Գոռը, Սիւնէն Եւ Նիկոլի Անյաջող Փորձերը – ՅՈՎՍԷՓ ՏԷՐ ԳԷՈՐԳԵԱՆ
03 ՕԳՈՍՏՈՍ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ – ԽՈՐՔԱՅԻՆ ՏԱՐԱԿԱՐԾՈՒԹԻՒՆ:
ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org
– Գիշերը որքան էլ երկարի, առաւոտը գալու է: – lousavor-avedis.org
ՅՈՎՍԷՓ ՏԷՐ ԳԷՈՐԳԵԱՆ
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ
2021 թուականին ՀՅԴ Երիտասարդական գրասենեակը նախաձեռնեց «Դէպի Սիւնիք» ծրագիրը:
Անցեալ ամիսներուն սիւնեցի երիտասարդներուն դիմադրողական ոգին բարձր պահելու եւ ՀՅԴ Երիտասարդականի համաշխարհային ցանցին նեցուկը ապահովելու համար բազմաթիւ ծրագիրներ կազմակերպուեցան: «Վերելք Սիւնիք», սփիւռքէն դէպի Կապան երիտասարդական գործուղումներ, պատանեկան ճամբարներ, Սիւնիքի հիմնախնդրի գծով ուսանողութեան նուիրուած խորհրդաժողովներ ու ուսումնասիրութեան մրցանքներ, ահա քանի մը օրինակներ այն մեծածաւալ աշխատանքէն, որ իրագործուեցաւ եւ տակաւին կը շարունակուի:
Յստակ է, որ Ազերիներն ու անոնց ծառայող Նիկոլ Փաշինեանը մտահոգ են Արցախի եւ Սիւնիքի մէջ մեր երիտասարդներու տարած աշխատանքով: Ազերիները կը սպառնան եւ մեզ կը կոչեն ռեվանշիստներ, իսկ Նիկոլը` որպէս անոնց կամակատարը` գործի կը լծուի խոչընդոտելու այս աշխատաքները:
Առաջին քայլը ՀՅԴ երիտասարդականի աշխատանքները համակարգելու համար Սիւնիք տեղափոխուած, ՀՅԴ-ՀԵՄ-ի անդամ Գոռ Մաթէոսեանի կալանաւորումն էր: Երկրորդ քայլով, այսօր, Նիկոլը արգիլեց Սիւնէ Աբրահամեանին` մուտք գործել Հայաստան: Ան պիտի մասնակցէր Կապանի մէջ կազմակերպուող ՀՅԴ պատանեկան ճամբարի մը:
ՀՅԴ-ի երիտասարդները Նիկոլի եւ իր վարչախումբին մղձաւանջը դարձած են:
Նիկոլին փորձերը անյաջող են, ան չարաչա՛ր կը սխալի. ՀՅԴ երիտասարդները սփիւռքի մէջ պիտի շարունակեն իր եւ իր ներկայացուցիչներուն դէմ իրենց կտրուկ ընդդիմութիւնը եւ առաւել աշխուժութեամբ պիտի ծաւալեն Սիւնիքի ու Արցախի մէջ իրենց աշխատանքները:
Նիկոլը իր այս քայլերով պիտի չկարենայ սանթիմեթր մը իսկ մեզ շեղել մեր նպատակներէն: Արցախի, Սիւնիքի եւ ընդհանրապէս հայրենիքի որեւէ հատուածի հետ ՀՅԴ աշխարհասփիւռ երիտասարդութեան կապը Նիկոլի պառակտող փորձերէն եւ ՀՅԴ-ի դէմ անոր ատելութենէն շա՜տ աւելի հզօր է:
aztagdaily.com/archives/553877