
Խմբագրական. Լիբանանահայութիւնը Առաջնագիծին Վրայ – Լիբանանահայութիւնը Առաջնագիծին Վրայ – Լիբանանահայութիւնը Առաջնագիծին Վրայ
Սեպտեմբեր 19, 2022 | Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքներուն դէմ Ազրպէյճանի սանձազերծած յարձակումները բնականաբար պիտի զուգորդուէին միջազգային հանրային կարծիքը ապակողմնորոշելու պետական քարոզչական աշխատանքներով: Պաքուն շրջանառութեան մէջ կը դնէր հաղորդագրութիւններ, որոնց բովանդակութիւններու առանցքը այն էր, որ Ազրպէյճան կը հակադարձէ հայաստանեան նախայարձակ գործողութիւններուն:
Պաշտօնական Երեւանի առընթեր սփիւռքեան եւ քաղաքական կազմակերպութիւններ ո՛չ միայն պիտի հակադարձէին ազրպէյճանական ապատեղեկատուութեան, այլ նաեւ յարձակողապաշտ էութիւնը բացայայտէին` նախորդող հանգամանքները եւս պարզելով:
Լիբանանահայութիւնը բնականաբար տեղեկատուական պատերազմի բովին մէջ իր ուրոյն խրամատը պիտի գրաւէր եւ անցնէր ցուցական, դիւանագիտական եւ քարոզչական գործողութիւններու:
Նկատելի էր Լիբանանի Հայ դատի մարմինի արագ արձագանգը. լիբանանեան լրատուադաշտին յղուած հաղորդագրութիւնը կը բացայայտէր հարցին էութիւնը, Ազրպէյճանին միջազգային օրէնքները խախտելը, հայաստանեան ինքնիշխան տարածքներ ներխուժելը, սահմաններու անխախտելիութիւնը ոտնահարելը եւ մանաւանդ ռազմական յանցագործութիւններ կատարելը` առանց մոռնալու թուրքեւազրպէյճանական դաշինքի առկայութիւնը. այսինքն` Անգարայի հովանաւորութիւնն ու աջակցութիւնը այս բոլորին մէջ:
ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի ժողովի գումարման եւ Հայաստան-Ազրպէյճան պատերազմի օրակարգ ներառուելուն լուրը հազիւ հրապարակայնացած, Լիբանանի Հայ դատի մարմինը յուշագիրներ յղեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամ պետութիւններուն` ակնկալելով Ազրպէյճանը զսպելու եւ իր գործած ռազմական յանցագործութիւններուն համար հաշիւի կանչելու միջազգային օրինաչափութիւնները:
Հայ դատի հետ համակարգուած, նոյն օրը Զաւարեան ուսանողական միութիւնն ու Լիբանանի երիտասարդական միութիւնը ներկայացնող բազմանդամ պատուիրակութիւնը բողոքագիրով ներկայացաւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ներկայացուցչութիւն եւ անոր յանձնեց բովանդակային նոյն կէտերը ընդգծող բողոքագիր մը, ուղղուած` Պաքուի ռազմատենչ քաղաքականութեան դէմ, միաժամանակ ՄԱԿ-էն պահանջելով կատարել իր պարտաւորութիւնները:
Շատ չէին այն երկիրները, որոնք իրենց պաշտօնական արձագանգումներուն մէջ հասցէականութիւն ներառած էին` մատնանշելով գլխաւոր յարձակողապաշտը: Անոնց շարքին էր Լիբանանը, որուն արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը սեւով ճերմակի վրայ արձանագրեց հայաստանեան տարածքներու վրայ իրականացուած սպանութիւններուն եւ քանդումներուն մասին: Արձանագրումը փաստօրէն ընդգծում էր հայաստանեան գերիշխան տարածքներ ազրպէյճանական ներխուժումին եւ սպանութիւններով ու քանդումներով յատկանշուող ռազմական յանցագործութիւններուն: Այստեղ ինչքան ալ ուղղակի տեսանելի չըլլայ, այնուամենայնիւ պարզ է Հայկական երեսփոխանական պլոքի դերը` յուշելու, ակնկալելու եւ քաղաքական ճիշդ ուղղորդում կատարելու առումներով:
Հետեւեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան կողմէ կազմակերպուած Ազրպէյճանի դեսպանատան առջեւ Պաքուի յարձակողապաշտութիւնը մերժող, յաչս միջազգային հանրութեան Ազրպէյճանը խստօրէն դատապարտող ժողովրդային ցոյցը: Ցոյցի իրազեկումը հազիւ հրապարակուած` Ազրպէյճանի դիւանագիտական անձնակազմը արդէն լքած էր ազրպէյճանական տարածք նկատուող դեսպանատունը: Ցոյցը չվրիպեցաւ թրքական եւ ազրպէյճանական լրատուադաշտի ուշադրութենէն, որոնք յատկապէս Դաշնակցութեան վերագրեցին իրենց դէմ ուղղուած ցուցական արարքին պատասխանատուութիւնը: Պէտք է արձանագրել, որ լիբանանեան բազմաթիւ կայքեր ամբողջովին վերատպեցին բողոքի բոլոր կէտերը ամփոփած եւ ցոյցին նպատակները պարզաբանող հաղորդագրութիւնը: Յատկանշական էր հայկական բազմաթիւ լրատուամիջոցներու արձագանգումը լիբանանահայութեան բողոքի գործողութեան եւ զայն օրինակելի ու վարակիչ նկատելու մեկնաբանութիւնը:
Օրինակելիութիւնը միայն այս մարզերուն մէջ չէր: Նման 44-օրեայ պատերազմի ամէնէն թէժ օրերուն, Լիբանանի մէջ գործող յարանուանական, կուսակցական եւ միութենական բոլոր համասփիւռքեան-համահայկական կառոյցներու ներկայացուցիչները շատ արագ ընդառաջեցին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի հրաւէրին եւ 15 սեպտեմբերի գիշերը համախմբուեցան Անթիլիասի մայրավանք` միասին խորհրդակցելու համար հայրենիքի դէմ յայտարարուած պատերազմի հետեւանքները կշռելու, բայց մանաւանդ միասնական գործելաձեւով ցուցական, քարոզչական, քաղաքական ուղղութիւններով ծրագիրներ նախաձեռնելու օրակարգերուն մասին. ընդ որում` քննելու կարելիութիւնները հայոց բանակին գործնապէս սատար կանգնելու: Անթիլիասէն կը հնչէր հայրենիքի պաշտպանութեան համար բոլոր մակարդակներով համաժողովրդային դիմադրութիւն յառաջացնելու կոչը: Այս համախմբուածութիւնը կ՛ակնկալէ հայկական աշխարհի տարբեր շրջաններուն մէջ եւս իր օրինակին հետեւիլ եւ նման ճգնաժամերու մէջ միաւորուիլ` ձախողցնելու համար թշնամիին ծրագիրները:
Հակառակ զինադադարին, ճգնաժամն ու սպառնալիքները չեն սպառած: Բոլոր նախադրեալները կը յուշեն, որ թշնամիին ախորժակները կը շարունակուին եւ տակաւին պահանջներ կան, որոնք թուրքեւազրպէյճանական դաշինքը բացայայտօրէն կը յայտարարէ եւ քայլեր կ՛ակնկալէ հայկական կողմէն:
Իբրեւ լիբանանահայութիւն խրամատէն հեռանալու որեւէ պատճառ եւ արդարացում չունինք: Համաժողովրդային միասնական աշխատանքն է, որ նոր դիրքեր պիտի գրաւէ թէ՛ տեղեկատուական, թէ՛ ցուցական, թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ դիւանագիտական դաշտերուն մէջ: Եւ այդ համաժողովրդային պայքարին մէջ լիբանանահայութիւնը կը գտնուի առաջնագիծին վրայ:
aztagdaily.com/archives/558491





