ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ. Արցախի Սուրբ Անկախութեան Պահպանումը Իւրաքանչիւր Հայու Պարտականութիւնն Է

Carte de l’extension approximative du royaume d’Urartu avec sa zone d’influence maximale vers 750 av. J.-C. Map of the approximate extension of the kingdom of Urartu, with its maximal dominion before 750 BC. Ուրարտուն (Նաիրի) մոտ մ.թ.ա. 750թ.

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ. Արցախի Սուրբ Անկախութեան Պահպանումը Իւրաքանչիւր Հայու Պարտականութիւնն Է

03 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2022 –

Նախորդ ամսուան իրադարձութիւնները ցոյց տուին, թէ հայութեան միացեալ ջանքերով իրականացուած յաղթանակները որքան անցողակի են, որովհետեւ վերջին երկու տարիներուն, մեր թշնամիները՝ Ատրպէյճան եւ Թուրքիա, իրենց ամբարած ռազմական ուժերը շահագործելով՝ կեանքեր խլեցին եւ զիջումներ ապահովեցին։

Առաւել քան դար մը առաջ սկսած ցեղային մաքրագործման արշաւը նոր թափ ստացաւ երկու տարի առաջ, երբ Ատրպէյճան՝ Թուրքիոյ բացայայտ աջակցութեամբ, ռազմական միջոցներու դիմեց Արցախը խլելու եւ զայն Հայաստանէն անջատելու նպատակով։

Այսօր, երբ կը նշենք 2 Սեպտեմբեր 1990ին հռչակուած Արցախի անկախութեան 31րդ տարեդարձը, Պաքուէն հայատեացութեան եւ սպառնալիքներու հովերը կը շարունակեն փչել։

Յատկանշանական է նաեւ, որ միայն քանի մը օր առաջ մահացաւ Խորհրդային Միութեան վերջին ղեկավարը՝ Միխայէլ Կորպաչեւ, որուն որդեգրած քաղաքականութիւնը ինքնորոշման իրաւունք պահանջելու՝ Արցախի ժողովուրդին մղումներէն մէկը եղած էր։

Անցեալ ամիս, Արցախի ժողովուրդը ականտես դարձաւ ատրպէյճանական նորագոյն յարձակումին, որուն զոհ գացին երկու հայորդիներ եւ որ առաջնորդեց Բերդձորի, Աղաւնոյի եւ Սուսի հայաթափման։

44օրեայ պատերազմը հայութիւնը դրած է անպաշտպանելի դիրքի վրայ, եւ մինչ մեր թշնամին կը ջանայ հայկական հետքերը ջնջել Արցախի եւ նոյնիսկ Հայաստանի մեր պատմական հողերու վրայէն, մենք դարձեալ կը զգանք, թէ որքան սուրբ է այն անկախութիւնը, որ խլուեցաւ մեր եղբայրներու եւ քոյրերու արիւնով։

Այսօր, այդ անկախութիւնը վտանգուած է, իսկ նոր յաղթանակի մը ապահովումը անհաւանական կը թուի։ 44օրեայ պատերազմէն երկու տարի ետք, իւրաքանչիւր հայ տակաւին կը փորձէ անոր եւ մեր վերագրաւած հողերուն մէկ մասին վերադարձին առաջնորդած 9 Նոյեմբերի յայտարարութեան պատճառած աղէտին հետեւանքները մարսել։

Արցախ եւ Հայաստան այժմ կը գտնուին նորագոյն հակամարտութեան կեդրոնին՝ Ռուսիոյ եւ Արեւմուտքի միջեւ, որուն կողմերը կը փորձեն շահագործել Հայաստանը, ոտնակոխելով անոր ժողովուրդին տարրական իրաւունքերը։

Ռուսիա, որ ինքզինք կը շարունակէ կոչել Հայաստանի «ռամզվարական դաշնակից»ը, միայն դիտողի դիրքին վրայ մնաց, երբ Ատրպէյճան Արցախի եւ նոյնիսկ Հայաստանի սահամանային շրջանները ներխուժեց, մինչ Եւրոպական Միութիւնը եւ Միացեալ Նահանգները մոռցած կը թուին ըլլալ իրենց այն պնդումները, ըստ որոնց՝ արդարութիւնը, ժողովրդավարութիւնը եւ անկախութիւնը կենսական իրաւունքներ են, կամ մտահոգ չեն, որ իր քաղաքացիներուն կեանքի, ազատութեան եւ ուրախութիւն հետապնդելու իրաւունքը ապահովող Արցախի անկախութեան 1990ի հռչակագիրը վտանգուած է։

Կամքի տարրական արտայայտութեան 1990ի քայլը կարելի եղաւ իրականութեան վերածել աներեւակայելի թիւով զոհերու գինով, բայց երբ մեր քոյրերն ու եղբայրները իրենց բռնուցքները բարձրացուցին եւ պահանջեցին, որ իրենց ձայնը լսելի դառնայ, համայն հայութիւնը եկաւ անոնց օգնութեան, մասնակից դառնալով Ազատագրութեան շարժումին։ Արցախի ժողովուրդը վճռական էր եւ ոգի ի բռին պայքարելով եւ զոհեր տալով իրականացուց անկախութիւն կերտելու իր նպատակը։

Սակայն այսօր, Հայաստանի կառավարութիւնը զիջումէ զիջում կ՛երթայ, մինչ քաղաքական այլ ուժեր իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած են ներքին թշնամիներ գտնելու ջանքին վրայ, հակառակ անոր, որ յստակօրէն բացայայտ է, թէ մեր թշնամիները կը շարունակեն մնալ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը։

Ժամանակն է, որ հայութիւնը զգաստանայ։

Պատմութիւնը ցոյց տուած է, որ հայութիւնը ի վիճակի է դէմ դնելու նման աղէտներու եւ ձախողութիւններէն վեր կանգնելու՝ գոյատեւելու աւելի հզօրացած հաւատքով։

Ուրեմն, բոլորս՝ աշխարհի բոլոր հայերը, գործի անցնինք։

Արցախի անկախութեան տարեդարձը պէտք է հանդիսանայ մեր ուժերը դարձեալ լարելու եւ Արցախին նուիրուելու մղիչ ուժը, որովհետեւ դժուարութիւններու ի գին ապահովուած Արցախի անկախութիւնը չի կրնար եւ պէտք չէ զիջումի առարկայ դառնայ, այլ ամէն գնով պէտք է պահպանուի։

asbarez.am/425330/խմբագրական-արցախի-սուրբ-անկախութեան/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail