Ի՜նչ Գագաթ, Ի՜նչ Ժողով, Ի՜նչ․․․ Գագաթաժողով – Ի՜նչ Գագաթ, Ի՜նչ Ժողով, Ի՜նչ․․․ Գագաթաժողով – Հայրենիք Խմբագրական

Ի՜նչ Գագաթ, Ի՜նչ Ժողով, Ի՜նչ․․․ Գագաթաժողով – Ի՜նչ Գագաթ, Ի՜նչ Ժողով, Ի՜նչ․․․ Գագաթաժողով – Հայրենիք Խմբագրական

29 ՕԳՈՍՏՈՍ 2022 – ՀԱՅ ԴԱՏ – ՍՓԻՒՌՔ:

ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org

– Գիշերը որքան էլ երկարի, առաւոտը գալու է: – lousavor-avedis.org

Խմբագրական

«Երբեք չես կրնար փոխել կացութիւնը՝ պայքարելով գոյութիւն ունեցող իրականութեան դէմ»:
Ռիչըրտ Պաքմինսթըր Ֆիւլըր (1895-1983, ամերիկացի գիւտարար եւ փիլիսոփայ)

Կարճատեսութի՞ւն, անլրջութի՞ւն, թէ՞ պարզապէս ինքնախաբէութիւն։

Կարճ պատասխանը՝ նոր սադրանք եւ դառն իրականութիւններէ շեղելու «հնարք»:

Կը թուի, թէ հայրենի իշխանութիւններուն համար, բոլոր դաժան հարցերը լուծուած են ու ամէն բան հեզասահ կ՛ընթանայ: Մինչեւ իսկ կրնանք մտածել, որ Եռագոյնով զարդարուած երկրորդ (ինչո՞ւ չէ նաեւ երրորդ, չորրորդ․․․) արբանեակ(ներ) ալ կարելի է արձակել դէպի անջրպետ, հոգ չէ թէ հոն ալ շատ բան շինծու է ու քարոզչական: Ըստ երեւոյթին, հազարաւոր մղոններ հեռու եւ անհասանելի անջրպետն ու իր խորհրդաւոր տարածքը աւելի՛ կը հետաքրքրէ Հ․Հ․ իշխանութիւնը, քան իր անմիջական սահմանները, սկսելով Սիւնիքէն մինչեւ Արցախ, ուր դրօշակն ու անոր սրբութիւնը կը կծկուին յառաջատուական թափով։

Եւ ահա, հայրենաքանդ նէօ-տրամաբանութեամբ եւ խեղկատակութեամբ, մոռնալով 44-օրեայ պատերազմի ծանր պարտութիւնն ու անոր հետեւած՝ գրեթէ երկու տարիէ ի վեր շարունակուող դիւանագիտական գլխիկոր պարտութիւնը, Հ․Հ․ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարը տոն-քիշոթեան մտայղացումը ունեցած է, յառաջիկայ Հոկտեմբերի աւարտին, Երեւանի մէջ կազմակերպելու գեր-բարձր մակարդակի ժողով մը, որ կը կրէ «Համաշխարհային հայկական գագաթաժողով» անունը։ Տարակոյս չկայ, որ այս հնարքին մղիչ ուժը՝ նոյնինքն ամենազօր, ամենագէտ եւ ամենակարող վարչապետն է:

Ընդունինք, որ բոլորովին նոր մտայղացում մը չէ Հ․Հ․ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարութեան առաջարկածը։ Նմանօրինակ գագաթաժողովներ կազմակերպուած են բազմիցս, նաեւ «հին»-երու ժամանակ եւ միշտ ալ… թիւը գերազանցած է մակարդակը։

Հիմա, պատկերը տարբեր պիտի չըլլայ, այլ հարցը «թայմինկ»-ն է։ Հայաստանի ներքին ու զայն շրջապատող արտաքին խառնիճաղանճին մէջ, արդեօք բեմահարթակին վրայ ինչի՞ մասին պիտի խօսուի, որո՞նք խօսքի աճուրդի պիտի ելլեն խօսափողի ետին։

Հ․Հ․ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնա(ան)կատարը, անտեսելով կազմակերպ ու երկարատեւ փորձառութիւն կերտած կառոյցները, կը դիմէ անհատներու, որոնց որսորդութիւնը (ըստ իր հաստատումներուն) որոշ արդիւնք տուած է եւ ան գործի լծուած է՝ կերտելու նոր հիմնարկներ, միութիւններ եւ հաստատութիւններ, ինչպէս որ անցեալ տարուան ընտրութիւններու նախօրեակին, մէկը միւսին ետեւէ բուսան նոր կուսակցութիւններ եւ յետոյ չքացան հրապարակէն:
Անհատական ներդրումներու եւ անոնց հովանաւորութեամբ ստեղծուած կառոյցներով՝ կը փորձուի կերտել Նէօ-Սփիւռք մը, որուն նպատակներէն մէկն է այս գագաթաժողովը։

Կասկած չկայ, որ «բաժնէ, որ տիրես»-ի տրամաբանութիւնը տիրապետող կը մնայ այս վարչախումբին մօտ, ինչպէս որ կ՚ըլլայ ներքին բեմին վրայ, հինի-նորի, սպիտակի-սեւի, յեղափոխականի-«ռեւանշիստ»ի եւ այլ որակումներով: Չորս տարի առաջ սկսած պառակտիչ այս «քաղաքականութիւնը» հիմա կը փորձեն ծրագրուած եւ կազմակերպուած ձեւով արտածել դէպի Սփիւռք: Կարմիր յեղափոխականներն ալ նոյնը ըրին 100 տարի առաջ…

Յստակ է, թէ քանի մը ծանօթ «աստղ»-երու վրայ յենելով «ազգընտիր վարչապետ»-ին հլու կամակատար յանձնակատարը գործի պիտի լծէ քարոզչական մեքենան եւ փառատօնային բնոյթ ունեցող հանդիսութիւն մը պիտի կազմակերպուի, որուն աւարտին, կրնայ կատարուիլ նաեւ յուշանուէրներու, մետալներու յանձնում (Տաւուշի ճակատումէն ետք բաշխուած շքանշաններուն հետեւողութեամբ), գեղարուեստական ելոյթներ եւ ինչո՞ւ չէ՝ հրավառութիւն («Սուրմալու»-ն միակ պահեստանոցը չէր…)։

Հարց է, թէ այսպէս կոչուած՝ գագաթաժողովին, մէկը յանդգնութիւնը պիտի ունենա՞յ արծարծելու մարդու իրաւունքները, շարունակ ոտնակոխ եղող ժողովրդավարութիւնն ու խուցերու մէջ բանտարկուածներու հարցը։ Պիտի խօսուի՞ պատերազմական գերիներուն, պատանդներուն, թշնամիին համաթուրանական ծրագիրներուն եւ հայութեան կարողականութիւնը ՄԻԱՍՆԱԲԱՐ Հայրենիքի ծառայութեան, պահպանումի՛ն լծելու ընտրանքներուն մասին: Մէկը պիտի յիշեցնէ՞ իշխանաւորներուն, որ գերիներու հարցէն, Արցախէն ու նոյնինքն Հայաստանի տարածքներէն կարելի չէ ձեռք լուալ, պիտի խոնարհի՞ն Եռաբլուրի ծաւալող տարածքին ի տես, պիտի հաստատե՞ն, թէ այս ու նմանօրինակ տագնապալի հարցե՛րն են մեր գլխաւոր օրակարգը:

Յուսալը յանցանք չէ…

Դարձեալ հարց տանք. արդեօք ժամանա՞կն է նմանօրինակ դատարկաբանութեան, թութակումի եւ աժան ցուցադրութեան, երբ հայրենիքը կը դիմագրաւէ կենաց-մահու մարտահրաւէրներ, Թուրքիայէն ու Ատրպէյճանէն ամէն օր կը հնչեն նոր սպառնալիքներ, կը հասնին նոր պահանջներ, թէ՞ պիտի տիրապետէ «շօ մը աւելի»-ի տրամաբանութիւնը:

Կրկնենք: Երբ կը խօսուի համաշխարհային հայկական գագաթաժողովի մը մասին, արդեօք պիտի յիշուի՞ վիրաւոր ԱՐՑԱԽԸ, խոցուած ու խոցելի սահմանները, թէ՞ օրակարգը պիտի ըլլայ՝ ժողովատեղի, ապա խրախճանական սեղաններ եւ վե՛րջ։

Carte de l’extension approximative du royaume d’Urartu avec sa zone d’influence maximale vers 750 av. J.-C. Map of the approximate extension of the kingdom of Urartu, with its maximal dominion before 750 BC. Ուրարտուն (Նաիրի) մոտ մ.թ.ա. 750թ.

yerakouyn.com/2022/08/26/ի՜նչ-գագաթ-ի՜նչ-ժողով-ի՜նչ․․․-գագաթ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail