Բաց նամակ ՅՈՒՆԵՍԿՕ-ի գլխաւոր տնօրէն տիկին Օդրի Ազուլէյին – Բաց նամակ ՅՈՒՆԵՍԿՕ-ի գլխաւոր տնօրէն տիկին Օդրի Ազուլէյին

Բաց նամակ ՅՈՒՆԵՍԿՕ-ի գլխաւոր տնօրէն տիկին Օդրի Ազուլէյին – Բաց նամակ ՅՈՒՆԵՍԿՕ-ի գլխաւոր տնօրէն տիկին Օդրի Ազուլէյին

29 Օգոստոս, 2022 – ՅՈՒՆԵՍԿՕ

Յարգելի տիկին Օդրի Ազուլէ

Թոյլ տուէք եւս մէկ անգամ յայտնելու իմ խորին յարգանքը Ձեզի եւ հաստատել, որ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութիւնը (Հայաստան պետութիւն) 2018 թուականի Մարտի 20-ին ճանչնալով եւ վաւերացնելով ՅՈՒՆԵՍԿՕ-ի կանոնադրութիւնը՝ լիովին կ՛ընդունի կազմակերպութեան կողմէ հռչակուած դրոյթներն ու նպատակները, անվտանգութիւն կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի բնագաւառներէն ներս, պետութիւններու եւ ժողովուրդներու միջեւ համագործակցութեան ընդլայնման միջոցով ապահովելու արդարութիւնն ու օրէնքի գերակայութիւնը, յարգանքը մարդու իրաւունքներուն եւ հիմնարար ազատութիւններուն նկատմամբ, հռչակուած ՄԱԿ-ի կանոնադրութեամբ, բոլոր ժողովուրդներու համար՝ առանց ռասայական, սեռական, լեզուական կամ կրօնական խտրութեան:

ՅՈՒՆԵՍԿՕ-ի ընդունած պայմանագրերուն շնորհիւ միջազգային հանրութիւնը կը համախմբուի՝ հասնելու համար ընդհանուր նպատակներու, եւ պահպանելու համար մարդկութեան մշակութային ժառանգութիւնը։ Եւ Ձեր գործունէութեան շնորհիւ շատ կարեւոր աշխատանք կ՛իրականացուի մարդկութեան մշակութային՝ թէ՛ նիւթական, թէ՛ ոչ նիւթական ժառանգութեան պահպանման ուղղութեամբ։

Ահա թէ ինչու, այսօր կորսնցնելով որեւէ մէկին կողմէ օգնութիւն ստանալու յոյսը՝ Ձեզի կը դիմեմ խնդրանքով, որ Ձեր հայացքն ուղղէք դէպի Հայկական լեռնաշխարհ, ուր տասնամեակներ շարունակ կ՛ոչնչացուի հայկական մեծագոյն ու հին քաղաքակրթութեան ժառանգութիւնը, ինչը միայն հայ ժողովուրդի ժառանգութիւնը չէ, այլեւ ամբողջ աշխարհի։

Հայկական լեռնաշխարհը, որ 1894 թուականին Հայոց ցեղասպանութիւնը կազմակերպած թիւրք սուլթան Աբդուլ Համիդ II-ին կողմէ վերանուանուած է «Անատոլիա» եզրով, ըստ բազմաթիւ հայ, եւրոպացի եւ ամերիկացի գիտնականներու՝ քաղաքակրթութեան բնօրրանն է։

Մինչ այժմ «սեւ հնագէտները» ապօրինի պեղումներ կ՛ընեն Հայկական լեռնաշխարհին մէջ, անոնք կ՛ոչնչացնեն եզակի հնագիտական յուշարձաներն ու գտածոները Վանայ լիճի (Արարատի, Վանի թագաւորութիւն, Ուրարտու), հայկական Կիլիկիոյ, հին հայկական Եդեսիոյ տարածքներուն (Ուրֆա, թրքական Շանլիուրֆա տեղանուան փոփոխութեամբ), հին հայկական մայրաքաղաք Անիի՝ 1001 եկեղեցիներու քաղաքի տարածքին եւ պատմական հայկական բազմաթիւ այլ բնակավայրերուն մէջ։

Պեղումները կը կատարուին կոպիտ, բարբարոսաբար, մասնաւորապէս էքսկավատորներու միջոցով, ընդ որում, ոչնչացնելով պատերու հոյակապ փորագրութիւններն անոնց զարդաքանդակներով հանդերձ, ինչպէս նաեւ որմնանկարներով զարդարուած պատերը։ Գտնուած հնագիտական նիւթերը՝ որոնք եթէ հնարաւոր չ՛ըլլար վաճառել, անխղճօրէն կ՛ոչնչացուին վանդալներու կողմէ:

Ես կը հասկնամ, որ այս պահին աշխարհի երեսին շատ սարսափելի բաներ տեղի կ՛ունենան։ Այնուամենայնիւ, վերը նշուած հնագիտական նիւթերուն միջոցով է, որ կարելի է բացայայտել բարձրագոյն քաղաքակրթութեան պատմութեան չուսումնասիրուած շերտերը, եւ ճիշդ այդ նիւթերն են, որ կրնան բացայայտել պատմութեան սկիզբի եւ անոր զարգացման մինչ այժմ անյայտ, չուսումնասիրուած շերտերը…

Յարգելի տիկին Օդրի Ազուլէ

Վերոյիշեալ հնագոյն քաղաքները, ապօրինի պեղումներու վայրերը, ըստ ԱՄՆ-ի 28-րդ նախագահ Վուդրօ Ուիլսոնի կայացուցած Իրաւարար վճիռին, դէ իւրէ կը գտնուի Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան (Հայաստան պետութեան) տարածքին, եւ ես, Արեւմտեան Հայաստանի քաղաքացիներուն կողմէ օրինականօրէն ընտրուած ըլլալու հանգամանքով՝ կը հանդիսանամ անոր պաշտօնական ներկայացուցիչը։

Յարգանքներով՝

Յուլիա Գիւլոյեան
Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան (Հայաստան պետութիւն) Մշակոյթի նախարար

29 Օգոստոս, 2022 թ․

Արեւմտահայերէնի վերածեց Մովսէս Նաճարեան

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail