեանի՝ Հայաստան Մուտքը Արգիլելու Պատճառը – ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

28 ՅՈՒԼԻՍ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ  

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ  

Անցեալ շաբաթ գրած էի աղմկայարոյց դէպքի մը մասին, երբ հայ պաշտօնեաներ թոյլ չէին տուած ֆրանսահայ համայնքի ղեկավար Մուրատ Փափազեանին, որ իր կեանքը նուիրած է Հայ Դատի պաշտպանութեան, մուտք գործել Հայաստան՝ Երեւանի օդակայան ժամանելէն ետք։ Թէեւ օդակայանին մէջ Փափազեանի բազմաթիւ անգամներ ուղղած հարցումին, թէ ինչո՛ւ հայ պաշտօնեաները կ՛արգիլեն իր մուտքը երկիր, ոչ մէկ պատասխան տրուած է: Այժմ մեկնաբանեմ այս հարցի վերջին զարգացումները:

Սկիզբը, պետական պաշտօնեաներ լրատուական միջոցներու ըսին, որ չեն կրնար բացայայտել Փափազեանի վռնտուելուն պատճառը՝ անոր անձնական կեանքի իրաւունքը չխախտելու համար: Երբ Հայաստանի մէջ Սփիւռքի հարցերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանի առաջին անգամ հարցուցին, թէ ինչո՛ւ Փափազեանին արգիլած են մուտք գործել երկիր՝ ան ըսաւ, որ ինք գաղափար չունի այդ հարցի մասին: Այնուհետեւ Սինանեան սխալմամբ պնդեց, որ Փափազեանի գլխաւորած կազմակերպութիւնը՝ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը (CCAF), իրաւունք չունի ներկայացնելու ամբողջ ֆրանսահայ համայնքը, որովհետեւ եղած-չեղածը մէկ կազմակերպութիւն է: Հակառակ Սինանեանի յայտարարութեան՝ CCAF-ը ոչ թէ մէկ կազմակերպութիւն, այլ ֆրանսահայ շուրջ 60 կազմակերպութիւններու համախմբում է:

Աւելի ուշ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի անանուն օգնականներէն մէկը անցեալ շաբաթ ծաւալուն հարցազրոյց մը տուաւ ,Արմէնփրէսե գործակալութեան՝ պնդելով, որ Փափազեանին արգիլած են մուտք գործել Հայաստան՝ ,Օտարերկրացիներու մասինե Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի 8րդ յօդուածի ,1.գե եւ ,1.զե կէտերը խախտելուն համար:  Օգնականը շարունակեց՝ պնդելով, որ Փափազեան այն մարդոցմէ է, որ 1 Յունիս  2021ին Փարիզի մէջ յարձակած է Փաշինեանի ինքնաշարժներու շարասիւնին վրայ: Ի՞նչ պատահեցաւ կառավարութեան սկզբնական պատճառաբանութեան, ըստ որուն չէր կրնար բացայայտել Փափազեանի վտարման պատճառը՝ պաշտպանելու համար անոր անձնական կեանքի իրաւունքը: Անոր վտարման իրական պատճառը վարչապետի անհանդուրժողականութիւնն է հանդէպ ամէն մարդու, որ կը համարձակի ընդդիմանալ իր վարչակարգին:

Ահա՛ իրական փաստերը.  ես ճշդեցի, որ Փափազեան չէ մասնակցած Փաշինեանի ինքնաշարժներու շարասիւնի վրայ որեւէ յարձակման, որովհետեւ ան հոն ներկայ չէ եղած: Բողոքի արարքը տեղի ունեցած է խումբ մը երիտասարդներու կողմէ, որոնք, դժբախտաբար, լոլիկ նետած են Փաշինեանի ինքնաշարժներու շարասիւնին վրայ: Օտար հողի վրայ պատշաճ չէ նման բան ընել Հայաստանի ղեկավարին նկատմամբ: Այսուամենայնիւ, անցեալ տարուան միջադէպը Հայաստանի կառավարութիւնը այնքան անկարեւոր համարած էր, որ Փարիզի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը նոյնիսկ բողոք չէր ներկայացուցած Ֆրանսայի իշխանութիւններուն:

Երկրորդ՝ շատ տարօրինակ է, որ 1 Յունիս 2021ին, Փարիզի մէջ տեղի ունեցած ինքնաշարժներու շարասիւնի միջադէպէն ետք, Փափազեան չորս տարբեր առիթներով այցելած է Հայաստան, եւ Երեւանի օդակայանին մէջ ոչ ոք խոչընդոտած է անոր մուտքը: Եթէ վարչապետին օգնականը լուրջ կը վերաբերի Փափազեանին ուղղուած իր անհիմն մեղադրանքին, ինչո՞ւ կառավարութիւնը չ՛արգիլեր անոր մուտքը Հայաստան՝ մէկ տարի շարունակ, այլ՝ միայն անոր հինգերորդ այցելութեան ատեն: Վարչապետին օգնականը, այսպիսով, կ՛ընդունի, որ Հայաստանի պաշտօնեաները այնքան անձեռնհաս են, որ նոյնիսկ չեն կրնար պատշաճ կերպով իրականացնել իրենց սեփական որոշումները:

Աւելին, Փաշինեանի օգնականը ստապատիր կերպով պնդած է, որ Փարիզի միջադէպին մասին մամուլին մէջ կան հրապարակումներ, որոնց կարգին՝ տեսանիւթեր համացանցի վրայ, որոնք ցոյց կու տան Փափազեանի եւ միւսներուն բողոքը: Փաստը այն է, որ նման տեսանիւթ չկայ, որ ցոյց կու տայ Փափազեանի մասնակցութիւնը այդ բողոքի արարքին, պարզապէս այն պատճառով, որ ան հոն ներկայ չէ եղած: Եթէ նման տեսանիւթ մը ըլլար, Հայաստանի կառավարութիւնը զայն լայնօրէն կը տարածէր՝  Փափազեանի մեղքը ապացուցելու համար:

Որովհետեւ վարչապետին օգնականը Փափազեանին ուղղած իր մեղադրանքը հիմնաւորած է ,Օտարերկրացիներու մասինե Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի 8րդ յօդուածի ,1.գե եւ ,1.զե կէտերով, զիս  հետաքրքրեց այն, որ նոյն օրէնքի 8րդ  յօդուածի 6րդ կէտին մէջ նշուած են հետեւեալ պետական պաշտօնեաները միայն, որոնք իրաւասութիւն ունին տեսնելու Հայաստան մուտքի արգելք ունեցող մարդոց սեւ ցանկը՝ ,Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմ, Ազգային անվտանգութեան գործակալութիւնը, ոստիկանութեան լիազօրուած պաշտօնեաները, ԱԳՆ պաշտօնեաները, դատարանները եւ դատախազութիւնըե: Կարեւոր է նշել, որ ո՛չ անձամբ վարչապետը, ոչ ալ անոր օգնականները կան ցանկին վրայ այն պաշտօնեաներուն, որոնք իրաւասութիւն ունին եսնելու սեւ ցանկը: Փաշինեանի օգնականը ուրկէ՞ գիտցած է, որ Փափազեանի անունը սեւ ցանկին վրայ է, եւ թէ ինչո՛ւ արգիլուեր է անոր մուտքը երկիր: Ասիկա օրէնքի ակնյայտ խախտում է. այն նոյն օրէնքին, զոր մէջբերած է Փաշինեանի օգնականը՝ արդարացնելու համար Փափազեանի մուտքի արգելքը:

Ժողովրդավարական օրինաւոր երկրի մը մէջ այս օգնականը եւ անոր վերադասները քրէական պատասխանատուութեան կ՛ենթարկուէին, օրէնքը խախտած ըլլալնուն  համար: Այն, ինչը անոնք ըրած են Փափազեանի նկատմամբ, իշխանութեան չարաշահում է: Հայաստանը Փաշինեանի սեփական տունը չէ, որ ան որոշէ, թէ զո՛վ ներս պիտի առնէ եւ որո՞ւն պիտի արգիլէ:

Վերջապէս, մինչ կառավարութիւնը զբաղած է արգելափակելով հայրեասէր հայու մը մուտքը երկիր, ընկերային ցանցերու վրայ լայնօրէն տարածուած տեսանիւթի մը մէջ կ՛երեւի, թէ ինչպէ՛ս թուրք ծայրայեղականը Երեւան, Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիրին մէջ, լեզուն դուրս հանած, գայլի պէս կ՛ոռնայ, ջղագար կը քրքջայ, կը ծաղրէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ թրքական ,Գորշ գայլերե ահաբեկչական խմբաւորման ձեռքի շարժումը կ՛ընէ՝ կրելով թրքական ֆութպոլի ակումբի դրօշը, ուր պատկերուած են կիսալուսինը եւ աստղը՝ Թուրքիոյ Հանրապետութեան խորհրդանիշը: Թէեւ ոստիկանութիւնը միշտ չէ, որ կրնայ կանխել այսպիսի այլանդակ միջադէպեր, սակայն եթէ հայ պաշտօնեաները այդքան զբաղած չըլլային իրենց քաղաքական հակառակորդները լռեցնելով, անոնք աւելի շատ ժամանակ կ՛ունենային զբաղելու հայ ազգի իսկական թշնամիներով:

Որքա՜ն հեգնական է, որ հայ հայրենասէրին կ՛արգիլեն մուտք գործել Հայաստան, նոյն ժամանակ թուրք ծայրայեղականին թոյլ կու տան մուտք գործել երկիրը եւ վիրաւորել Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակը:

Շատ աւելի լաւ կ՛ըլլար, որ հայ պաշտօնեաները ըսէին ճշմարտութիւնը՝ խոստովանելով, որ Փափազեանը պէտք չէ վռնտէին Հայաստանէն, այլ ոչ թէ՝ իրենց սկզբնական սխալը կոծկելու համար, նոր սուտեր յօրինէին:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ, ,Քալիֆորնիա Քուրիըրե թերթի հրատարակիչ

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

asbarez.am/423323/հայ-պաշտօնեաները-կը-կեղծեն-փափազեանի/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail