Անդրադարձ – Ո՞վ Կը Խանգարէ` Սթափեցէ՛ք, Ընդունեցէ՛ք, Որ Սխալած Էք – ԶԱՒԷՆ ԼԻՅԼՈԶԵԱՆ

Culture and History – 38 km away from Van, Ayanis Castle built by Rusa II – A 38 km de Van, le château d'Ayanis construit par Rusa II – Վանից 38 կմ հեռու՝ Ռուսա Բ-ի կառուցած Այանիս ամրոց

Անդրադարձ – Ո՞վ Կը Խանգարէ` Սթափեցէ՛ք, Ընդունեցէ՛ք, Որ Սխալած Էք – ԶԱՒԷՆ ԼԻՅԼՈԶԵԱՆ

29 ՕԳՈՍՏՈՍ 2022 – ՀԱՅ ԴԱՏ – ՍՓԻՒՌՔ:

ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org

– Գիշերը որքան էլ երկարի, առաւոտը գալու է: – lousavor-avedis.org

ԶԱՒԷՆ ԼԻՅԼՈԶԵԱՆ

ԱԺ «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր, նախկին նախարար Արսէն Թորոսեան Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է` «Խաղաղութիւնն իրականում գին չունի, անգին է, ինչպէս կեանքը»:

Չենք կարծեր, որ մարդ կրնայ կասկածիլ այս հաստատման իրաւացիութեան, մասնաւորապէս` հազարամեակներ նստակեաց կենցաղ վարած հայ ազգը: Սակայն կարեւոր է նաեւ ճշդել` խաղաղութեան տակ արդեօ՞ք կը հասկնանք մարդու հիմնարար իրաւունքներու` կեանքի, պատուի, գոյքի, ազատութիւններու յարգանք, ազգի ինքնուրոյնութեան եւ ազատ զարգացման պայմաններ:

Տրամաբանութենէն խոտորումը կը սկսի այստեղ` «Պէտք է սթափուենք, ընդունենք, որ սխալուել ենք»:

Կարեւորը` ինչէ՞ն:

Ի հարկէ «կեանքն անգին է»: Բայց կեանքը պէտք է պաշտպանել հարկ եղած պարագային: Թէ՞ այդպէս չէ: «Հակառակը պնդելը մահուան եւ պատերազմի քարոզ է: Մահը երբեք աւելի թանկ չի կարող լինել, քան` կեանքը, չնայած` մեզ հարիւրամեակներով քարոզել են հակառակը», գրած է վերջին օրերու «իմաստունը» եւ շարունակած. «Քարոզել են ազգի արտօնեալները, որ երբեք իրենք չէին զոհուելու, քարոզել են իրենց «ազգային» հռչակած կուսակցութիւնները, որ մահով են արդարացրել իրենց գոյութիւնը, քարոզել են մոլորուած մարգինալներն ու ռոմանտիկները, քարոզել են` մեզ զոհուելու, եւ ոչ թէ` ապրելու դատապարտող օտարները»: Յստակացո՛ւր, յականէ յանուանէ որո՜նք էին ակնարկածդ արտօնեալները: Իսկ կուսակցութիւններու պահով «իւղ կը վառես», եթէ մտքիդ Դաշնակցութիւնն է: Եթէ պէտք է, հսկայ գրականութիւն կայ, կրնաս կարդալ, օրինակ վերցնել, թէ մարդիկ պատասխանատուութիւնը ինչպէ՜ս ըմբռնած են ու կիրարկած: Սակայն շարունակենք մեր քաղուածքը:

«Ու տրուել ենք մենք այդ քարոզին, մեծից փոքր, ռամիկից մտաւորական, սովորական քաղաքացուց մինչեւ իշխանաւոր: Տրուել ենք ու ընտրել մահը, ոչ թէ` կեանքը: Ու շարունակւում է այդ քարոզը: Դեռ ինչքան պէտք է ընտրենք մահը եւ ոչ թէ` կեանքը, դեռ ինչքա՞ն պէտք է սխալուենք: Մինչեւ ի սպառ բնաջնջո՞ւմ, որ լոկ մնա՞նք այլ ազգերի պատմութեան դասագրքերում: Որ կրկին պատմական հայրենիք դաւանենք` իրականի փոխարէն»:

Բայց ո՞վ ըսաւ, որ իրական հայրենիքի համար չէր ու այսօր ալ չէ կռիւը: Մարդիկ աննպատա՞կ, աւելի՛ն, անտեղի՞ կը դիմեն մահուան, կուրօրէ՞ն, առա՞նց հարկադրանքի, թէ՞ իրենց ու իրենց ժառանգներու կեանքի, ինքնուրոյնութեան եւ ազատութեան իրաւունքը վաստկելու: Այս տխեղծ տրամաբանութեամբ, թուրանականութեան, նացիզմի եւ ֆաշիզմի, սիոնիզմի եւ այլ գաղութարարներու` աւելի հզօրներու կամքին դիմաց մարդիկ, ազգեր, հայրենիքներ գլխիկոր պէտք էր համակերպէին ու ենթարկուէին:

Սակայն շարունակենք կարդալ ու փորձել հասկնալ իշխող ուժի հիւանդ` պարտուողական տրամաբանութիւնը.

«Պէտք է սթափուենք, ընդունենք, որ սխալուել ենք: Սխալուել ենք 100 տարի առաջ, երբ գետնի վրայի իրականութիւնը ստորադասեցինք եւրոպական քաղաքներում կնքուած ինչ-որ փաստաթղթերի եւ նորից կորցրեցինք իրական հայրենիքի մի մասը: Սխալուել ենք նաեւ 30 տարի առաջ, երբ քանդուող կայսրութեան հոգեվարքի ժամանակ կրկին ընտրեցինք մահն ու պատերազմը եւ «յաղթող» դարձանք, դարձանք ու հպարտութիւնից կուրացանք: Կուրացանք` մեծից փոքր, ռամիկից մտաւորական, սովորական քաղաքացուց մինչեւ իշխանաւոր: Ու մինչ օրս կոյր ենք, չենք հասկանում ու ընդունում մեր սխալները, հրաժարւում ենք առերեսուել գետնի վրայի իրականութեան հետ ու շարունակում ընտրել մահը:

«Մեր սխալների ընդունումն է բերելու խաղաղութեան, ոչ թէ` դրանց կրկնումը: Իրաւունք չունենք կրկնել նոյն սխալները` մերժելով օբիեկտիւ իրականութիւնը կամ մեկնաբանելով այն մեր քմահաճոյքով: Իրաւունք չունենք: Խաղաղութիւնն անգին է», եզրափակած է նորելուկ տեսաբանը:

Խորհրդային քարոզչական թեզ է` 1920 մայիսին իշխանութիւնը յանձնէին, 70 հազար քառ. քմ Հայաստան կը ժառանգէինք: Առայժմ պիտի գոհանամ` ըսելով, թէ ի՞նչ երաշխիք, որ Հայաստանի, անկախութեան դէմ դաւած Քրեմլինը պիտի հանդուրժէր ինքնուրոյնութեան նախադրեալներ պահող Հայաստանի, թէկուզ` խորհրդային գոյութիւնը: Սովետը` ինք, արհեստական պետութիւն էր, ինչպէս արհեստական է որեւէ գաղութատիրութիւն: Բնականը հազարամեակներու պատմութիւն, մշակոյթ եւ քաղաքակրթութիւն կերտած ազգի ազատ ու անկաշկանդ կեանքն է իր հայրենիքին մէջ: Աս ալ ծանօթ է թշնամիներուն: Յուսանք` ձեզի ալ:

Թորոսեա՛ն, գործող իշխանութեան ներկայացուցիչ էք: Նորութիւն չէ այն, ինչ որ կ’ըսէք, կրկնութիւն է` ԼՏՊ-էն մինչեւ ՆՓ: Առաջինը` ԼՏՊ-ն, իշխանութենէն հեռացուեցաւ նոյն մոլորութեան համար, ՆՓ-ին հեռացնել չյաջողեցաւ մինչեւ պատերազմ ու խուսափիլ աղէտէն: Այսօր աղէտին մէջ կը յառաջանանք:

Նորօրեայ տեսաբաններուդ եւ ձեր հոգեհայրերուն պիտի առաջարկենք միասին նստիլ ու հատ-հատ նշել այն վրիպումները, որոնք դարերով հայ ազգը եւ իր առաջնորդները չեն սրբագրած, որոնց հետեւանքը եղած է հայրենիքի մեծ մասի կորուստը:

Յարգուելու համար ըսէք` զիջողականութենէն ու «ձեր սուր` մեր պարանոց» տրամաբանութենէն դուրս, ինչի՞ ընդունակ էք եւ ինչի՞ պատրաստ:

Մենք անցեալը չենք կրնար փոխել. ինչ որ պատահած է, պատահած է: Սակայն չընդունիլ, որ մեր ազգի ու հայրենիքի արդի գոյութիւնը բազմաճակատ պայքարով պահպանած ենք վերջին հարիւր թէ երեսուն տարուան մէջ, առնուազն արգահատանքի արժանի է: Հայկ նահապետն ալ սխալական կրնաք հանել այս տրամաբանութեամբ եւ հայոց պատմութենէն դուրս գալ ընդհանրապէս: Ա՛տ ալ ձեր ընտրութիւնն է:

Ինչ որ չէ արտօնուած, պատմութեան տրամաբանութիւնը մերժող եւ զայն յաղթահարելու կամեցողութեան բացակայութեամբ ստրկութեան ծանր շղթան հայ ազգի ու հայրենիքի վիզին փաթթելու ձեր հիւանդ յամառութիւնն է: Սթափեցէ՛ք, ընդունեցէ՛ք, որ սխալած էք, սխա՛լ դաստիարակուած էք, ուղղուեցէ՛ք:

Ազգային ազատագրական պայքարը անաւարտ մնաց հարիւր տարի առաջ, երեսուն տարի առաջ ալ մասնակի նպատակներով բաւարարուեցան ու սահմանափակուեցան օրուան իշխանաւորները:

Փա՛ստ է: Հոս նաեւ թշնամիներուն համար կը գրենք:

Ներկայի փաստն ալ միլիոնաւոր նահատակներու արեամբ վաստկուած ազգային խարիսխը` անկախ պետականութիւնը կործանելու իշխանական յօժարութիւնն է: Հերքեցէ՛ք, եթէ կրնաք:

Մինչեւ ե՞րբ կարելի է հանդուրժել ազգի ու հայրենիքի ծանծաղամիտ առաջնորդութեան:

Օ՛ն, թուղթ-մատիտ վերցուցէք եւ ընդունելի, ապագայ խոստացող արժանապատիւ ծրագիր գրեցէք, եթէ ատակ էք:

Մի՛ ըսէք` մանտաթ ունիք: Ժողովուրդը չի կրնար հայրենիքն անտիրութեան մատնելու ու յաւելեալ հողային կորուստներու համար լիազօրել:

«Յուսաբեր»

aztagdaily.com/archives/556215

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail