Ազրպէյճանը Նախիջեւանի Մէջ Առնուազն 108 Հայկական Եկեղեցիներ Եւ Գերեզմանատուներ Քանդած Է. «Կովկասեան Ժառանգութեան Մոնիթորինկ»

Ազրպէյճանը Նախիջեւանի Մէջ Առնուազն 108 Հայկական Եկեղեցիներ Եւ Գերեզմանատուներ Քանդած Է. «Կովկասեան Ժառանգութեան Մոնիթորինկ»

21 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2022 –

Horizon Weekly Newspaper

«Կովկասեան ժառանգութեան մոնիթորինկ» փլաթֆորմը հրապարակեց հետազօտութիւն մը, որ կը վկայէ, թէ Ազրպէյճանը 1997-2011 թուականներուն Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան մէջ ամբողջութեամբ քանդած է առնուազն 108 հայկական վանք, եկեղեցի եւ գերեզմանատուն:

«Կովկասեան ժառանգութեան մոնիթորինկ» փլաթֆորմը օգտագործած է բարձր թողունակութեամբ արբանեակային պատկերներ` հայկական մշակութային ժառանգութեան ճակատագիրը վաւերագրելու համար:

Այս թիւը կը ներկայացնէ հայկական մշակութային ժառանգութեան 98 տոկոսը, որ հետազօտողները յաջողած են բացայայտել: Այս գտածոները առաջին անգամ կը ներկայացնեն համոզիչ ապացոյցներ` հայկական մշակոյթի հետքերուն լուռ եւ համակարգուած ջնջումը, որ եղած է Ազրպէյճանի ներքին ցեղային քաղաքականութեան բնորոշ գիծը:

«Փաստացի հիմքեր կան, որ հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը կը սպառնայ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղին: «Կովկասեան ժառանգութեան մոնիթորինկ» փլաթֆորմը արդէն փաստագրած է 6 հաստատուած աւերածութիւններ, 7 հաստատուած վնասներ եւ 17 սպառնալիքի տակ գտնուող ուրիշներ` 2020 թուականի սեպտեմբերին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ երկրորդ պատերազմի սկսելէն ետք:

Այս կայքը եւ «Կովկասեան ժառանգութեան մոնիթորինկ» փլաթֆորմին յատուկ զեկոյցը կը ներկայացնէ առաջին համակարգուած գնահատականը Նախիջեւանի բոլոր հայկական վանքերուն, եկեղեցիներուն եւ գերեզմանատուներուն, որոնք գոյութիւն ունեցած են խորհրդային ժամանակաշրջանի վերջաւորութեան:

«Մեր աշխատանքը հիմնուած է 1970-ական եւ 1980-ական թուականներու ամերիկեան գաղտնազերծուած արբանեակային պատկերներու, 1930-1990 թուականներուն խորհրդային տեղագրողներու կողմէ ստեղծուած մանրամասն քարտէսներու եւ ժամանակակից առեւտրական արբանեակային պատկերներու վրայ` պատմական, ճարտարապետական եւ եկեղեցական նշանակութեան յուշարձանները, այդ թիւին մէջ` հազարաւոր տապանաքարերով գերեզմանատուները գտնելու եւ գնահատելու համար», նշած են զեկոյցին հեղինակները:

horizonweekly.ca/en/ազրպէյճանը-նախիջեւանի-մէջ-առնուազն-108-հ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail