Մեր Պարտականութիւնն է Պաշտպանել Հայաստանն ու Հայ Ժողովուրդը Ազրպէյճանի Անվերջ Յարձակումներէն․ Յոյն Եւրոերեսփոխանի Նամակը ԵԽ Ներկայացուցիչին

National Hero of Armenia and the Artsakh Republic Monte Melkonian

Մեր Պարտականութիւնն է Պաշտպանել Հայաստանն ու Հայ Ժողովուրդը Ազրպէյճանի Անվերջ Յարձակումներէն․ Յոյն Եւրոերեսփոխանի Նամակը ԵԽ Ներկայացուցիչին

01 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2022 – ՍՓԻՒՌՔ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Եւ­րո­պա­կան խորհր­դա­րա­նի յոյն ե­րես­փո­խան Է­մա­նո­ւիլ Ֆ­րա­կոս նա­մակ մը յղած է Եւ­րո­պա­կան խոր­հուր­դի բարձր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ­Ժո­զէփ ­Պո­րե­լին, դա­տա­պար­տե­լով ազր­պէյ­ճա­նա­կան յար­ձա­կո­ղա­կա­նու­թիւ­նը եւ պա­հան­ջե­լով Եւ­րո­պա­կան միու­թեան ան­մի­ջա­կան մի­ջամ­տու­թիւ­նը։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ազատ Օր»-էն։

13 ­Սեպ­տեմ­բե­րին ու­ղար­կո­ւած նա­մա­կին մէջ մաս­նա­ւո­րա­պէս նշո­ւած է, թէ Ազր­պէյ­ճան ան­գամ մը խախ­տե­լով մի­ջազ­գա­յին դաշ­նա­գիր­նե­րը յար­ձա­կում գոր­ծած է ­Հա­յաս­տա­նի ինք­նիշ­խան տա­րած­քին վրայ, խլե­լով 49 հայ զո­հ։

«Ազր­պէյ­ճա­նի բա­ցա­յայ­տօ­րէն կան­խամ­տա­ծո­ւած եւ ծրագ­րո­ւած յար­ձա­կո­ղա­կա­նու­թեան լոյ­սին տակ, Եւ­րո­պա­կան միու­թիւ­նը պէտք է դի­մէ վճռա­կան քայ­լե­րու, ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն կա­սեց­նե­լու հա­մար Ազր­պէյ­ճա­նի յար­ձա­կում­նե­րը ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան տա­րած­քա­յին ինք­նիշ­խան ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան դէմ, եւ յա­ւե­լեալ սրու­մի ա­ռաջ­քը առ­նէ։

Կը հա­ւա­տանք, թէ ԵՄ պէտք է ու­նե­նայ շտապ, բազ­մա­մա­կար­դակ մի­ջամ­տու­թիւն, կա­սեց­նե­լու հա­մար Ազր­պէյ­ճա­նի յար­ձա­կո­ղա­կա­նու­թիւ­նը եւ ա­պա­հո­վե­լու, թէ ան պի­տի չկրկնո­ւի, գոր­ծադ­րե­լով պատ­ժա­միոց­նե­րու ար­դիւ­նա­ւէտ գոր­ծի­քա­կազմ մը։
­Մեր պար­տա­կա­նու­թիւնն է պաշտ­պա­նել ­Հա­յաս­տա­նը եւ հայ ժո­ղո­վուր­դը, ո­րոնք կ­՚ապ­րին Ազրպէյ­ճա­նի պա­տե­րազ­մա­կան սպառ­նա­լիք­նե­րու եւ ան­վերջ յար­ձա­կո­ղա­կա­նու­թեան տակ։

­Կը խնդրեմ տե­ղե­կաց­նել մեզ, թէ ինչ տե­սա­կի քայ­լե­րու պի­տի դի­մէք, վստա­հեց­նե­լու հա­մար, թէ Եւ­րո­պա­կան միու­թիւ­նը կրնայ պա­տաս­խա­նա­տու եւ գործ­նա­կան կեր­պով պաշտ­պա­նել ­Հա­յաս­տա­նը»,- ընդգ­ծած է յոյն ե­րես­փո­խա­նը։

yerakouyn.com/2022/09/16/մեր-պարտականութիւնն-է-պաշտպանել-հայա/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail