
Հայաստանի Դէմ Զինուորական Լայնածաւալ Գործողութիւններ. Մարդկային Եւ Նիւթական Կորուստներ
Սեպտեմբեր 14, 2022| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
Ազրպէյճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները 13 սեպտեմբերին` կէս գիշերուան ժամը 00:05-էն սկսեալ, Գորիսի, Սոթքի եւ Ջերմուկի ուղղութեամբ հրետանային միջոցներով, մեծ տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներով սկսան բուռն կերպով կրակել հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ: Թշնամին նաեւ օգտագործեց անօդաչու թռչող սարքեր:
Կացութիւնը լարուած մնաց նաեւ 13 սեպտեմբերին: Թշնամին` յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանումներու ճամբով ամբողջ օրուան ընթացքին փորձեց դիրքային յառաջխաղացք ապահովել` մասնաւորապէս Ներքին Հանդի, Վերին Շորժայի, Արտանիշի եւ Սոթքի ուղղութեամբ: Հայաստանի զինուած ուժերը ամբողջ կարողականութեամբ կատարեցին իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրները:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ բանբեր Արամ Թորոսեան նշեց, որ հայկական կողմի կորուստներուն մասին տուեալները կը ճշդուին, իսկ առաւօտեան Ազգային ժողովին մէջ վարչապետ Փաշինեան յայտարարեց, որ հայկական կողմը ունի առնուազն 49 զոհեր, որոնց կարգին` քաղաքացիներ:
Ըստ անոր, ազրպէյճանական ստորաբաժանումները կէս գիշերէն սկսեալ եւ ամբողջ օրուան ընթացքին շարունակեցին թիրախաւորել սահմանամերձ բնակավայրերն ու քաղաքացիական ենթակառուցուածքները:
«Այս ակնյայտ իրողութեան խորապատկերին վրայ առաւել քան անհեթեթ կը դառնան ազրպէյճանական կողմի պնդումները, թէ իրենք խաղաղ բնակչութիւնը չեն թիրախաւորեր: Կան բաւարար ապացոյցներ, որոնք կը հաստատեն Ազրպէյճանի զինուած ուժերու յանցաւոր գործողութիւնները` խաղաղ բնակչութեան դէմ», յայտնեց բանբերը:
Արամ Թորոսեան երեկոյեան ժամը 9:00-ին յայտարարեց, որ հայ-ազրպէյճանական սահմանին կացութիւնը լարուած կը մնայ: «Այդուհանդերձ թէ՛ հայկական դիրքերու, բնակավայրերու ու քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու հրետակոծութեան, եւ թէ՛ Ներքին Հանդի, Վերին Շորժայի, Արտանիշի եւ Սոթքի ուղղութեամբ ընթացող դիրքային մարտերու կրակի աշխուժութիւնը զգալիօրէն թուլացել է», նշեց ան:
Ան ընդգծեց, որ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը, շարունակելով իր բացայայտ կեղծիքի գործելաոճը, փորձելով հիմնաւորել Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին հանդէպ լայնածաւալ յարձակումը, յայտարարութիւն հրապարակեց` իբր թէ Հայաստանի զինուած ուժերը 13 սեպտեմբերին խախտեցին երեկոյեան ժամը 9:00-էն սկսեալ զինադադար հաստատելու մասին պայմանաւորուածութիւնը` ռմբակոծելով ազրպէյճանական դիրքեր:
«Ազրպէյճանի պաշտպանական գերատեսչութեան այս յայտարարութիւնը բացայայտ անհեթեթութիւն է, քանի որ կէս գիշերէն սկսած ազրպէյճանական զինուած ուժերու ստորաբաժանումները ոչ մէկ վայրկեան դադրեցուցած են հայկական դիրքերու, բնակավայրերու ու քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու հրետակոծութիւնն ու գնդակոծութիւնը: Այս կեղծիքը եւս մէկ անգամ կ՛ապացուցէ, որ Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը խորապէս կ՛արհամարհէ միջազգային հանրութեան կարծիքը` բացայայտ սուտեր տարածելով Հայաստանի` իբրեւ թէ նախայարձակ գործողութիւններու մասին», ըսաւ Թորոսեան:
Ան հաստատեց, որ հայկական կողմը բացառապէս պատասխանած է պաշտօնական Պաքուի սանձազերծած լայնածաւալ յարձակումին:
Յետմիջօրէի ժամը 6:00-ին Արամ Թորոսեան նշեց, որ սահմանային լարուածութիւնը որոշ չափով նուազած է:
Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան մամլոյ բանբեր Հայկ Կոստանեան իր կարգին դիտել տուաւ, որ ազրպէյճանական զինուժի կրակոցներուն եւ մարտական գործողութիւններուն հետեւանքով Ջերմուկի անտառներուն մէջ հրդեհ բռնկած է: Ան աւելցուց, որ այն տարածքներուն մէջ, որոնք կը դիտարկուին թշնամիին կողմէ, հրդեհաշիջման աշխատանքներ կարելի չէ կատարել, մնացեալ շրջաններուն մէջ հրշէջները կը փորձեն մարել հրդեհները:
Ջերմուկ համայնքի ղեկավար Վահագն Արսենեան «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին վրայ գրեց, որ թշնամիին յարձակումէն անմիջապէս ետք Ջերմուկի մէջ կազմուած են ինքնապաշտպանական ջոկատներ, որոնք պատրաստակամութիւն յայտնած են միանալ դիրքերուն մէջ կանգնած մեր զինուորներուն: Վարդենիսի համայնքապետարանի մամլոյ բանբեր Էտկար Պետրոսեան նշեց, որ Գեղարքունիքի մարզին եւ Վարդենիս քաղաքին մէջ իրավիճակը կը շարունակէ լարուած մնալ:
Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութենէն յայտնեցին, որ ստեղծուած վիճակին պատճառով Գեղարքունիքի, Վայոց ձորի եւ Սիւնիքի մարզերու կարգ մը շրջաններուն մէջ դպրոցները փակուած են` ապահովական նկատառումներէ մեկնած:
Յայտնենք, որ տարբեր մարզերէ փոխանցուած անպաշտօն տեղեկութիւններ խօսեցան պաշտօնապէս յայտարարուած զոհերու թիւէն աւելի մեծ թիւի մասին, սակայն ոչինչ հաստատուեցաւ Հայաստանի համապատասխան կառոյցներուն կողմէ:
Միւս կողմէ, ազրպէյճանական լրատուամիջոցներ յայտնեցին, որ ազրպէյճանական բանակը մեծ կորուստներ ունի` 42 զինուոր եւ 8 պետական սահմանապահ:
aztagdaily.com/archives/558087





