Ազրպէյճանի Բռնագրաւած Հայկական Հողերը․ «Մագաղաթ․ամ»
26 ՕԳՈՍՏՈՍ 2022 – «Մագաղաթ․ամ»
Ազրպէյճանի բռնագրաւած Հայկական հողերը
1) ՆԱԽԻՋԵՒԱՆ։ Պաշտօնապէս ճանչցուած է իբրեւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան մաս: 1920 թուականին ունէր 75,000 հայ բնակչութիւն (ընդհանուր թիւի 41 % -ը): Հայերու՝ նման համեմատաբար ցած տոկոսը մեծ գաղթի հետեւանքն էր, երբ հայերը Նախիջեւանէն աքսորուեցան Պարսկաստան: Անոր տարածքին մէջ, Հայաստանը թուրք-բոլշեւիկեան բռնագրաւումէն ետք, Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուած Մոսկուայի պայմանագրին համաձայն, ստեղծուեցաւ Նախիջեւանի ԻԽՍՀ–ը` հայկական ինքնավարութիւն Ազրպէյճանի հովանաւորութեան ներքոյ, ԽՍՀՄ կազմին մէջ `առանց երրորդ կողմին փոխանցելու իրաւունքի: Խորհրդային տարիներուն ամբողջ բնիկ հայ բնակչութիւնը վտարուեցաւ: ԽՍՀՄ փլուզումէն ետք, որ արդէն ամբողջութեամբ զրկուած էր բնիկ բնակչութենէն, Նախիջեւանը մնաց Ազրպէյճանի տիրապետութեան տակ: Մինչեւ 2008 թուականը, Իլհամ Ալիեւի հրամանով, Ջուղայի եւ այլ վայրերու հայկական հնագոյն 127 եկեղեցիներ եւ աւելի քան 15 հազար խաչքարեր աւերուեցան ինքնավարութեան տարածքին մէջ: Իսկ Օրդուբադի 6-րդ դարու հայկական եկեղեցին վերածուեցաւ մզկիիթի: Ինչպէս ըսաւ փրոֆէսըր Շնիրելմանը, «այս ամէնը եղած է, որպէսզի այս հողին վրայ չըլլան պատմական հայկական ներկայութեան փաստեր»: Միակ յիշողութիւնը, որ Նախիջեւանը հայկական հող է, մնացած է անոր անուան մէջ: «Նախիջեւան» բառը ոչ մէկ ձեւով կը թարգմանուի թրքերէնէ, քանի որ հայերէնէ թարգմանաբար կը նշանակէ՝ «նախ/առաջին հանգրուան/կայարան». nah-ը «նախ»-ը (առաջին) նախածանցն է, իսկ «իջ(=չ)եւան»-ը հանգրուան, կայարան իմաստը ունի:
2) ԱՐՑԱԽ – Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար մարզ: Պաշտօնապէս ճանչցուած է իբրեւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան մաս: 1920 թուականին թուրքերը եւ ազրպէյճանցիները ապագայ ԼՂԻՄ-ի մայրաքաղաք Շուշիի մէջ կոտորեցին ողջ հայութիւնը` աւելի քան 30 հազար մարդ: Թուրքերու եւ ազրպէյճանցիներու տրամաբանութիւնը պարզ էր. հայկական հողերուն հաւակնելու համար ամբողջ հայ ազգը, փոքրէն մինչեւ ծեր, պէտք է արմատախիլ ըլլար, որն ալ ըրին: Թուրք-բոլշեւիկեան բռնագրաւումէն ետք անիկա փոխանցուեցաւ Ազրպէյճանական ԽՍՀ-ին ՝ իբրեւ հայկական ինքնավարութիւն: 1923 թ. Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար մարզին մէջ կար 149,600 հայ, որ կը կազմէր բնակչութեան 94.6 % -ը: Այսօր, շուրջ 100 տարի անց, անոնց սերունդներէն 700,000-ը փախստականներ են՝ հակահայկական քաղաքականութեան հետեւանքով՝ սկիզբը Ազրպէյճանի ԽՍՀ-էն, իսկ յետոյ՝ արդէն անկախ Ազրպէյճանէն: 1987 թ. ԼՂԻՄ-ը հռչակեց Հայկական ԽՍՀ-ին իր վերամիաւորման մասին, իսկ 1991 թ.՝ իր անկախութիւնը եւ ԼՂՀ-ի (Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան) ստեղծման մասին: Բայց Ազրպէյճանը ազգային զտումներու, քիմիական զէնքի, կասետային ռումբերու եւ տարբեր զէնքերու միջոցով արդէն 30 տարի կը փորձէ ոչնչացնել ԼՂՀ-ն: Այժմ ԼՂՀ-ի կէսէն աւելին բռնագրաւուած է Ազրպէյճանի կողմէ, իսկ միւս կէսը կը գտնուի Ռուսիոյ իրաւագիրին ներքոյ: »
3) Հայկական երկու պատմական իշխանութիւններու՝ ՋՐԱԲԵՐԴԻ եւ ՔԱՇԱԹԱՂԻ տարածքը: Այս իշխանութիւնները լուծարուեցան 18-րդ դարուն: Տեղի բնիկ հայ բնակչութիւնը մեծ մասամբ այն ժամանակ վտարուեցաւ, եւ անոնց փոխարէն հաստատուեցան քիւրտեր: Ազգերու լիգան այդ հողերը ճանչցաւ իբրեւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան անբաժանելի մաս: Սակայն, Հայաստանի՝ թուրք-բոլշեւիկեան բռնագրաւումէն ետք՝ Ջրաբերդը եւ Քաշաթաղը փոխանցուեցան Ազրպէյճանի ԽՍՀ-ին: Այստեղ մնացած հայերը վերջնականապէս վտարուեցան, իսկ անոնց փոխարէն կազմաւորուեցաւ Քիւրտիստանի շրջանը: 1936 թուականին քիւրտերը արտաքսուեցան Միջին Ասիա, Քիւրտիստանի շրջանը լուծարուեցաւ, եւ անոր փոխարէն ստեղծուեցան Քելբաջարի, Լաչինի, Զանգելանի եւ Կուբաթլուի շրջանները: 1936-1952 թուականներուն ամայի տարածքները բնակեցուած էին ազրպէյճանցիներով, որոնք յատուկ այդ նպատակով բերուած էին այլ շրջաններէ: 1992-1993 թուականներուն Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան այս հատուածը մտաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կազմին մէջ: 2020 թուականին, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի (Հայաստանի «դաշնակից»ի) խնդրանքով, անոնք առանց մէկ կրակոցի տեղափոխուեցան Ազրպէյճանի կազմ: Այստեղ ապրող շուրջ 20 հազար հայերը այրած են իրենց տուները եւ հեռացած՝ իրենց հետ տանելով նոյնիսկ իրենց հարազատներուն աճիւնները:
4) ՇԱՀՈՒՄԵԱՆԻ շրջան։ Կը մտնէր Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան կազմին մէջ: Հայաստանի՝ թուրք-բոլշեւիկեան բռնագրաւումէն ետք տարածքը փոխանցուեցաւ Ազրպէյճանական ԽՍՀ-ին: 1923 թուականին հայ բնակչութիւնը 98 % կը կազմէր: 1987-ին շրջանը յայտարարեց ԼՂԻՄ-ի, իսկ 1991-ին` ԼՂՀ-ի կազմին մէջ մտնելու մասին: 1992 թուականին, «Օղակ» գործողութեան ազգային զտման ժամանակ, ռուսական զօրքերը արտաքսեցին Շահումեանի շրջանի բոլոր բնակիչները եւ շրջանը փոխանցեցին Ազրպէյճանին: Ազրպէյճանցիները կողոպտած ու այրած են Շահումեանի շրջանի քաղաքներն ու գիւղերը:
5) ԳԱՐԴՄԱՆՔ: Կը ներառէ 4 շրջան ՝ Խանլար (Էլենդորֆ), Դաշքեսան (Քարհատ), Գետաբեկի (Գետաբակ) եւ Շամխորի լեռնային հատուածը: Կը մտնէր Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան կազմին մէջ: Հայաստանի՝ թուրք-բոլշեւիկեան բռնագրաւումէն ետք փոխանցուեցաւ Ազրպէյճանի ԽՍՀ-ին: 1923 թուականին այստեղ կ՝ապրէր 100,000 հայ, որոնք կը կազմէին ընդհանուր բնակչութեան 90 %-ը: Անոնք այսօր ունին 500,000-600,000 սերունդ: Բոլորը՝ փախստականներ: Խորհրդային իշխանութեան 70 տարիներուն ընթացքին ազրպէյճանցիները աշխոյժ կերպով տեղափոխուեցան Գարդմանք, իսկ հայերը վտարուեցան: 1950-ին հայերուն թիւը նուազած էր մինչեւ 65 %, 1970-ին՝ մինչեւ 40 %, 1990-ին՝ 25 %: Մնացած հայերը տեղահանուեցան 1990-1991 թուականներուն:
6) ԴԱՇՏԱՅԻն ՂԱՐԱԲԱՂ ԵՒ ՓԱՅՏԱԿԱՐԱՆԸ։ Դաշտային Ղարաբաղը կը համապատասխանէ պատմական հայկական Ուտիք նահանգին, որ աւելի քան 1000 տարի եղած է հայկական թագաւորութեան կազմին մէջ։