ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ – Անդրադարձ – Խորհրդային Բռնատիրութեան Սարսափներն Ու Աւերները Հայաստանի Մէջ (Բ.) – ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

ԴԷՊԻ ԵՐԿԻՐ - ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ – Անդրադարձ – Խորհրդային Բռնատիրութեան Սարսափներն Ու Աւերները Հայաստանի Մէջ (Բ.) – ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 19, 2022 | Անդրադարձ

ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Համադրեց` ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

Հալածանքը` Բոլոր Ուղղութիւններով

Շատ չանցած ահաւոր համեմատութիւններ առած ստալինեան սարսափները մոռցուցին մնացեալ բոլոր նեղութիւնները: Գազանը եկած ու բազմած էր Հայաստան` ոճիրներու մէջ մասնագիտացած իր գործակալներով. բազմած էր հայատեաց դահիճի մը մասնաւոր ատելութեամբ, այնպէս որ, ճանկը ինկող դժբախտներուն փրկութիւն չկար:

Խորհրդայնացած Հայաստանի 47-ամեայ կեանքին ամէնէն ողբերգական ժամանակաշրջանը եղան 1936-1938 տարիները, երբ տասնեակ հազարաւորներ աքսորուեցան ու քշուեցան դէպի Սիպերիա եւ այլ հեռաւոր շրջաններ` իբրեւ «խորհրդային վարչակարգի թշնամիներ», իբրեւ «յետադիմականներ» եւ «հակայեղափոխականներ», կամ, մասնաւորաբար մտաւորական դասակարգէն, մաքրագործուեցան միանգամընդմիշտ: Երկար է շարքը այն զոհերուն, որոնք մահացան ոճրապարտ պոլշեւիզմը անիծելէն: Քաղաքական եւ համայնավար կուսակցական դէմքեր, գրողներ, գիտնականներ, զինուորականներ, եկեղեցականներ եւ այլ հանրային գործիչներ մէկիկ մէկիկ ինկան ստալինեան գործակալներու հարուածներուն տակ, կամ անյայտացան աքսորավայրերու մէջ` առանց որեւէ հետք ձգելու. թուենք գէթ քանի մը տասնեակ անուններ` թարմացնելու համար յիշողութիւնները.

ԱնուններըԶոհերու Մէկ Մասին

– Եղիշէ Չարենց` «խելագարուած ամբոխներու» համայնավար երգիչ, մեռած` խորհրդային բանտի մէջ:
– Ակսել Բակունց` մեծատաղանդ արձակագիր, գնդակահարուած` Երեւանի բանտին մէջ:
– Վահան Թոթովենց` տաղանդաւոր գրագէտ, գնդակահարուած:
– Զապէլ Եսայեան` արեւմտահայ հանրածանօթ գրագիտուհի, կորսուած` աքսորի անյայտութեան մէջ:
– Խորէն վեհափառ, կաթողիկոս Ամենայն Հայոց,  խեղդամահ սպաննուած Էջմիածնի մէջ:
– Յովհաննէս Քաջազնունի` Հայաստանի անկախ հանրապետութեան անդրանիկ վարչապետ, մեռած` աքսորի մէջ:
– Աղասի Խանճեան` Հայկոմկուսի քարտուղար, Բերիայի կողմէ ատրճանակով սպաննուած Թիֆլիսի մէջ:

Յիշուած այս անունները ապահովաբար մէկ հարիւրերորդն իսկ չեն անուններուն այն հազարաւորներուն, որոնք եղան մտաւորական որոշ կարողութիւններով կամ հանրային կեանքին մէջ դեր խաղացած մարդիկ, առաւելութիւններով օժտուած անձեր, ուսուցիչներ, հանրային գործիչներ, այլ մտաւորականներ եւ այլն:

Դեռ չհաշուեցինք այն զոհերը, որոնք ձերբակալուեցան` ռուզվելթեան քաղաքականութեան պատճառով, համայնավարացած պալքանեան երկիրներու մէջ եւ ղրկուեցան Սիպերիոյ աքսորավայրերը կամ տարիներով տառապեցան բանտերու մէջ, ինչպէս` մեծանուն հերոս Գարեգին Նժդեհը:

Դիրքաւորում Վտանգի
Ենթարկուածներուն Դէմ

Խորհրդայնալէ ետք Հայաստանը բացառութիւն պիտի չկազմէր անշուշտ ստալինեան այս ընդհանուր հալածանքին եւ պիտի տար իր բաժինը կարմիր գազանին: Ե՛ւ տուաւ համեմատաբար շատ աւելի բազմաթիւ զոհեր, քան` իրմէ աւելի բնակչութիւն ունեցող կարմիր հանրապետութիւնները: Այս յաւելեալ զոհերուն մէջ փոքր թիւ մը չկազմեցին այն համայնավարներն ու համայնավարամիտները, որոնք ծափերով ողջունեցին խորհրդային վարչակարգին հաստատումը Հայաստանի մէջ: Յետոյ չարաչար զղջացին, բայց արդէն շատ ուշ էր:

Գտնուեցան նաեւ այնպիսիներ, որոնք իրենց ընդյատակեայ կամ հրապարակային ծառայութիւններով գործակցեցան բռնատիրութեան գործակալութիւններուն հետ, 1936-38-ի համատարած աղէտի տարիներուն, ցուցմունքներով, կամ հրապարակային քննադատութիւններով:

Քիչ մը կանգ առնենք հոս, որովհետեւ այս նիւթին շուրջ կան արձանագրութեան անհրաժեշտ բաւական բաներ:

Ստալինեան հալածանքը այդպիսի համեմատութիւններ առած էր, որ վտանգի ենթականերէն ամէն մէկը կը մտածէր անշուշտ իր մորթը փրկելու մասին: Արդար մտահոգութիւն, արդարեւ, պայմանաւ որ ուրիշը չվճարէր փրկուելիք մորթին գինը: Դժբախտաբար եղան պարագաներ, երբ նկատի չառնուեցաւ այս պայմանը: Եղան նոյնիսկ դէպքեր, որոնց «հերոսներ»-ը դարձան ընկերադաւ «ընկերներ»: Ասոնք դահիճներուն աչքը մտնելու նպատակով սեւցուցին ուրիշները եւ յաջողեցան փրկել իրենց մորթը:

Հրաչեայ Քոչարին Ելոյթը

Մեր ձեռքին տակ ունինք այդ թուականներու թերթերէն արձանագրութիւններ, որոնց ընթերցումն իսկ կը փշաքաղէ մարդուս մարմինը: Ժամանակին կարդացուած են անոնք արդար ընդվզումով, մանաւանդ որ օրը օրին կը հաղորդուէին Հայաստանի եւ արտասահմանի ընթերցող հասարակութեան: Այսօր, երեսնամեակ մը անցնելէն ետքն ալ կարելի չէ զսպել այդ ընդվզումը եւ չմեղադրել սեփական մորթի փրկութեան գինով իրենց ընկերները սեւցնողները:

Հայաստանի խորհրդային գրողներու ընդհանուր  ժողովը կը գումարուէր 1937-ի ապրիլի վերջերը: Երեւանի «Գրական Թերթ»-ը ժողովի երրորդ օրուան նիստին մասին մայիս 1-ի թիւին մէջ ունի հետեւեալ արձանագրութիւնը. «Ընդարձակ ելոյթ է ունենում ընկ. Հրաչեայ Քոչարը, որ կանգ է առնում մեր մօտաւոր գրական անցեալի, Հայաստանի գրականութեան պատմութեան վերջին տասնամեակի վրայ: Խօսելով Չարենցի, Բակունցի եւ միւսների «Նոյեմբեր» խմբակի մասին` ընկ. Քոչարը շեշտում է, որ այդ խմբակը տարել է նացիոնալիստական (ազգայնական) քաղաքականութիւն ոչ միայն հրապարակային ելոյթներում, այլեւ` գեղարուեստական գրականութեան մէջ: Նա գտնում է, որ չնայած իր մի շարք յեղափոխական պոէմներին, այնուամենայնիւ, Չարենցը հետեւողական յեղափոխական գրող չի եղել»:

Կ՛ըսէ եւ կը ներկայացնէ Չարենցին վերջին գիրքէն շարք մը փաստեր, «որոնք ցոյց են տալիս նրա նացիոնալիստական յանցանքները»: (Չարենցը չէ մասնակցած այդ ժողովին):

Ստալինեան ահաբեկումներու շրջանին աւելի լաւ էր մեղադրել մէկը` իբրեւ քրէական յանցագործ, այն ալ` հրապարակով, պաշտօնական ժողովի մը ընթացքին, ազգայնական գործ տեսնողի շատ վտանգաւոր մեղադրանքով: Երեւակայեցէք, որ Չարենցի, Բակունցի եւ ուրիշներու ճակտին այս մեղադրանքն է, որ կը քսէ տաղանդաւոր գրող մը, այս պարագային` Հրաչեայ Քոչարը® Այս ծանրութեամբ մէկ վկայ չէ՞ր բաւեր մահուան դատապարտելու համար ամբաստանեալները: Անշուշտ որ կը բաւէր եւ բաւեց, թէեւ իրմէ առաջ եւ մանաւանդ իրմէ ետք ուրիշ մեղադրողներ ալ ընկերացան իրեն` ծանրացնելու համար անոնց վտանգուած կացութիւնը: Հրաչեայ Քոչարին թթու համայնավար մը եղած ըլլալը գիտէինք դեռ այդ օրերուն, ատիկա սակայն երբեք արդարացում մը չեղաւ իրեն` յականէ յանուանէ սեւցնելու համար դասակից եւ երիտասարդ ուրիշ երկու թանկարժէք գրողներ, որոնք շատ չանցած պիտի սպաննուէին վայրագօրէն:

(Շարունակելի)
(Քաղուած` Կարօ Գէորգեանի խմբագրած «Ամէնուն Տարեգիրքը» շարքին 1967-1968ի հատորէն)

aztagdaily.com/archives/558453

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail