Հայաստանի Ղեկավարները Կը Շարունակեն Յանձնուիլ Ատրպէյճանին – ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Գարտէզ-Հայաստան մեծ Հայք, փոքր Հայք, Կիլիկիա - Map Armenia Greater Armenia, Small Armenia, Cilicia – Carte Arménie Grande Arménie, Petite Arménie, Cilicie

Հայաստանի Ղեկավարները Կը Շարունակեն Յանձնուիլ Ատրպէյճանին – ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Օգոստոս 18, 2022| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական – ՀԱՅԱՍՏԱՆ:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

 

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Արցախը Հայաստանին կապող Լաչինի միջանցքի երեք հայկական գիւղերէն շուրջ 150 ընտանիքներու՝ իրենց տուներէն հեռացման Ատրպէյճանի հրամանը, շա՜տ անհանգստացուցած է աշխարհասփիւռ հայութիւնը:

Ատրպէյճանի վերջնագիրին իբրեւ արդիւնք՝ Բերձոր, Աղաւնոյ եւ Սուս գիւղերու հայերը պարտաւոր են տեղափոխուելու Արցախի կամ Հայաստանի այլ վայրեր: 2020ի պատերազմին կրած ջախջախիչ պարտութենէն ետք, թէ՛ Հայաստան, թէ՛ Արցախ կը տառապին վատ ղեկավարութիւններէ, որոնք գիւղացիները կը ստիպեն կատարելու Ատրպէյճանի պահանջը՝ հեռանալով իրենց տուներէն ու եկեղեցիներէն մինչեւ 25 Օգոստոս:

Այս հիմնահարցին սկզբնաղբիւրը 10 Նոյեմբեր 2020ի համատեղ «յայտարարութիւն»ն է, որ ստորագրուած է պատերազմի աւարտին՝ Հայաստանի վարչապետին, Ատրպէյճանի նախագահին եւ Ռուսիոյ նախագահին կողմէ: Թէեւ այդ «յայտարարութեան» առաջին տողին մէջ յայտարարուած էր «ամբողջական հրադադար», այսիկա բոլոր պատերազմներու պատմութեան մէջ հրադադարի ամէնէն արտասովոր տեսակն է: Հակառակորդ բանակները իրենց հասած տեղը կանգ առնելու փոխարէն, հայկական կողմը համաձայնեցաւ Ատրպէյճանի յանձնել անոր կողմէ չնուաճուած մեծ տարածքներ: Աւելի՛ն, Հայաստանի վարչապետը, առանց որեւէ լիազօրութեան, ստորագրեց փաստաթուղթ մը, որով զիջեցաւ հողեր, ներառեալ Արցախի եւ անոր յարակից տարածքներուն մեծ մասը, որոնց նկատմամբ ան իրաւական լիազօրութիւններ չունէր: Ուստի, 10 Նոյեմբեր 2020ի եռակողմ համաձայնագիրը պէտք է նկատել անվաւեր:

Այս համաձայնագիրի 6րդ կէտով ամրագրուած է հետեւեալը. «Լաչինի միջանցքը (5 քմ. լայնութեամբ), որ պիտի ապահովէ Լեռնային Ղարաբաղի կապը Հայաստանի հետ, ընդ որում՝ շրջանցելով Շուշի քաղաքը, կը մնայ Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմի վերահսկողութեան ներքոյ: Կողմերու համաձայնութեամբ, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի միջեւ կապը ապահովելու համար, յառաջիկայ երեք տարիներու ընթացքին պիտի հաստատուի Լաչինի միջանցքի երկայնքով նոր երթուղիի կառուցման նախագիծ, որմէ ետք ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը վերստին կը հաստատուի՝ այդ երթուղին պաշտպանելու համար: Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը կ՛երաշխաւորէ Լաչինի միջանցքով քաղաքացիներու երթեւեկութեան եւ բեռնատար միջոցներու երթեւեկութեան ապահովութիւնը երկու ուղղութիւններով»։

Այս պարբերութիւնը, միւսներուն նման, հարցեր ստեղծած է՝ իր ոչ յստակ խմբագրման պատճառով: Այս համաձայնագիրի ստորագրութենէն գրեթէ երկու տարի անց, որուն ընթացքին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները ունեցած են քանի մը դէմ յանդիման հանդիպումներ, Հայաստանի կառավարութիւնը տակաւին չէ փորձած յստակացնել 6րդ կէտի լեզուն: Հայաստանի պաշտօնեաները հաստատելով Ատրպէյճանի ծրագիրները՝ անընդհատ կը կրկնէին, որ Լաչինի այլընտրանքային միջանցքը շրջանցելու երթուղին պէտք է կառուցուէր միայն երեք տարի ետք, սակայն Ատրպէյճան հապճեպօրէն կառուցեց այլընտրանքային երթուղիի իր հատուածը: Փաստօրէն, 2020ի համաձայնագիրին մէջ կ՛ըսուէր, որ այլընտրանքային ճամբան պէտք է կառուցուի ո՛չ թէ երեք տարի ետք, այլ՝ երեք տարուան ընթացքին: Հայաստան կը ծրագրէ ընթացիկ ամիսէն 250 օր ետք աւարտել Լաչին տանող այլընտրանքային ճամբու իր հատուածը:

Հայ պաշտօնեաները Լաչինի միջանցքին վրայ գտնուող հայկական երեք գիւղերու ընտանիքներուն կեղծ հաւաստիք տուած են՝ ըսելով, որ իրենք բաւական ժամանակ ունին իրենց հարցերը լուծելու համար, վստահեցնելով հայ գիւղացիներուն, որ կրնան մնալ իրենց տուները: Երբ Ատրպէյճան պնդած է, որ գիւղացիները պէտք է անյապաղ հեռացուին նշեալ գիւղերէն, հայ ընտանիքներուն տրուած է նուազ քան երեք շաբաթ ժամկէտ, որպէսզի տեղափոխուին՝ առանց սակայն երթալիք տեղ ունենալու:

Իրավիճակը աւելի եւս սրելով՝ Արցախի տարածքային կառավարման եւ ենթակառոյցներու նախարար Հայկ Խանումեան այս հայկական երեք գիւղերու բնակիչները զգուշացուցած է, որ նախքան հեռանալը եթէ այրեն իրենց տուները՝ պիտի չստանան խոստացուած 10 միլիոն դրամի (24 հազար տոլար) հատուցումը, որ բաւարար չէ նոր տուն մը գնելու համար: Նախարարը նկատի ունէր բազմաթիւ արցախահայերու գործելակերպը. անոնք կրակի տուած էին իրենց տուները 2020ի պատերազմէն ետք, իրենց տուները լքելէ առաջ: Տուն այրելը սրտաճմլիկ որոշում է, բայց նոյնքան ցաւցնող է տունը ոխերիմ թշնամիին ձգելը: Այս շաբաթ դիտեցի սահմռկեցուցիչ տեսանիւթ մը, թէ ինչպէ՛ս հայրը կ՛այրէ իր ընտանիքին տունը՝ նախքան հեռանալը: Ի՞նչ ակնկալիքներ ունէր նախարարը այս գիւղացիներէն արդեօք. որ՝ մաքրէին իրենց տուները եւ ճաշասեղանին վրայ ձգէին եփած կերակուրը՝ շամփէյնի շիշո՞վ մը, իսկ դրան վրայ՝ ողջոյնի նշա՞ն, իրենց ատրպէյճանցի թշնամիներուն համար…

Առաւել, Ատրպէյճանի յանձնուած Արցախի եւ անոր յարակից տարածքներու զգալի հատուածներուն մէջ, զորս Ատրպէյճան չէր գրաւած հրադադարի ժամանակ, 2020ի պատերազմի աւարտէն ետք Ատրպէյճան լրացուցիչ տարածքներ գրաւեց՝ ինչպէս Արցախի, նոյնպէս եւ Հայաստանի սահմաններէն ներս: Աւե՛լին, Ատրպէյճան, ի հեճուկս 2020ի համաձայնագիրին, կը շարունակէ պահել հայ ռազմագերիներ, մինչդեռ Հայաստան, հրադադարէն անմիջապէս ետք, տխմարաբար յանձնած է ատրպէյճանցի բոլոր ռազմագերիները: Հայաստանի իշխանութիւնները ո՛չ միայն ջանքեր չեն գործադրեր հայ գերիներու վերադարձին եւ Հայաստանի բռնագրաւուած տարածքներու ազատագրման համար, այլեւ ո՛չ կը խօսին, ո՛չ ալ կը բողոքեն անոնց դէմ: Նախքան Իլհամ Ալիեւի հրամաններէն որեւէ մէկուն կատարումը՝ Հայաստան պէտք է պահանջէ, որ Ատրպէյճան պահպանէ իր պարտաւորութիւնները՝ 2020ի համաձայնագիրով: Հասկնալի է, որ պատերազմը պարտուելէն ետք Հայաստան կը գտնուի թոյլ եւ ենթակայ դիրքի մէջ, սակայն հայ ղեկավարներու անկարողութեան պատճառով իրավիճակի սխալ կառավարումն ու թշնամիին բոլոր քմահաճոյքներուն եւ ցանկութիւններուն ենթարկուիլը անընդունելի՛ է: Նման անողնաշար պահուածք մը կը խրախուսէ Ատրպէյճանը, որ պահանջէ եւ ստանայ աւելի՛ զիջումներ:

Հայաստանը Արցախին կապող Լաչինի միջանցքին փակումով՝ Արցախ մնացած հայերը կը մեկուսացուին՝ շրջապատուած ըլլալով Ատրպէյճանի կողմէ: Այսպիսով, անոնք կը կորսնցնեն իրենց մուտքը Հայաստան, կը զրկուին ելեկտրականութենէ, ջերմութենէ եւ համացանցէ, եւ ուշ կամ կանուխ՝ կը կառավարուին Ատրպէյճանի կողմէ: Ցաւօք, 2020ի պարտութենէն ետք, Արցախ ու Հայաստան կը գտնուին անկումային վիճակի մէջ: Իրաւասու նոր ղեկավարներ թերեւս չկարենան շրջել Հայաստանի աղէտալի իրավիճակը, բայց գոնէ թոյլ չեն տար, որ անիկա աւելի եւս վատթարանայ:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

asbarez.am/424438/հայաստանի-ղեկավարները-կը-շարունակեն/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail