Անդրադարձ –«Կարմիր Գիծ»-ը Վաղուց Քաշած Ենք – ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Some ancient statues, reliefs, stones, pottery, and relics are found in the heart of historical Armenia (Armenia Minor), not too far from Kharpert (Kharput) and Urfa

Անդրադարձ –«Կարմիր Գիծ»-ը Վաղուց Քաշած Ենք – ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

26 ՕԳՈՍՏՈՍ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՆԵՐՔԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org

– Գիշերը որքան էլ երկարի, առաւոտը գալու է: – lousavor-avedis.org

Կարօ Արմէնեանի «Կարմիր Գիծ»-ին
Առնչութեամբ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Մեր շուրջ տեղի ունեցող զարգացումները ի՞նչ ակնոցով պիտի դիտենք:

Պիտի հաւատա՞նք արդեօք, որ այս ամբողջ եղածը մէկ խելապատիկի յիմարութեան հետեւանքն է, թէ՞ պիտի ընդունինք, որ այն, ինչ որ պատահեցաւ եւ դեռ ալ կը պատահի Հարաւային Կովկասի այս հատուածին ունի, ներքին «տինամիքա» մը, ներքին խմորում մը միայն, կամ ոչ:

Հոսկէ կը յայտնուի, հոսկէ պէտք է բնորոշուի իրական «կարմիր գիծ» ունենալ-չունենալու գաղափարը, որ այսօր մեզ օղակած է իր շրջանակին մէջ:

Աշխարհը մեծ շրջանակ, իսկ մենք հոս` Երեւանի, Տաւուշի, Սիւնիքի, տակաւին աւելի հեռուն` Ստեփանակերտի, Սուսի, Բերձորի կամ Աղաւնոյի մէջ, «նետուած» ենք այն օղակին մէջ, որ կրակէ շապիկ է կարծէք:

Շրջանակը այս աշխարհն է, մեր աշխարհը չէ ապահովաբար, բայց մենք ալ, ուրիշներու նման, անոր բնակիչներն ենք:

Մեր ձեռքերուն դրուած է ճակատագիր մը, իսկ ուսերուն ալ` պայքարի երկաթեայ բռունցք մը, զոր պահած են այսքան երկար ժամանակ:

Պաղեստինցի մեծ բանաստեղծ Մահմուտ Տարուիշ իր ժողովուրդի պայքարը բնութագրելու համար ամէնէն յարմար եւ բնորոշիչ տողերը գրեց, երբ տարբեր շարժումներու բովերէն անցած, մահուան ու հալածանքի տափաստանները կտրած ռազմիկին մասին գրեց եւ ըսաւ. «Եւ ան կը քալէ իր ափերուն ձիթենիի ճիւղ մը, իսկ ուսերուն` իր սեփական դագաղը»:

Հաւանաբար Տարուիշ իրենց պայքարի մեծ խորհրդանիշ` Եասեր Արաֆաթին մասին գրած էր այդ բոլորը` քաջ գիտակցելով, որ մահուան ճակատներէն անցած առաջնորդները խաղաղութեան օրերուն ալ ապրելու եւ ապրեցնելու ելքեր անպայման կ՛ունենան:

Ժամանակները այլ էին գուցէ, Պաղեստինը նոր կը ճանչցուէր, ամէն տեղ կռիւ էր ու պայքար, պաղեստինցի ֆետայիներու ափերը «բաց» չէին, հակառա՛կը, բռունցք էին եթերին մէջ:

Աշխարհը այն ատեն ալ շրջանակ էր, որ իր օղակին մէջ նետած էր 1948 թուականէն ի վեր կենաց մահու

պայքար մղող պաղեստինցի ժողովուրդն ու պաղեստինեան դատը:

Ու եղաւ մէկը ի վերջոյ, որ պատռեց լռութեան շղարշը եւ աշխարհին ցոյց տուաւ, որ պայքարող ժողովուրդը չի մեռնիր…

Մնացեալը բոլորս շատ լաւ գիտենք, ու տարերային այդ պատումին մէջ լռութեան մեծ շղարշէն դուրս սլացող պահանջատիրութեան ձեռքն էր, որ այսօր ալ կը շարունակէ իր պայքարը, նոյնիսկ եթէ արաբները ընդունին, կամ չընդունին:

Այս բոլորը շարադրեցի պարզապէս ըսելու համար, որ բազմաբնոյթ պայքարի ինչ-ինչ ձեւեր կան ու այսօրուան մեր վիճակը մեծ հաշուով պարտուած կողմի «պատիժ կրելու» ժամանակն է եւ անելանելի չէ:

Կարեւորը պայքարի հունը ճիշդ ուղիին վրայ դնելն է` հակառակ մեր շուրջ տիրող շրջանակին, հակառակ աշխարհին կողմէ ամենաթողութեան հասնող ապաբարոյ կեցուածքին:

Խմբագիրիս հետ մեր ունեցած զրոյցներուն ընթացքին ան միշտ ալ խօսած է «Հայկական արեւելում» վերնագիրը կրող դրուածքին մասին, որ չես գիտեր` ինչպէ՛ս այսօր անտեսուած է եւ կը շարունակէ մնալ ծուարած` դարակներուն մէջ:

Երբ պայքարի հունը, շրջանին մէջ եղած մեծ դերաբաշխումները հասկնալ փորձենք, երբ կարդանք ռուսերէնով գրուած ու տակաւին թրքերէնով «վաւերացուած» փակ սենեակներու հաղորդագրութիւնները, երբ հասկնանք ստեղծուած շրջանակին մեծ ճնշումն ու երբ տեսնենք, որ այդ օղակը, որուն մէջ դրուած ենք այսօր, անաւարտ օղակ մը չէ, այլ սոսկ` անցողակի ու ժամանակաւոր «տրոհում» մը, այն ատեն միայն պիտի ընկալենք մեր շուրջ գոյացած ճահիճին «տրամաբանութիւն»-ը:

Այսօր մեր պայքարն է, որ կը փորձեն տրոհել, մեր տեսակն է, որ կ՛ուզեն վերացնել ու մեր ոգին, որ հեռագնաց է ու անժամանակ, կ՛ուզեն կազմաքանդել:

Պաղեստինի վառ օրինակը մեզի դաս է: Մենք, որ ժամանակին յարմարողը չենք եղած երբեք ու հազար անգամ մահուան աչքերուն մէջ նայած ու չենք պարտուած…

«Խաղաղութիւն սիրողը թող պաշտպանի մեր հողը» կը պատգամէ մեր երգը եւ այսօր այս ամէնէն աւելի ջլատիչ ժամանակներուն, երբ մեր շուրջ ամէն օր, ամէն այգի, ամէն յոյզի մէջ վախճանի մը ցոլքը կայ, մենք դարձեալ իրաւունք չունինք տեղի տալու:

Մեր բռունցքը խաղաղութեան բռունցք է, քանի, որպէս կամքի թելադրողներ, վաղուց, շա՜տ վաղուց գծած ենք մեր ազգի «կարմիր գիծեր»-ը:

Ուղղակի մեզի աղն է, որ կը պակսի, եւ` շաղախը, որպէսզի համայնակուլ այս ցաւէն դարձեալ ոտքի կանգնինք:

Ժողովուրդները կրնան մեռնիլ` առանց այդ պայքարի յոյզին, իսկ հիմա, այս պահուն եւ ամէնուր որ կամք կայ նաեւ այդ պայքարի կտոր մը յոյզը:

Իրական «կարմիր գիծ»-ը այդ է:

aztagdaily.com/archives/555606

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail