Անդրադարձ – Ով Կը Յարատեւէ, Ի Վերջոյ Կը Յաղթէ – ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
02 ՕԳՈՍՏՈՍ 2022 – ՀԱՅ ԴԱՏ – ՍՓԻՒՌՔ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ:
ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org
– Գիշերը որքան էլ երկարի, առաւոտը գալու է: – lousavor-avedis.org
Երկու շաբաթներու դադարէն ետք ուրբաթ, 29 յուլիսին տեղի ունեցաւ «Դիմադրութիւն» շարժման հանրահաւաքն ու քայլերթը: Այս հանրահաւաքին, կարգ մը պարզաբանութիւններու կողքին յայտարարուեցաւ, որ շարժումը աւելի քան վճռական է շարունակելու իր գործունէութիւնը, մինչեւ ճշդուած նպատակի իրագործումը` վարչապետի հրաժարումը եւ ազգային նոր կառավարութեան կազմութիւնը: Զանց կ՛առնեմ մանրամասնութիւնները, որոնք լրատուութեան միջոցով հանրայնացած են արդէն:
Յաջորդ հանրահաւաքը տեղի պիտի ունենայ սեպտեմբեր 2-ին եւ նուիրուած պիտի ըլլայ Արցախի անկախութեան հռչակման: Տեղի պիտի ունենայ նաեւ հանրահաւաք Ստեփանակերտի մէջ, միեւնոյն օրակարգով: Օգոստոս ամիսը, ընդհանրապէս արձակուրդային, պիտի յատկացուի մարզերու մէջ աշխատանքներուն: Մարզերուն մէջ արդէն կազմուած են Դիմադրութեան շարժման տեղական խորհուրդներ, որոնց աշխատանքները պէտք է ծրագրուին ու համակարգուին: «Դիմադրութիւն» շարժումը կը ձգտի ունենալ համահայաստանեան տարողութիւն եւ ապակեդրոն, բայց համակարգուած գործունէութեամբ ընդգրկել Հայաստանի Հանրապետութեան ամբողջ հանրութիւնը:
Կը նախատեսուի, որ սեպտեմբեր 2-ի Արցախի անկախութեան հռչակման նուիրուած հանրահաւաքը ըլլայ համահայկական ու ցոյց տայ հայ ժողովուրդի մերժումը Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ ներառելու ծրագիրին:
Օգոստոս ամսուան կէսերուն պիտի կայանայ Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի գործօն ղեկավար ու մտաւորական ազգայիններու մասնակցութեամբ համահայկական մեծ քննարկում մը, «Դիմադրութիւն» շարժման տալու համար համազգային հնչեղութիւն:
Օգոստոսեան հանրահաւաքային դադարը նպատակ ունի շարժումի առաջադրանքները յստակացնելու, անոնց շուրջ համախմբուածութիւնը մեծցնելու, անոնց համահայկական բնոյթ տալու ու նոր թափով պատրաստուելու աշնանային վերամուտին նախատեսուած վճռական պայքարին:
Քննարկումներու ու վերակազմակերպման յատկացուած` միամսեայ հանրային ցուցական գործունէութեան բացակայութեամբ յատկանշուող հանգրուանին, կ՛արժէ փորձել անցած ճամբու գնահատականը կատարել:
Միամտութիւն պիտի ըլլար կարծել, որ ցոյցերով, հանրահաւաքներով ու քայլարշաւներով կարելի պիտի ըլլայ իշխանափոխութիւն յառաջացնել: Իշխանափոխութեան տրամաբանական անհրաժեշտութենէն խրախուսուելով, կազմակերպիչները նոյնիսկ մօտաւոր ժամկէտներ ճշդեցին, «քիչ մնաց» ըսին, սակայն յուսախաբ եղան: Յուսախաբ դարձուց նաեւ իշխանափոխութեան կողմնակից հանրութիւնը, որ թէեւ տեսակէտ չփոխեց, սակայն պարբերական դարձուց իր մասնակցութիւնը միջոցառումներուն: Աներկբայ է միաժամանակ, որ տիրող իշխանութեան նկատմամբ վստահութիւնը հսկայաքայլ յետընթաց ապրեցաւ. այժմ ժողովրդային գետնի վրայ իշխանութիւնը փոքրամասնական է, սակայն նոր մեծամասնութեան մը հնարաւորութիւնը առ այժմ չ՛երեւիր: Իշխանութեան հետապնդած նպատակներուն ապազգային ու վնասակար ըլլալուն գիտակցութիւնը համատարած է, ընդունուած` նոյնիսկ Փաշինեանի համակիրներէն շատերուն կողմէ:
Հայ եւ թուրք բանակցութիւններուն առանց պայմանի ըլլալուն մասին պնդումները փուլ եկան, ինչպէս նախատեսուած էին ընդդիմադիրները: Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու յառաջընթացը պայմանաւորելով Ազրպէյճանի կողմէ չափազանցուած պայմաններու յարգումով, Թուրքիա ցոյց տուաւ, որ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու հարցին մէջ անկեղծ չէ: Իսկ թրքական այն պնդումը, որ հայաստանեան ընդդիմութիւնը արգելք կը հանդիսանայ իշխանութիւններէն ակնկալուած զիջումները կատարելուն, ցուցանիշ է ընդդիմութեան կատարած աշխատանքին արդիւնաւորութեան:
Երբ պայքարը արդար է, եւ եթէ համոզուած նոյնիսկ փոքրաթիւ նուիրեալներու խումբ մը աննահանջ կը շարունակէ պայքարը, անիկա չի կրնար ձախողիլ: Ով կը յարատեւէ, ան ի վերջոյ կը յաղթէ: Որովհետեւ յարատեւութիւնը, որ համոզումի արդիւնք է, կը դառնայ վարակիչ ու կը բոցավառէ անթեղուած կրակը:
aztagdaily.com/archives/553690