Իրադրութիւններու այս հանգրուանին, աւելի քան երբեք, հայոց բանակի զինուորագրեալները վստահ պիտի ըլլան որ թիկունքը պինդ է – Վիգէն Յովսէփեան

Գիշերը որքան էլ երկարի, առաւոտը գալու է

Իրադրութիւններու այս հանգրուանին, աւելի քան երբեք, հայոց բանակի զինուորագրեալները վստահ պիտի ըլլան որ թիկունքը պինդ է – Վիգէն Յովսէփեան

20 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2022 – ՍՓԻՒՌՔ:

Գիշերը որքան էլ երկարի, առաւոտը գալու է – Գիշերը որքան էլ երկարի, առաւոտը գալու է

ՎԻԳԷՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

Վիգէն Յովսէփեան – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

«Իրադրութիւններու այս հանգրուանին, աւելի քան երբեք, Հայաստանի եւ Հայ Ազգի թշնամիները պէտք է հասկնան թէ գրաւ չեն կրնար դնել մեր ներազգային ճեղքերուն եւ անհամաձայնութիւններուն վրայ։

Իրադրութիւններու այս հանգրուանին, աւելի քան երբեք, հայոց բանակի զինուորագրեալները վստահ պիտի ըլլան որ թիկունքը պինդ է, եւ ներքաղաքական տարբերութիւններն ու անհամաձայնութիւնները իրենց սահմանները ունին, եւ ոչ մէկ պարագայի անոնք կրնան վտանգել մեր բանակի առաքելութիւնը։

Իրադրութիւններու այս հանգրուանին, աւելի քան երբեք, միջազգային ուժերը պիտի հասկնան թէ հայ ազգի քաղաքական ուժերու եւ գործիչներու համար Հայաստանն (ՀՀ եւ Արցախ) ու իր անվտանգութիւնը վեր են ամէն այլ նկատառումներէ ու շահերէ, եւ թէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կարելի չէ ներքաշել գերպետական կամ այլ մրցակցութիւններու մէջ։

Իրադրութիւններու այս հանգրուանին, աւելի քան երբեք, համակ հայ ազգը պիտի հասկնայ եւ համոզուի թէ Հայաստանի (ՀՀ եւ Արցախ) անվտանգութիւնն ու շահերը վեր են ամէն տեսակի անհամաձայնութիւններէ, եւ թէ բոլորը անխտիր կը միաւորուին երբ թշնամին կը սպառնայ մեր անվտանգութեան եւ անկախութեան։

Այսօր, եթէ ոեւէ մէկը կը դաւանի կամ կը յաւակնի առաջնորդ կամ ղեկավար ըլլալ – իշխանութեան դիրքերէ թէ ընդդիմադիր դիրքերէ – գլխաւոր մարտահրաւէր մը ունի իր առջեւ դրուած՝ այն ալ ճիգ չի խնայելն է ապահովելու ամենէ լայն համախոհութիւնը ազգի զաւակներուն միջեւ, երբ հարցը կը վերաբերի հայրենիքի անվտանգութեան, որպէսզի թշնամիին դէմ մեր արդէն իսկ դժուարին կռիւը առաջ տարուի աւելի ամուր խրամատներէ։

Սա հռետորութիւն մի ընդունիք, այլ պահու հրամայական։ Այն ուժերը որոնք այսօր կը գործեն ըստ այս հրամայականի թելադրանքներուն, անկասկած որ անոնք պիտի արժանանան հայ ազգի գնահատանքին, համակրանքին, եւ զօրակցութեան»։

Վիգէն Յովսէփեան

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail