Ռուսիա Իրանէն Անօդաչու Թռչող Սարքեր Ստացած Է – Ռուսիա Իրանէն Անօդաչու Թռչող Սարքեր Ստացած Է, Ուաշինկթըն

Armenians are legitimate heirs of the Armenian and Anatolian plateau

Ռուսիա Իրանէն Անօդաչու Թռչող Սարքեր Ստացած Է – Ռուսիա Իրանէն Անօդաչու Թռչող Սարքեր Ստացած Է, Ուաշինկթըն

03 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2022 –

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Ռուսիոյ զինեալ ուժերը «բազմաթիւ անգամներ ձախողած են» Ուքրանիոյ մէջ իրանեան անօդաչու թռչող սարքերը գործածելու ընթացքին, յայտնեց Սպիտակ տան բարձրաստիճան ներկայացուցիչ մը:

Իր անունը հրապարակել չփափաքող պաշտօնատարը նշեց, որ Օգոստոսին, Մոսկուա Թեհրանէն ստացած է «Մոհաժեր 6» եւ «Շահետ» տեսակի անօդաչու թռչող սարքեր, որոնք կրնան հարուածել ցամաքային թիրախներ եւ հրետանիներու համար թիրախները ճշդել: Ըստ աղբիւրին՝ Քրեմլին կը ծրագրէ ձեռք բերել քանի մը հարիւր անօդաչու թռչող սարքեր:

«Նիւ Եորք Թայմզ» թերթը, վկայակոչելով «Միացեալ Նահանգներու եւ դաշնակից երկիրներու պաշտօնատարներ»՝ իր կարգին հաղորդեց, որ Իրանէն անօդաչու թռչող սարքերու առաջին խումբը հասած է Ռուսիա:

Ըստ օրաթերթին տուեալներուն՝ Թեհրանէն ճամբայ ելած ռուսական բեռնատար օդանաւերը նշեալ սարքերը փոխադրած են, ենթադրաբար Ուքրանիոյ դէմ օգտագործուելու համար:

Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերու խորհրդական Ճէյք Սալըվըն նախապէս յայտնած էր, որ Իրան կը ծրագրէ արագօրէն Ռուսիա տեղափոխել մինչեւ քանի մը հարիւր անօդաչու թռչող սարքեր, սակայն Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հերքած էր այդ տեղեկութիւնը:

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով, մեկնաբանելով արեւմտեան մամուլին մէջ յայտնուած այն հրապարակումը, թէ Իրան Ուքրանիոյ մէջ օգտագործուելու համար անօդաչու թռչող սարքեր մատակարարած է Ռուսիոյ՝ արեւմտեան մամուլը մեղադրեց «կեղծիքներ հրապարակելու» յանցանքով:

«Իսկ Իրանի հետ մեր յարաբերութիւններուն մասին խօսելով՝ յայտնենք, որ անոնք աշխուժ կերպով կը զարգանան», ընդգծեց Փեսքով:

asbarez.am/425210/ռուսիա-իրանէն-անօդաչու-թռչող-սարքեր-ս/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail