Կիլիկիայ – Կը նուիրուի Կիլիկիոյ անկախութեան հռչակագիրի 100-ամեակին

Kingdom of Cilicia – Flag of Kingdom of Cilicia

Կը նուիրուի Կիլիկիոյ անկախութեան հռչակագիրի 100-ամեակին

Կարդալ նաեւ՝ արեւելահայերեն

Կարդալ նաեւ՝ Ֆրանսերէն

Կարդալ նաեւ՝ Ռուսերէն

Առանց խորամուխ ըլլալու պատմական, մշակութային ու քաղաքակրթական հարցերու մէջ՝ ապացուցելու համար, որ Կիլիկիան Հայաստան է, խօսինք Կիլիկիային վերաբերող մերձակայ ժամանակահատուածի իրաւական-քաղաքական իրողութիւններուն մասին։ (1) (2)

Մարկ Սայքսի (Անգլիայ), Ժորժ Պիկոյի (Ֆրանսայ) եւ Հայ Ազգային պատուիրակութեան նախագահ Պօղոս Նուպարի միջեւ Լոնդոնի մէջ 1916-թ․-ի Հոկտեմբեր 27-ին կնքուած համաձայնագիրին հիման վրայ պիտի կազմաւորուէր Հայկական լեգէոն, որ ֆրանսական զօրքերու կազմին մէջ պիտի մասնակցէր Օսմանեան կայսրութեան դէմ պատերազմական գործողութիւններուն Սուրիա-Պաղեստինեան ռազմաճակատին վրայ, որուն դիմաց պատերազմէն յետոյ՝ Ֆրանսան Կիլիկիոյ հայերուն կը խոստանար ինքնավարութիւն տալ։ (3)

ֆրանսական կառավարութիւնը 1916 թ․-ի Նոյեմբերին սահմանեց կամաւորութեան սկզբունքները. լեգէոնական կրնային ըլլալ միայն հայերն ու արաբները, անոնց հրամանատարները պիտի ըլլային ֆրանսացի սպաներ, լեգէոնի ծախսերը պիտի հոգար ֆրանսական կառավարութիւնը։

Արեւելեան լեգէոնն իր մարտական առաջին մկրտութիւնը ստացաւ 1918-թ․-ի Սեպտեմբեր 19-ին Պաղեստինի մէջ (Արարայի ճակատամարտին, 1918 թ), այնուհետեւ, անգլո–ֆրանսական զօրքերու կազմին մէջ ան մասնակցեցաւ Սուրիոյ եւ Լիբանանի համար մղուած մարտերուն։ 1918-թի Հոկտեմբերի կէսերուն Պէյրութի մէջ ստեղծուեցաւ 4-րդ գումարտակը, լեգէոնի հայ զինուորներուն թիւը հասաւ 5000-ի։ 1918 թ․-ի Նոյեմբեր–Դեկտեմբերին լեգէոնը արդէն Հայկական կը կոչուէր, որն ալ Կիլիկիայ մտաւ ու գրաւեց կարեւոր ռազմավարական կէտերը, ու մասնակցեցաւ անոր պաշտպանութեան։

Առաջին համաշխարհային պատերազմի աւարտին՝ 1918 թ.-ի Հոկտեմբեր 30–ին, Դաշնակիցներուն եւ Օսմանեան կայսրութեան միջեւ Լեմնոս կղզիի Մուդրոս նաւահանգիստին մէջ կնքուած զինադադարին համաձայն կը նախատեսուէր

Յօդուած 16 «Հիջազի, Ասիրի եւ Եմենի, Սուրիոյ եւ Միջագետքի բոլոր կայազօրներուն յանձնումը դաշնակցային հրամանատարութեան… Թրքական զօրքերու դուրս բերումը Կիլիկիայէն»։

Յօդուած 24 «Հայկական մարզերէն (որեւէ) մէկուն մէջ անկարգութիւններ ծագելու պարագային՝ դաշնակիցները իրենց կը վերապահեն անոր մէկ մասը գրաւելու իրաւունքը»: (4)

ԱՄՆ-ի 28-րդ նախագահ Վուդրո Ուիլսոնի կայացուցած Իրաւարար վճիռին համաձայն՝ թրքական զինուած ուժերը պարտաւոր էին 1920 թ.-ի Նոյեմբեր 22-էն յետոյ դուրս գալ Արեւմտեան Հայաստանի չորս մարզերէն եւ անոնց հարող տարածքներէն։ Իրաւարար վճիռով որոշուած տարածքներուն հարցը այսպէս ձեւակերպուած է Սեւրի խաղաղութեան պայմանագիրով.

Յօդուած 89 «Թիւրքիան եւ Հայաստանը, ինչպէս եւ պայմանաւորուող Բարձր կողմերը կը համաձայնին Էրզրումի, Տրապիզոնի, Վանի եւ Բիթլիսի մարզերուն մէջ Թիւրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ սահմանազատումը վստահիլ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հայեցողութեան, եւ ընդունիլ թէ՛ անոր որոշումը, թէ՛ ալ այն բոլոր միջոցառումները՝ որոնք ան կրնայ առաջարկել Հայաստանին դէպի ծով ելք տալուն, եւ յիշեալ սահմանագիծին հարող Օսմանեան բոլոր տարածքներու ապառազմականացման վերաբերեալ»: (5)

Սակայն, ինչպէս վերը նշուած որոշումներուն պարագային, այնպէս ալ Հայկական Կիլիկիային ինքնավարութիւն տալու պայմանաւորութեան շուրջ՝ կը սկսի գործել Հայկական հարցը ամեն կերպով շրջանցելու, նոյնիսկ արդէն կայացուած որոշումներն ու իրողութիւնները չէզոքացնելու գործընթացը։

Այս իրողութեան կը տրուի հետեւեալ բացատրութիւնը Ֆրանսայի արեւելեան քաղաքականութեան մէջ տեղի ունեցած շրջադարձով՝ երբ Ֆրանսան կը սկսի մերձենալ քեմալականներուն, Հայկական լեգէոնը 1920 թ-ի Օգոստոսին ամբողջովին կը լուծարուի։ Հակառակ գերակշռող ու զինուած թիւրք հրոսակներուն անոր ցուցաբերած հերոսական դիմադրութեան՝ հայ ժողովուրդը կրկին կը ստիպուի լքել Կիլիկիան։ (6)

Յետագային, 1921 թ Հոկտեմբեր 20-ին կնքուած պայմանագիրով՝ Ֆրանսան Կիլիկիան կը յանձնէ Անկարայի Ազգային մեծ ժողովի կառավարութեան։ (7) (8)

Ահա այս ճգնաժամային պայմաններուն տակ Կիլիկիոյ հայերը 1920 թ․-ի Օգոստոս 4-ին կ՛ընդունին Կիլիկիոյ անկախութեան մասին հռչակագիրը, զոր ստորագրեր են Ամբողջական Հայաստանի Ներկայացուցիչ Միհրան Տամատեանն ու Ատանայի Հայոց Առաջնորդ Գէորգ Վարդապետ Արսլանեանը։ (9) (10)

Հռչակագիրը կարեւոր փաստաթուղթ է՝ ընդդէմ ամեն տեսակ կուլիսային անօրինական պայմանաւորուածութիւններու, գործարքներու եւ հայկական տարածքներու բռնագրաւումներու։ Սա կարեւոր փաստաթուղթ է, Կիլիկիոյ անկախութեան վերականգման հարցով։

Կիլիկիան Հայաստան է։

Կիլիկիոյ անկախութիւնը պիտի վերականգնուի 1918-1920 թթ․-ուն հայ ժողովուրդին տրուած իրաւունքները կեանքի կոչելու եւ իրականացնելու ընթացքին, եւ այդ ճանապարհով։

Տիգրան Փաշաբեզեան

Արեւմտյան Հայաստանի Հանրապետութեան (Հայաստան) Վարչապետ

4 Օգոստոս 2020 թ.

Ծանօթագրութիւն

1. Կիլիկիոյ հայկական պետութեան դարաշրջանի հայկական աղբիւրները Կիլիկիան կ՛անուանեն աշխարհ կամ տուն, Աշխարհ Կիլիկիոյ կամ Աշխարհ Հայոց: Արաբներու օրինակով՝ որոնք Կիլիկիան կ՛անուանէին Սիսի երկիր, 7-րդ դարի հայ մատենագիրներէն մէկը՝ Գրիգոր Տղան (1173-1193), Կիլիկիան կ՛անուանէր Սիսվան կամ Սիսուան անուններով, հայկական պետութեան մայրաքաղաք Սիսի անունով։ Ղեւոնդ Ալիշանը Կիլիկիոյ պատմութեան ու աշխարհագրութեան նուիրուած իր աշխատութեան մէջ եւս անուաներ է Սիսվան (Սիսի աշխարհ): 19-20-րդ դարերու հայ մի քանի հեղինակներ, որոնց շարքին եւ Ալիշանը, հայկական պետութեան գոյութեան դարաշրջանի (11-14-րդ դարեր) Կիլիկիան կ՛անուանէին Հայկական Կիլիկիայ: Ակադեմիկոս Հ. Օրբելին իր աշխատութիւններուն մէջ կ՛օգտագործէր Կիլիկեան Հայաստան եզրը: Այս եզրը աւելի ճիշդ է, քանի որ ան կը վերացնէ յառաջացած խառնաշփոթը, պայմանաւորուած որոշ պատմաբաններու կողմէ Կիլիկիան Փոքր Հայքի հետ խառնելուն, որոնք կ՛ենթադրէին, թէ Փոքր Հայքը գոյություն ունեցած է Միջերկրական ծովի ափերուն՝ Յուստինիանոսի ժամանակներէն սկսած:

Տես, Կիլիկիայ։ https://hy.wikipedia.org/wiki/%D4%BF%D5%AB%D5%AC%D5%AB%D5%AF%D5%AB%D5%A1

2. Կիլիկիայ։ Կիլիկիոյ հայկական պետութեան տարածքը կազմվեր է բուն Կիլիկիայէն եւ հարակից մարզերէն: Կիլիկիոյ սահմանները կ՛որոշուէին հետեւեալ կերպով. 1. արեւմուտքէն սահմանակից էր Պամփիլիային, Իսաւրիային եւ Պիսիդիային 2. հիւսիսէն սահմանակից էր Լիկաոնիային ու Կապադովկիային 3. Արեւելքէն սահմանակից էր Կատաոնիային ու Կոմագենէին 4. հարաւ-արեւելքէն սահմանակից էր Սուրիոյ։ Բուն Կիլիկիոյ սահմանները կը փոփոխուէին: Հին ժամանակներուն Կիլիկիոյ սահմանները շատ աւելի ընդարձակ էին ու կը հասնէին մինչեւ Հալիս գետի միջին հոսանքները: Այդ մարզը, որուն կեդրոնը Մաժակ քաղաքը եղած է (Մազակա, այժմ՝ Կեսարիա), կ՛անուանուէր Կիլիկիայ (աւելի հին Կիլակուից), որմէ ալ այս անուանումը տարածուեր է ամբողջ տարածքին վրայ: Դէպի արեւելք Կիլիկիան կը տարածուի մինչեւ Եփրատ:

Տես, Կիլիկիայ։ https://hy.wikipedia.org/wiki/%D4%BF%D5%AB%D5%AC%D5%AB%D5%AF%D5%AB%D5%A1

3. 1515 թուականին Կիլիկիան կը նուաճուի Օսմանեան կայսրութեան կողմէ։ Հակառակ դարաւոր օտար տիրապետութեան, մինչեւ 1915 թուականը Կիլիկիոյ մէջ հայ ժողովուրդը մեծ քանակ կը կազմէր։ 1909 թուականին Կիլիկիոյ մէջ տեղի կ՛ունենայ Երիտթիւքերուն կողմէ կազմակերպուած Կիլիկիոյ հայութեան կոտորածը։ Վեց տարի անց Կիլիկիան հայաթափ կ՛ըլլայ Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքով։ Հակառակ ծանր կորուստներուն, Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրած շատ հայեր շուտով կը սկսին վերադառնալ Կիլիկիայ, որն ըստ Սեւրի խաղաղութեան պայմանագիրին՝ պիտի անցնէր Ֆրանսային։ Սակայն թրքական գրոհներուն ներքոյ՝ Ֆրանսան միայնակ կը թողու հայ գաղթականները։

Տես, Հայերու մասնակցութիւնը Առաջին համաշխարհային պատերազմին։ https://hy.wikipedia.org/wiki/%D5%80%D5%A1%D5%B5%D5%A5%D6%80%D5%AB_%D5%B4%D5%A1%D5%BD%D5%B6%D5%A1%D5%AF%D6%81%D5%B8%D6%82%D5%A9%D5%B5%D5%B8%D6%82%D5%B6%D5%A8_%D4%B1%D5%BC%D5%A1%D5%BB%D5%AB%D5%B6_%D5%B0%D5%A1%D5%B4%D5%A1%D5%B7%D5%AD%D5%A1%D6%80%D5%B0%D5%A1%D5%B5%D5%AB%D5%B6_%D5%BA%D5%A1%D5%BF%D5%A5%D6%80%D5%A1%D5%A6%D5%B4%D5%AB%D5%B6

4. Տես, The Treaty of Sèvres, 10 August 1920

https://wwi.lib.byu.edu/index.php/Section_I,_Articles_1_-_260

5. Տես, Mudros Agreement: Armistice with Turkey (October 30, 1918)

http://germanhistorydocs.ghi-dc.org/pdf/eng/armistice_turk_eng.pdf

6. Արեւելեան լեգէոնի հրամանատար նշանակուեցաւ ֆրանսական բանակի գնդապետ Ռոմիոն, որ 1916 թ. Նոյեմբերի վերջերուն ժամանեց Կահիրէ եւ Եգիպտոսի հայկական ազգային միութեան հետ համատեղ ձեռնամուխ եղաւ լեգէոնի կազմաւորման աշխատանքներուն։ Ագգային միութեան կոչով լեգեոնի մէջ առաջինը կամաւորագրուեցան Մուսա լեռան հերոս պաշտպանները, որոնք ժամանակաւորապէս հանգրուան գտեր էին Եգիպտոսի ՊորտՍաիդ նաւահանգստային քաղաքին մէջ։ Անոնցմէ 600 հոգի, ովքեր աշխուժօրէն մասնակցեր էին թրքական բանակի դեմ 40 օր տեւած հերոսական մարտերուն՝ առաջիններու շարքին կամաւորագրուեցան Արեւելեան լեգէոնին։ Անոնց օրինակին հետեւեցան 300 եգիպտահայեր եւ թրքական բանակի 236 հայ ռազմագերիներ։ Առաջին գումարտակը զինավարժութիւններու համար փոխադրուեցաւ Կիպրոս, ուր յետագային ստեղծուեցան 2-րդ եւ 3-րդ գումարտակները՝ յատկապէս ամերիկահայերէն։ Արարայի ճակատամարտին աչքի իյնալու համար ֆրանսական հրամանատարութիւնը 25 հայ մարտիկները պարգեւատրեց «Մարտական խաչ» շքանշանով:

Տես, Ֆրանսական բանակի Արեւելեան կամ Հայկական լեգէոն։ https://hy.wikipedia.org/wiki/%D5%80%D5%A1%D5%B5%D5%AF%D5%A1%D5%AF%D5%A1%D5%B6_%D5%AC%D5%A5%D5%A3%D5%A5%D5%B8%D5%B6_(%D5%96%D6%80%D5%A1%D5%B6%D5%BD%D5%AB%D5%A1)

7. Ֆրանկլեն-Բույոնի կամ Անկարայի պայմանագիր։ Կնքուեր է 1921 թ Հոկտեմբեր 20-ին, Անկարայի մէջ, Ֆրանսայի եւ Անկարայի Ազգային մեծ ժողովի կառավարութեան միջեւ: Համաձայնագիրը կը նախատեսէր պատերազմական վիճակի դադարեցումը կողմերուն միջեւ, եւ երկու ամսուայ ընթացքին ֆրանսական զօրքերու դուրսբերումը Կիլիկիայէն, բացառութեամբ Ալեքսանդրետի սանջակի, որ «յատուկ վարչակարգի» կարգավիճակով կը մնար ֆրանսական կառավարման տակ՝ տեղի թիւրք բնակչության մշակութային լայն ինքնավարութեամբ: Իր կողմէ Թիւրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի կառավարութեան կ՛երաշխաւորէր իր տիրապետութեան տակ անցած ազգային փոքրամասնութիւններուն իրաւունքները, որոնք «հանդիսաւոր» կերպով ճանչցուեր են «Ազգային ուխտի» մէջ: Թիւրքիան կը համաձայնէր կոնցեսիաներ տրամադրել ֆրանսացիներուն՝ Ադանայի մարզով անցնող Բաղդադի երկաթուղիի շարք մը հատուածներուն վրայ, եւ պատրաստականութիւն կը յայտնէր (արտգործնախարար Եուսուֆ Քեմալ բէյի նամակը Ֆրանկլեն – Բույոնին) այդ կոնցեսիաները տարածելու նաեւ Թիւրքիոյ հանքերուն, երկաթուղիներուն, նաւահանգիստներուն եւ գետերուն վրայ:

Տես, Թիւրք-ֆրանսական համաձայնագիր, 1921։ http://www.armin.am/armeniansgenocide/am/Encyclopedia_Of_armenian_genocide_Turq_fransiakan_hamadzaynagir_1921

8. Ալեքսանդրետի սանջակ, Ալեւքսանդրետ, Ալեքսանդրեկ (թիւրք. Իսկենդերուն), Ալեքսանդրետ քաղաքին հարող մարզի նախկին անուանումը (այժմ Թիւրքիոյ Հաթայ մարզը)։ XI-XIV դդ. Ա. ս-ի տարածքի զգալի մասը մտեր է Կիլիկիոյ հայկական պետութեան կազմին մէջ։ Տարածութիւնը՝ 5 հազար քառ կմ։ Որպէս Սուրիոյ մէկ մասը, Ա. ս. 1915-1918 թթ Օսմանեան կայսրութեան կազմին մէջ էր։ 1918 թ Նոյեմբերին գրաւեր են անգլիացիները, յետոյ՝ ֆրանսացիները։ Այստեղ կը գտնուի Մուսա լեռը, ուր 1915 թ Յուլիս-Սեպտեմբերին տեղի ունեցեր է հայերու ինքնապաշտպանական հերոսամարտը։ 1920 թ Ա. ս. մտցուեր է Ֆրանսայի մանդատին յանձնուած Սուրիոյ կազմին մէջ։ 1937 թէն, ձեւականօրէն մնալով Սուրիոյ կազմին մէջ, Ա. ս. անցեր է Ֆրանսայի եւ Թիւրքիոյ համատեղ հսկողութեան տակ։ 1938 թ-ին այստեղ ստեղծուեր է Հաթայի ինքնավար պետութիւնը։ 1939 թ Յունիսին ան միացուեր է Թիւրքիային։ Տեղի հայ բնակչութիւնը (մոտ 40 հազար) Յուլիսի 16-23-ին հեռացեր է եւ հաստատուեր է Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ։ Հեռացեր է նաեւ 20 հազար արաբ։ Սուրիան չէ ճանչցած այդ բռնակցումը։

Տես, Ալեքսանդրետի սանջակ։

https://hy.wikipedia.org/wiki/%D4%B1%D5%AC%D5%A5%D6%84%D5%BD%D5%A1%D5%B6%D5%A4%D6%80%D5%A5%D5%BF%D5%AB_%D5%BD%D5%A1%D5%B6%D5%BB%D5%A1%D5%AF

  1. 1920 թուականի Օգոստոս 4-ին, Ադանայի մէջ հռչակուեցաւ Կիլիկիոյ անկախ հանրապետութիւնը: Յաջորդ օրը հրապարակուեցաւ կառավարութեան կազմը՝ վարչապետ Միհրան Տամատեանի գլխաւորութեամբ: Սակայն նոյն օրը ֆրանսական իշխանութիւնները՝ զէնքի ուժով ցրեցին կառավարութիւնը, եւ քանի մը օր անց զինաթափեցին հայկական ոստիկանութիւնը, իսկ Սեպտեմբեր 20-ին զինաթափեցին եւ լուծարեցին նաեւ ամբողջ հայկական լեգէոնը:

Տես, Կիլիկիոյ անկախութեան հռչակագիրի 90-ամեակը, Հ. Մանջեան, Հ. Գրիգորեան – Ճարպիկեան «Հաճըն» հայրենակցական միութեան ատենապետ, Aravot.am, 7 Օգոստոս 2010 թ։ https://www.aravot.am/2010/08/07/350916/

10. Տես, Կիլիկիոյ Անկախութեան Հռչակագիրը, 4 Օգոստոս 1920 թ։ http://gov-wa.info/?p=3579&lang=hy

Kingdom of Cilicia – Flag of Kingdom of Cilicia
ARMENIAN KINGDOME OF CILICIA – ROYAUME ARMÉNIEN DE CILICIE –
Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail