Հայաստան մուտքը արգիլուեցաւ ՀՅԴ Հոլանտայի Գարեգին Նժդեհ երիտասարդական Միութեան անդամ Սիւնէ Աբրահամեանի
Մօտէն ճանչնալով Սիւնէն, կարիքը չեմ զգար իրեն մաղթելու պինդ մնալ, որովհետեւ գիտեմ, որ պինդ է, յանձնառու, հայրենասէր, պահանջատէր եւ գաղափարապաշտ երիտասարդ: Միայն կը յիշեցնեմ բոլորին, որ իր կողքին ենք ու միասին կը շարունակենք պայքարը:
####
ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէ. Հալածանքը կը շարունակուի. նոր թիրախը՝
https://www.facebook.com/NorSeround/videos/643569006665089
ՀՅԴ երիտասարդականը
Հերթը հասաւ երիտասարդականին…
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանի՝ Հայաստան մուտքի արգելակումէն երկու շաբաթ ետք, այս անգամ, դարձեալ առանց բացատրութեան, ժամեր Երեւանի օդակայանին մէջ պահելէ ետք, Հայաստան մուտքը արգիլուեցաւ ՀՅԴ Հոլանտայի Գարեգին Նժդեհ երիտասարդական Միութեան անդամ Սիւնէ Աբրահամեանի, որ ինչպէս բազմաթիւ անգամներ, կրկին Հայրենիք կը մեկնէր ազգային պարտականութեամբ:
Ան Սիւնիքի մէջ պիտի մասնակցէր ՀՅԴ երիտասարդական միութիւններու կողմէ կազմակերպուող բանակումներուն, որոնք ազգային դաստիարակութեան հարազատ միջավայրեր կը հանդիսանան նոր սերունդին համար:
Ապազգային իշխանութիւններուն ազգադաւ այս վարքագիծը կը մերժենք ըստ ամենայնի եւ կը պահանջենք Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւններէն՝ տէր մնալ իրենց կոչումին եւ դադրիլ մասնակից դառնալու նման անհիմն ու ազգը պառակտող որոշումներու, որոնց պատասխանը պիտի տրուի անպայման:
Այսու կը յայտնենք, որ փաշինեանական ապազգային բռնատիրական քլանը խաբկանքը պէտք չէ ունենայ, որ նման սին ու փոքրոգի իբրեւ թէ ճնշամիջոցներով ու արգելքներով կրնայ դաշնակցական երիտասարդութեան պայքարի ոգին կոտրել:
Ընդհակառակն, Դաշնակցութեան շարքերն ու երիտասարդական մեր միաւորները առաւել մեծ թափով պիտի շարունակեն փտած այս վարչախումբը հեռացնելու պայքարը, ի խնդիր ժողովրդավար, զարգացած, արդիական, իրաւական պետութեան վերակառուցման:
ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէ
31 Յուլիս 2022
Փարիզ
Hratch Varjabedian