Անդրադարձ – Ակնարկ. Ճնշամիջոցներ` 6-րդ Կէտի Իրականացման Համար – Խմբագրական
07 ՕԳՈՍՏՈՍ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ:
Արցախի շուրջ արձանագրուող ռազմաքաղաքական իրադարձութիւններու ամբողջ առանցքը հանգուցուած է նոյեմբեր 9-ի հրադադարի համաձայնութեան 6-րդ կէտին շուրջ:
6-րդ կէտ. «Հայաստանի Հանրապետութիւնը Ազրպէյճանի Հանրապետութեան կը վերադարձնէ Քելբաջարի շրջանը մինչեւ 2020 թուականի նոյեմբերի 15-ը, իսկ Լաչինի շրջանը` մինչեւ 2020 թուականի դեկտեմբերի 1-ը: Լաչինի միջանցքը (5 քմ լայնութեամբ), որ պիտի ապահովէ Լեռնային Ղարաբաղի կապը Հայաստանի հետ, ընդ որում շրջանցելով Շուշի քաղաքը, կը մնայ Ռուսաստանի Դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմի վերահսկողութեան ներքոյ: Կողմերուն համաձայնութեամբ, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի միջեւ կապը ապահովելու համար յառաջիկայ երեք տարիներուն ընթացքին պիտի հաստատուի Լաչինի միջանցքի երկայնքով նոր երթուղիի կառուցման նախագիծ, որմէ ետք ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը կը վերատեղակայուի` այդ երթուղին պաշտպանելու համար:
«Ազրպէյճանի Հանրապետութիւնը կ՛երաշխաւորէ Լաչինի միջանցքով քաղաքացիներու, փոխադրական եւ բեռնատար միջոցներու երթեւեկութեան անվտանգութիւնը երկու ուղղութիւններով»:
Խնդիրը հիմնականին մէջ այս կէտին վերջին բաժինին մէջ կը կայանայ: Նոր երթուղիի նախագիծին շուրջ «կողմերուն համաձայնութեամբ»-ը թէականութիւն ստեղծած է: Փաստօրէն Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը կը յայտարարէր, որ այս պահու դրութեամբ համաձայնեցուած ծրագիր գոյութիւն չունի: Թէ` յամենայն դէպս Հայաստանը որեւէ ծրագիրի համաձայնութիւն չէ տուած, հետեւաբար Ազրպէյճանի պահանջը օրինական չէ:
Պաշտօնական այս յայտարարութիւնը ըստ էութեան կը հակասէր վարչապետի մամլոյ ասուլիսին հնչած Բերձորն ու Աղաւնոն բնակչութենէ պարպելու յորդորին` առ ի գործադրութիւն նոր երթուղիի կամ աւելի ուղղակի Լաչինի միջանցքի փակման գործողութեան:
Տրամաբանութիւնը կ՛ընթանայ ճանապարհ-ճանապարհի դիմաց բանաձեւով: Կրնայ եղածը համազօր նկատուիլ միջանցքի կամ երկու պարագաներուն արտատարածքային կարգավիճակով միջանցքներու գործարկումի վերացումին: Իսկ միջանցքի գաղափարի շրջանցումը կամ Լաչինի այլընտրանքի վրայ կեդրոնացումը աւելի շեշտուեցաւ Թեհրանի եռակողմ հանդիպումէն ետք, երբ պարզ դարձաւ, որ Թեհրանը չի հանդուրժեր Հայաստանի Հանրապետութեան հետ իր ունեցած սահմանային կարգավիճակի որեւէ փոփոխութիւն:
Խորքին մէջ ռուսական վերահսկողութեամբ Լաչինի միջանցքի փակման ճնշամիջոցներն են, որ տեղի կ՛ունենան: Նոյն կարգավիճակը պիտի չունենայ այլընտրանքային երթուղին: Այսինքն` ըստ էութեան միջանցք-միջանցքի դիմաց ազրպէյճանական բանաձեւը չէ աշխատած, հիմա Հայաստանի Հանրապետութիւն – Արցախ ճանապարհին դիմաց Ազրպէյճան – Նախիջեւան ճանապարհ այլընտրանքն է, որուն իրականացման համար ճնշամիջոցներ կը գործադրէ Պաքուն:
Հիմա կը գոյանայ այլ հիմնական հարց: Ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան հարուած կը հասցուի այս ձեւով, երբ ազրպէյճանական ծրագիրի շտապողականութիւնը ապահովելու համար կը դիմուի ռազմական գործողութիւններու: Որմէ բնական մեկնաբանութիւնը: Եթէ ազրպէյճանական կողմը կը խախտէ հրադադարը, այդ կը նշանակէ, որ կը խախտէ 9 նոյեմբերի համաձայնութիւնը: Համաձայնութիւնը նախ հրադադարի հաստատում է, որ այսպիսով խախտուած կ՛ըլլայ. այդ կը նշանակէ, որ ինքնաբերաբար բոլոր կէտերն ու ենթակէտերը եւս ուժի մէջ մնալու իրաւականութիւնը չեն պահեր:
Սկզբունքով Մոսկուայի շահերէն չի բխիր իր միջնորդութեամբ եւ իր երաշխաւորութեամբ կայացած համաձայնութիւններու խախտումը: Այդ դուռ կը բանայ ստեղծուած գոյավիճակի հաւանական փոփոխութիւններուն եւ արդէն իսկ հակամարտութեան լուծման ու ապաշրջափակման գործողութիւններուն օժանդակելու պատրաստ Միացեալ Նահանգներուն կամ միջնորդական առաքելութիւն շարունակող Եւրոպական Միութեան:
Միաժամանակ քաղաքական տրամաբանութիւնը կը յուշէ, որ մեծ հաշուով ռուս-թրքական համաձայնութեամբ կայացած այս համաձայնութիւնը զինուորական գործողութիւններով խախտելու Պաքուի նախաձեռնութիւնը անպայման Անգարայի հետ համաձայնեցուած էր: Մանաւանդ երբ մեծ հաշուով տեսնենք, թէ ճանապարհ-ճանապարհի դիմացով ո՛չ միայն Նախիջեւանն է Ազրպէյճանին միացողն այլ նաեւ Թուրքիան:
Քանի մը հետեւութիւն ուրեմն. նախ Պաքուն ռազմական գործողութիւններով կը փորձէ արագացնել Լաչինի այլընտրանքը եւ հայկական կողմին յիշեցնել, որ իրեն վերապահուած հատուածի ճանապարհաշինութեան աշխատանքներուն ձեռնարկէ անմիջապէս:
Պաքուն իր կարգին, կը շահագործուի Անգարայի կողմէ Մոսկուային ուղերձ փոխանցելու, որ գոյավիճակի փոփոխութիւնը Արեւմուտքի թափանցումն է հարաւային Կովկաս, ուրեմն Մոսկուան խիստ կարիքը ունի Անգարային այդ թափանցումը արգելակելու համար: Այս խիստ կարիքը իր գինը ունի աշխարհագրական այլ միջավայրերու մէջ:
Եթէ ընդունինք այս տրամաբանութիւնը, ապա օգտակար պիտի չնկատենք Երեւանի յուշումը, թէ կարելի է քննարկել անվտանգութեան պահպանման միջազգային գործիքակազմեր ապահովելու կամ ռուսական խաղաղապահութեան միջազգային յաւելեալ լիազօրութիւններ ապահովելու:
Միջազգային գործիքակազմի ապահովման դիմումի նախադրեալները կը միտին ռուս-թրքական յաւելեալ մերձեցումի, որմէ միայն կը տուժէ հայկական կողմը:
Իսկ ներկայ պայմաններուն մէջ Մոսկուայի յստակացումը, թէ խաղաղապահ առաքելութեան ձեւաչափի փոփոխութեան որեւէ պաշտօնական դիմում չէ եղած Երեւանի կողմէ, պէտք է ընկալել նման դիմում չպաշտօնականացնելու յորդորով:
«Ա.»
aztagdaily.com/archives/554157