Բերձորի Եւ Աղաւնոյի Բնակիչներուն Մինչեւ 25 Օգոստոս Ժամանակ Տրուած Է Բնակավայրերէն Դուրս Գալու Համար

Cultural Genocide – State Cultural Genocide by the Fascist Regime of Azerbaijan *–* Génocide culturel – Génocide culturel d'État par le régime fasciste d'Azerbaïdjan

Բերձորի Եւ Աղաւնոյի Բնակիչներուն Մինչեւ 25 Օգոստոս Ժամանակ Տրուած Է Բնակավայրերէն Դուրս Գալու Համար

07 ՕԳՈՍՏՈՍ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ: – Արտերկրի Անկախ Հայեր – Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ներկայացուցիչներու բանակցութիւններու մասին –

– Արտերկրի անկախ հայերը խստիւ կը դատապարտէն Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի եւ ազգային ժողովի վերջին օրերու կեցուածքները –

Արցախի տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Հայկ Խանումեան մինչեւ 25 օգոստոս ժամանակ տուած է Աղաւնոյի եւ Բերձորի բնակիչներուն իրենց բնակավայրերէն դուրս գալու համար: Այս մասին երէկ` 5 օգոստոսին, «Նիուզ»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Աղաւնոյի գիւղապետ Անդրանիկ Չաւուշեան:

«Հայկ Խանումեանը մեզի տարհանման ծրագիրը ներկայացուցած է, ըսած է` ո՛վ ուր պիտի երթայ, ի՛նչ պիտի ընէ: Մենք փաստաթուղթեր պիտի լեցնենք, լրացնենք, պիտի նշենք` իւրաքանչիւրս ո՛ւր պիտի երթայ: Ընդհանուր առմամբ` գիւղի բնակիչները պատրաստ էին, գիտէին` ի՛նչ պիտի ըլլայ: Այսքան ժամանակ մեզի չէին աջակցեր, զօրք չէին բերեր: Ժողովուրդին, եթէ զէնք բերեն, տան, հզօրացնեն, բոլորն ալ պայքարող են: Ոչ ոք կ՛ուզէ իր տունէն դուրս գալ», նշեց Չաւուշեան:

Անդրանիկ Չաւուշեանի համաձայն, Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ եւս հարցը քննարկուած է:

«Նախագահը ո՛չ բացատրել, ո՛չ ալ պատճառաբանել կրնայ, քանի որ ինք բանակցող կողմ չէ: Ես զինք չեմ արդարացներ, բայց իրմէ ի՞նչ պահանջենք: Փաշինեանն է այս վիճակին հասցնողը: Իր կարգախօսն է` բոլորը մեղաւոր են իրմէ բացի», ընդգծեց Անդրանիկ Չաւուշեան:

aztagdaily.com/archives/554229

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail