Ճատրակ. Աշխարհի Պատանեկան Ախոյեանութիւն. Մարիամ Մկրտչեան Արձանագրեց Իր 9-րդ Յաջորդական Յաղթանակը Եւ Ապահովեց Տիտղոսը

Ճատրակ. Աշխարհի Պատանեկան Ախոյեանութիւն. Մարիամ Մկրտչեան Արձանագրեց Իր 9-րդ Յաջորդական Յաղթանակը Եւ Ապահովեց Տիտղոսը

15 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2022 – ՄԱՐԶԱԿԱՆ:

Ռումանիոյ Մամայա քաղաքին մէջ տեղի ունեցող աշխարհի պատանեկան ախոյեանութեան 14, 16 եւ 18 տարեկանէն վար դասակարգի մրցումներուն, երէկ կատարուեցան 9-րդ հանգրուանի հանդիպումները:

Հայաստանի ախոյեան Մարիամ Մկրտչեան, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ 18 տարեկանէն վար ախոյեանութեան, երէկ արձանագրեց իր 9-րդ յաջորդական յաղթանակը` ճերմակ քարերով 41-րդ շարժումին պարտութեան մատնելով իր հիմնական եւ ամէնէն մօտիկ մրցակիցը` հնդիկ Քանիշքան, որ 6,5 կէտով մնաց երկրորդ դիրքին վրայ:

Մկրտչեան իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք այսպիսով ապահովեց ախոյեանութեան տիտղոսը` աւարտէն երկու հանգրուան առաջ:

Նշենք, որ 8-րդ հանգրուանին Մկրտչեան ճերմակ քարերով պարտութեան մատնեց ազրպէյճանցի իր մրցակիցը` Այան Ալլահվերտիեւան:

aztagdaily.com/archives/558237

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail