Հայկական Պետութիւնը Երբեք Այսքան Հակահայկական Չէ Եղած, Որքան Այսօր․ Հրանդ Մելիք-Շահնազարեան
01 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ:
ՀՀ Կառավարութիւնը կը զանազանէ հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման խնդիրը Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրէն։ Այս մասին Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է Հրանդ Մելիք-Շահնազարեան։
«Յայտարարութիւնները այնպէս ձեւակերպուած են, կարծես խօսքը երկու տարբեր՝ իրարու հետ կապ չունեցող գործընթացներու մասին է։ Տեսէք նախօրէին Պրիւքսէլի մէջ կայացած Միշէլ-Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպման մասին պաշտօնական հաղորդագրութիւնը եւ կը համոզուիք։
Կը կարծեմ՝ աւելորդ է յիշեցնել, որ այս մօտեցումը Պաքուի մէջ ձեւաւորուած է։ Ատիկա Ազրպէյյճանի պաշտօնական դիրքորոշումն է, որ արդէն ընդունուած է պաշտօնական Երեւանի կողմէն։ Եւ ատիկա ուրիշ բան չէ, քան Արցախի ու հայ ժողովուրդի շահի ստորադասում թշնամի երկրի մշակած օրակարգին։
Հայկական պետութիւնը երբեք այսքան հակահայկական չէ եղած, որքան այսօր։ Եւ այդ պետութիւնը խաղաղութեան պայմանագրի առարկայական բանակցութիւններ կը սկսի Ազրպէյճանի հետ (Պաքուի յաջորդ պահանջը)։ Թէ ինչ պիտի ըլլայ անոր վերջնարդիւնքը, վստահ եմ, նոյնպէս պարզ է՝ խաղաղութեան փոխարէն մեր ժողովուրդը պիտի ստանայ նոր հարուածներ եւ նոր կորուստներ։ Ահա թէ ուր կ՝երթայ այս գնացքը…»։
Հրանդ Մելիք-Շահնազարյան
Քաղաքագէտ,
«Ոսկանապատ» վերլուծական կեդրոնի ղեկավար
yerakouyn.com/2022/09/01/հայկական-պետութիւնը-երբեք-այսքան-հակ/