Ակնարկ. Մեր Առջեւ Ցնցումնային Հանգրուաններ Են. Բացառիկ Հաւասարակշիռ Դիւանագիտութեան Հրամայականը

Armenia’s Ancient Geographical Names - Babylonian World Map, British Museum, London

Ակնարկ. Մեր Առջեւ Ցնցումնային Հանգրուաններ Են. Բացառիկ Հաւասարակշիռ Դիւանագիտութեան Հրամայականը

Սեպտեմբեր 19, 2022| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան նախագահին Երեւան այցելութեան շարժառիթները միայն ներամերիկեան ընտրական մղումներով բացատրելը իրադարձութեան ամբողջական պատճառականութեան վրայ լոյս չի սփռեր:

Նախ, Քոնկրեսի նախագահին այցը մետասաներորդ պահու չնախատեսուած ժամանում չէր. Փելոսին աւելի վաղ ստացած էր Երեւան այցելելու հրաւէր. այստեղ յատկանշականը այն է, որ պատերազմական իրավիճակի բերումով կրնար այցը յետաձգուիլ կամ նոյնիսկ չեղեալ նկատուիլ, այդուհանդերձ կայացաւ ճշդուած ժամանակին, ինչ որ ամերիկեան ներգրաւուածութեան վերջին դրսեւորումներուն հետ աղերս ունի: Ամերիկեան կեդրոնական հետախուզութեան տնօրէնին Երեւան գալը, արտաքին գործոց նախարարին իրերայաջորդ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնները, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարին Ուաշինկթըն հրաւիրուիլը, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահի արագ փոփոխութիւնն ու նորանշանակ նախագահին ասպարէզային կենսագրութիւնը` միայն քանի մը ցցուն օրինակներէն են այդ ներգրաւուածութեան աստիճանաչափի կտրուկ բարձրացման:

Փելոսին եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութեան անդամները Հայ դատի բարեկամներ են. անոնցմէ երկուքին հայկական ծագում ունենալը կամ Փելոսիի ընտրազանգուածին մէջ հայկական նկատելի ներկայութիւնը կրնան լոյս սփռել անոնց հայանպաստութեան հետեւողականութեան վրայ: Այս ուղղութիւնը յատկապէս Ցեղասպանութեան օրակարգին հետ կապուած է. Ներկայացուցիչներու տունը նոյն հետեւողականութեամբ Ազրպէյճանին հասնելիք ամերիկեան օժանդակութիւններու կրճատման բանաձեւերու նախագիծերուն առումով նոյն ընդգծումները չունէր, այդուհանդերձ Փելոսիի կերպարը Հայ դատի աշխատանքներուն առումով միայն դրական որակումներ ապահոված է: Իսկ հիմա Երեւանէն կը յայտարարուէր, որ Քոնկրեսին ներկայացուած է բանաձեւի նախագիծ, որ կը դատապարտէ Ազրպէյճանի յարձակումը եւ կը պահանջէ Ազրպէյճանին զինուորական օժանդակութիւնները դադրեցնել:

Երեւանէն հնչած յայտարարութիւնները վերջին պատերազմին առիթով հասցէականութիւն կը պարփակէին. այդ առումով համահունչ էին նաեւ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած կոչերուն հետ:

Այսպէս. արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը յայտարարէր, որ Ազրպէյճանի նախագահին հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է ամերիկացի արտաքին գործոց նախարարը: Պլինքըն ողջունած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ վերջին ռազմական գործողութիւններու դադրեցումը: Ալիեւին կոչ ուղղած է պահպանելու հրադադարը, դուրս բերելու ռազմական ուժերը եւ աշխատելու Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ առկայ բոլոր խնդիրները լուծելու` խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով: Այստեղ ամէնէն յատկանշականը առաջին հայեացքով ազրպէյճանական ուժերու դէպի ելման կէտեր ետ քաշուելու կոչն է:

Քաղաքական ընթերցումը սակայն այս յայտարարութեան կը յուշէ նաեւ հետեւեալ տրամաբանութիւնը: Ետ քաշուիլը պայման ունի. անմիջապէս ձեռնարկել բանակցութիւններուն: Վերադառնալ «խաղաղութեան ծրագիր»-ին, որ կը ներառէ սահմանագծում-սահմանազատում, տարածքային ամբողջականութիւններու փոխադարձ ճանաչում, եւ մանաւանդ` Նախիջեւանի Ազրպէյճանին կամրջում:

Վերադառնանք սակայն Փելոսիի այցին: Միշտ չէ, որ օրէնսդիր իշխանութիւնը տուեալ երկրին գործադիրին նկատմամբ համահունչ դիրքորոշում կ՛ունենայ ներքին-արտաքին հարցերու մէջ: Օրէնսդիրի յայտարարութիւնները անպայման ներառուած չեն ըլլար գործադիր իշխանութեան ծրագիրներուն մէջ: Եւ ասիկա պարզ է քաղաքականագիտական ընկալումներով:

Այս պարագային կայ կարեւոր երանգ. Միացեալ նահանգներու օրէնսդիր իշխանութեան մեծամասնութիւնն ու  վարչակառավարման համակարգը նոյն կուսակցութեան ներկայացուցիչներն են, հետեւաբար մեծ օրակարգերու շուրջ նոյն ուղեգիծը ունին: Աւելի հաւանական է դերերու բաշխումով աշխատած ըլլալը այս պարագային:

Ժողովրդավարութիւն ընդդէմ բռնապետութեան տեսութիւնը կամ Ուքրանիա-Թայուան – Հայաստան գիծի ակնարկը եւ կամ` պարսիկներու դէմ քրիստոնեայ հայերուն պատերազմած ըլլալուն յատուկ յիշատակում ընելը աշխարհաքաղաքական թէժ կէտերու վրայ Հայաստանը տեղադրելու մօտեցում է: Այս պարագային օրէնսդիրի հանգամանքներէն աւելի հեռու գացող եւ հետագայ ցնցումներու մասին յուշումներ կատարող:

Պարզ է, որ ամերիկեան ներգրաւուածութեան աստիճանաչափի կտրուկ բարձրացումը, զուգահեռ` Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներու նկատմամբ իրականացուած ներխուժումին դիմաց ՀԱՊԿ-ին չաշխատիլը կամ ռազմավարական յատուկ գործընկերոջ ոչ համարժէք արձագանգները նոր թափ հաղորդեցին մեր հասարակութեան մէջ հակառուս տրամադրութիւններու ալիքաւորման:

Հարցերը սակայն պէտք է փորձել դիտարկել գլխաւոր խաղցողներու շահերու համընկնումի եւ բախման տեսանկիւններէն. եւ այդ յորձանուտին մէջ փորձել վնասը նուազագոյնի իջեցնել:

Ո՞ւր կրնան համատեղուիլ ամերիկեան եւ հայկական կողմերու շահերը այս բոլորին մէջ:

Նախ, Արցախի հարցով պաշտօնական Ուաշինկթընի յայտարարութիւնները, թէ` կարգավիճակի հարցը կը մնայ անլոյծ եւ թէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի վերագործարկումով կը պայմանաւորուի հակամարտութեան լուծումը:

Երկրորդ, արդէն իսկ պաշտօնականացած պահանջը ազրպէյճանական զինեալ ուժերու հայաստանեան ինքնիշխան տարածքներէն դէպի ելման կէտեր յետքաշման:

Այլապէս, Ազրպէյճանին զինուորական օժանդակութիւնները դադրեցնելու որոշումի կայացում` եթէ նման բանաձեւ ո՛չ միայն Քոնկրեսը կայացնէ, այլ նաեւ գործադիրը որդեգրէ:

Տեսանելի համընկնող շահերը այս հանգրուանին այս կէտերը կրնան ըլլալ: Մնացեալը արկածախնդրութեան վտանգ պարունակող տեսութիւններ են` ՀԱՊԿ-էն միանգամայն դուրս գալը, ռուսական զօրքերու հայաստանեան տարածքներէ հեռացումի պահանջը կամ ռազմավարական յատուկ գործընկերութիւնը չեղեալ նկատելը:

Ռազմաքաղաքական նախադրեալները կը յուշեն, որ մեր առջեւ ցնցումնային հանգրուաններ են. բացառիկ հաւասարակշիռ դիւանագիտութեան հրամայականը աւելի քան պարտաւորիչ հանգամանք է:

«Ա.»

aztagdaily.com/archives/558593

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail