Լիզպոնի Ողջակէզներուն Նորօրեայ Պատգամը – ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
28 ՅՈՒԼԻՍ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ:
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
Երեսուն ինը տարիներ անցած են այն օրէն, 27 Յուլիս 1983էն, երբ հինգ հայ մատղաշ երիտասարդներ ցնցեցին` ամբողջ հայաշխարհին հետ, նաեւ միջազգային հանրային կարծիքը: Կամաւոր, իմացեալ մահուան մասին իրենց տուած բացատրութիւնները լոյս կը սփռեն կատարուած արտասովոր արարքի պատճառին վրայ: Ահաբեկչութիւն որակուած, սակայն Հայ Դատի այժմէականացման միտող բազմաթիւ արդարադատ արարքներ կատարուած էին նախորդող տասնամեակին: Զոհեր ալ եղած էին, սակայն Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ու հայ ժողովուրդի իրաւունքը հանդիսացող հատուցման պայքարը շօշափելի արդիւնք չէր տուած: Կատարուածը, լաւագոյն մեկնաբանութիւններու պարագային, կը համարուէր քարոզչական նպատակ հետապնդող արարք: Հինգ հայ երիտասարդներուն` Սիմոն Եահնիեանի, Սեդրակ Աճէմեանի, Արա Գըրճլեանի, Սարգիս Աբրահամեանի եւ Վաչէ Տաղլեանի համար, Հայ Դատի արդար լուծումը, անկախ ու միացեալ Հայաստանի ստեղծումը մահու ու կենաց հարց դարձած էր: Հայաստան` խորհրդային վարչաձեւին ենթակայ, անտարբեր էր Հայ Դատի նկատմամբ: Սփիւռքի մէջ ուծացումը արագ քայլերով կը յառաջանար: Ցնցող արարք մը անհրաժեշտ էր կատարել, անտարբերութեան ու յետընթացի անիւի թաւալումը շրջելու համար: Ինչ կ՛արժէր կեանքը հայրենանուէր անհատի մը համար, եթէ այդ կեանքը չէր ծառայեր ազգի բացարձակ իրաւունքներու հետապնդման: Ու իրենք որոշեցին ցոյց տալ, որ ազգին գոյատեւումը գերիվեր է անհատի գոյատեւումէն: Ու ինչպէս երգը կ՛ըսէ` մահուամբ մահը կոխեցին:
Մէկդի թողենք, ի յարգանս իմացեալ մահով մեզի պատգամ ժառանգած հայորդիներուն, կատարուած արարքին արդարացիութիւնը, աւելի ճիշդ` օրինականութիւնը: Այդ հարցադրումը գոյութեան իրաւունք ունի ու բոլոր նման մահերու պարագային` արդար է անոր քննարկումը: Գերագոյն զոհաբերութիւն մը չի կրնար դատապարտելի ըլլալ. անիկա առաւելագոյնը ափսոսանք կրնայ առթել:
Կը մնայ գիտնալ, որ յաջողեցա՞ն արդեօք Լիզպոնի հինգ տղաները իրենց նպատակը իրագործել: Սրտառուչ յիշատակումը դէպքին ցոյց կու տայ, տարիներու թաւալումին հետ, երիտասարդ հայորդիներու ջերմեռանդ կապուածութիւնը յաւիտենապէս երիտասարդ մնացածներուն հետ: Խօսքերը, ճառերը, գրութիւններն ու գիրքերը իրենց առատութեամբ ու բազմազանութեամբ չէին կրնար հաւասարիլ այն ենթակայական ցնցումին, զոր Լիզպոնի հինգին ողջակիզումը պատճառեց: Ու կը շարունակէ պատճառել:
Հետագայ դէպքերը, Սփիւռքի քաղաքականացման հասունացումը եւ նոյնիսկ Հայաստանի մէջ ծաւալած շարժումը պարտական են Լիզպոնի հինգին: Ի միջի այլոց: Պահանջատիրութիւնը, ազատութեան եւ անկախութեան պահանջը նախ պէտք է մարդոց գիտակցութեան մէջ արմատաւորուին, որեւէ գործողութեան առարկայ դառնալէ առաջ: Լիզպոնի հինգը առատօրէն նպաստեցին նման գիտակցութեան մը գոյառման:
Երեսունինը տարիներու հեռաւորութենէն ինչ պատգամ կը փոխանցեն մեզի Լիզպոնի ողջակէզները: Պատերազմի պարտութեան պատճառած ահեղ տեղատուութեան մատնուած մեր ժողովուրդին, Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք, հայրենիքի ամբողջականութեան եւ ազգի բովանդակ իրաւունքներու տիրացման համար ու պայքարէն հրաժարումի այժմեան հանգրուանին, Լիզպոնի տղաքը կը յիշեցնեն, որ ոչինչ կ՛արժէ կեանքը, եթէ անիկա չէ նուիրաբերուած հաւաքական արդարացի նպատակներուն: Լիզպոնի ողջակէզները կը շարունակեն մեզի յիշեցնել, որ մեր գիտակցութեան մէջ պէտք է ամրագրենք, անգամ մը եւս, Հայաստանի ու հայութեան ազատագրութեան Դատին մեր փարումը:
asbarez.am/423217/լիզպոնի-ողջակէզներուն-նորօրեայ-պատգ/