Հայաստան Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանին Նոր Միջպետական Գանգատ Ներկայացուց` Ընդդէմ Ազրպէյճանին
03 ՕԳՈՍՏՈՍ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Հայաստան Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին (ՄԻԵԴ) ներկայացուց նոր միջպետական ամբողջական գանգատ` ընդդէմ Ազրպէյճանին:
27 յուլիսին ներկայացուած գանգատը, ըստ Միջազգային իրաւական հարցերով Հայաստանի ներկայացուցիչին, կը վերաբերի «2022 թուականին Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի Խրամորթ եւ Փառուխ գիւղերուն ուղղութեամբ ձեռնարկուած յարձակումին պատճառով քաղաքացիական բնակչութեան իրաւունքներու խախտման, Արցախի սահմանամերձ գիւղերու բնակչութեան նկատմամբ Ազրպէյճանի իրական սպառնալիքներուն, ինչպէս նաեւ 2021-2022 թուականներուն ազրպէյճանական զինուած ուժերուն կողմէ Արցախի խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ ուժի կիրարկման դէպքերուն, որոնց պատճառով խախտած է անձերու կեանքի իրաւունքը»:
Նշենք, որ տակաւին լարուած կը մնայ սահմանային դրութիւնը Արցախի մէջ, ուր կացութիւնը սրեցաւ մարտի վերջին, երբ ազրպէյճանական զինուած ուժերը խախտեցին շփման գիծը Ասկերանի շրջանի Փառուխ գիւղին ուղղութեամբ` հայկական կողմին զոհեր պատճառելով:
Շուրջ մէկ ամիս ազրպէյճանցիներուն համար թիրախ դարձաւ նաեւ Արցախի Խրամորթ գիւղը, որուն ուղղութեամբ կրակ արձակուեցաւ նաեւ ականանետէ: Իր տան բակին մէջ խաղաղ բնակիչ մը վիրաւորուեցաւ ազրպէյճանական ականի պայթումէ, կիները, երեխաները ստիպուած հեռացան գիւղէ: Խրամորթցիները յատկապէս տագնապի մատնեց այն, որ ազրպէյճանական կողմը իր դիրքերուն զինուորական սարքերը մօտեցուց: Օրեր անց ռուս խաղաղապահները մնայուն յենակէտ տեղակայեցին, որմէ ետք այդ հատուածին մէջ լուրջ միջադէպեր չեղան:
aztagdaily.com/archives/553941