ԱԿՆԱՐԿ – «ՏՈՒՓԷՆ ԴՈՒՐՍ» ԳԱԼՈՒ ՊԱՀԸ – «ՏՈՒՓԷՆ ԴՈՒՐՍ» ԳԱԼՈՒ ՊԱՀԸ – ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
23 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2022 – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ – ՆՇՄԱՐ – ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
14 Սեպտեմբեր 2022
Մօտաւորապէս 2 շաբաթ ետք, պիտի նշենք 44-օրեայ պատերազմին շղթայազերծման երկրորդ տարեդարձը, իսկ անկէ շաբաթ մը առաջ՝ Անկախութեան տօնը (ի՜նչ անկախութիւն, ի՜նչ տօն՝ պիտի ըսես, սիրելի՛ ընթերցող): Նոյն օրերուն, աշխարհը պիտի բոլորէ Ուքրայինա (այսինքն՝ արեւմտեան աշխարհ)-Ռուսիա ճակատումին եօթներորդ ամիսը, մեր ժամանակներու ամէնէն ահաւոր պատերազմներէն մէկը, որուն ենթապակերին յառաջամասին տեղի կ’ունենան բազում այլ զարգացումներ, ինչպէս Հայաստան-Ատրպէյճան նորագոյն ճակատումը…
Երեք օրէ ի վեր, Ատրպէյճան, յայտնապէս օգտուելով մէկ կողմէ՝ եւրոպական ցամաքամասի վրայ նորագոյն զարգացումներէն, ու զուգահեռաբար՝ Իրանի դէմ Արեւմուտքի մէջ նոր խմորումներէ, լայնածաւալ յարձակման անցած է Հայաստանի գրեթէ ամբողջ արեւելեան սահմանին վրայ: Կողքի քարտէսը ցոյց կու տայ յարձակման գլխաւոր, բայց ոչ միակ գիծերը՝ Սոթքէն մինչեւ Ղափան, անցնելով Ջերմուկէն եւ Գորիսէն: Ճակատը կ’երկարի մօտաւորապէս 250 քիլոմեթրի վրայ: Բանակը, ըստ պաշտօնական տեղեկութեանց, լաւ դիմադրութիւն ցոյց կու տայ, ետ մղած է բազմաթիւ յառաջխաղացքներ: Ունինք աւելի քան 100 բանակային զոհ, քաղաքայիններուն մասին տեղեկութիւն չի տրուիր, ոչ ալ՝ վիրաւորներուն, կան նիւթական ծանր վնասներ, սահմանամերձ աւաններ եւ գիւղեր սկսած են հայաթափուիլ. նախապէս խլուած հողերուն վրայ աւելցած են նոր տարածքներ: Մէկ խօսքով, հայկական աշխարհը ականատես է համաթուրանական ծրագիրին իրականացման նորագոյն փորձին:
ԻՆՔՆԱԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒՄԻ ՓԱՍՏԵՐ
Յաջորդական երկու օրերու, վարչապետը խորհրդարանին մէջ աննախընթաց անկեղծութեամբ լուսաբանութիւններ տուաւ. եթէ անոր ըսածներուն միտք բանին աչքի առջեւ ունենանք, կրնանք պարզ աչքերով տեսնել, որ ան գրեթէ նոյնութեամբ կրկնեց բոլոր այն մտավախութիւններն ու ախտաճանաչումները, զորս ընդդիմադիրները հնչեցուցած են երկու եւ աւելի տարիէ ի վեր: Անոր խօսքերը պարզապէս ինքնադատապարտումի փաստեր էին, մնացեալը՝ կրկէսային ցուցադրութիւն մը (օրինակի համար՝ այն պահը, երբ ընդդիմադիրները, իրենց արդար մտահոգութիւնները բանաձեւող յայտարարութեան նախագիծը մերժուած տեսնելով, կը հեռանային սրահէն, իսկ վարչապետը անշպար հտպիտի մը ծամածռութիւններով «փախչում էք կրկին, հա՞» կը պոռար, արժանանալով «ուստապարկերուն» խանդավառ ծափահարութիւններուն):
Չմտնենք մանրամասնութիւններու մէջ, որոնք ի վերջոյ վերածուեցան խոստովանութեան մը, թէ՝ ինք դարձեալ կը պատրաստուի ստորագրելու համաձայնագիր մը, որ կրճատումի պիտի ենթարկէ հայութեան ձեռքին մնացած հողամասերը (վաղը նոյնինքն Հայաստանէն շերտեր կրնան որակուիլ «դժբախտ ու անպէտ»): «Տրամաբանութիւնը» մի՛շտ նոյնն է. մեր հողերը պաշտպանելու համար չ’արժեր պատերազմ մղել (կը յիշէ՞ք Սեւ լիճի մէկ մասին գրաւման օրերը), Ատրպէյճան եւ Թուրքիա, որքան հաճին՝ թող այդքան հող ձգեն մեզի, իսկ մենք պիտի շարունակենք ցնորական խաղաղութիւնը հետապնդել (իսկ թէ այդ խաղաղութենէն ի՞նչ մնացած է, այլ հարց): Անդին, թուրք-ազերիական ախորժակները սահման չունին:
Ոեւէ մէկուն ուշադրութեան արժանացա՞ւ այն, որ այս անգամ, Փաշինեան չդիմեց մաշած յանկերգին, թէ՝ այս բոլորին պատասխանատուն… նախկիններն են: Յիշողութենէ դուրս ինկած է նաեւ այն, որ այս յարձակումին հիմ ծառայեց հետեւեալ իրականութիւնը. Հայաստանի սահմանին երկայնքին, ռազմագիտական կարեւորութիւն ունեցող գրեթէ բոլոր բարձունքները աւելի քան մէկ ու կէս տարիէ ի վեր, մաս-մաս եւ առանց դիմադրութեան, անցած են ազերիներու հակակշիռին տակ, երբ մեր իմաստակները կը շարունակէին խաղաղութիւն երազել, մինչդեռ Ատրպէյճան եւ Թուրքիա բացայայտ կերպով հակահայ քաղաքականութիւն ու քարոզչութիւն կը վարէին:
ՔՊ-ական երեսփոխաններու խոստովանութիւնները, որոնք հետեւեցան Փաշինեանի խօսքերուն, այլ բացայայտում բերին. ի յայտ եկաւ, որ մարդիկը տեղեա՜ կ էին գալիքէն, սակայն, ինչպէս 44-օրեայ պատերազմի նախօրեակին, նոյնպէս ալ այս փուլին, ԳՈՐԾՆԱՊԷՍ մնացած են ձեռնթափ, անգործ: Այս ալ՝ ինքնադատապարտումի այլ փաստ: Չմոռնանք, որ այս յարձակման նախօրեակին, Ատրպէյճանէն եւ Թուրքիայէն կու գային բազմաթիւ նշաններ, ահազանգային լուրեր, եւ սակայն…: Օրինակի համար, Թուրքիա եւ Ատրպէյճան դարձեալ միացեալ ռազմափորձ ըրին եւ Հայաստանի իշխանութեան ղեկը պահողները մնացին դիտող: Ատրպէյճան գրեթէ ամէն օր «մանր» յարձակումներ կը գործէր Հայաստանի եւ Արցախի վրայ, կ’ունենայինք զոհեր, վիրաւորներ, նիւթական վնասներ…: Այդ բոլորը նմանապէս «ջուրի ձայն» էին իշխանաւորներուն համար, կը վազվզէին Պրիւքսէլէն Մոսկուա եւ այլուր, եւ ահա ի յայտ կու գայ, որ այդ բոլորը ջուր ծեծելու իսկ չեն ծառայած:
Աւելի՛ն, Ատրպէյճան, յարձակման նախընթաց օրերուն, պաշտօնական հաղորդագրութիւններով՝ աշխարհի գլուխը կ’արդուկէր, թէ Հայաստան նախայարձակ է, իսկ Երեւան ընդհանրապէս կը բաւարարուէր տեղին հերքումներով: Հիմա, երբ «բանը բանէ անցած է», պաշտօնական բանբերը առաւելաբար ներքին սպառման համար մեղադրանքներ կը շպրտէ Ատրպէյճանի հասցէին (լաւ կ’ընէ), կը յայտարարէ, թէ որեւէ յաւելեալ վատթարացումի պատասխանատութիւնը կ’իյնայ Ատրպէյճանի ուսերուն: Ճիշդ է որ երբ սահմանը կը պաշտպանուի արի զինուորներով, իշխանութիւնները դիւանագիտական աննախընթաց շարժումի մէջ են, սակայն երեւոյթներէն անդին, արդէն յստակ է, որ այդ գետնի վրայ եւս մեր ունեցած գործիքները լաւապէս չեն օգտագործուիր եւ «թող մարդիկ մեզ գործի վրայ տեսնեն»ը լուռ իրականութիւն է:
ԻՐԱՐՈՒ ԱՆՀԱՂՈՐԴ ԱՇԽԱՐՀՆԵՐ
Ընդհանուր պատկերը աչքի առջեւ ունենալով, պէտք է բացայայտօրէն տեսնենք, որ իշխանութիւնն ու իրականութիւնները բոլորովին տարբեր, իրարու անհաղորդ, իրարմէ անկապ աշխարհներու մէջ են: Եւ զարմանալի չէ, որ իշխանութիւնը դարձեալ կ’անտեսէ հայրենապաշտպաններուն առաջարկներն ու դիրքորոշումը:
Օրինակի համար, Ազգային ժողովը նիստ գումարեց եւ օրակարգի վրայ ունեցաւ վարկային, հարկայի, աշխարհագրական նշումներու, թմրեցուցիչներու եւ նման հարցեր: Կարծէք թէ երկիրը շա՜տ բնական պայմաններու մէջ կ’ապրի, ապահովութեան, ինքնապաշտպանութեան, սպառազինութեան եւ նման հրատապ հարցեր չկան: Աւելի՛ն, երբ ընդդիմադիր ճակատը անգամ մը եւս փորձեց օրակարգի վրայ բերել ազերիական վերահաս վտանգը եւ պահանջեց դատապարտել յարձակումը, վերստին իր դիմաց գտաւ ՔՊ-ականներու կրաւորականութիւնը: Այլ խօսքով, Երեւանի իշխանութիւնը ետ կեցաւ ազերիական յարձակումը ԴԱՏԱՊԱՐՏԵԼԷ, մինչդեռ աշխարհէն կը մուրայ, որ յարձակումները դատապարտուին: Հետեւանքը այն եղաւ, որ ընդդիմադիրները վերադարձան պոյքոթի, ու ՔՊ-ականները սկսան բանաձեւեր (իբրեւ թէ) քննարկել եւ վաւերացնել անխախտ միաձայնութեամբ: Օրինագիծերուն քուէարկումը տեղի ունեցաւ մեքենական թատերականութեամբ, յիշեցնելով խորհրդային օրերը. Ազգազյին ժողովի հանճարե՜ղ նախագահը յաջորդաբար կարդաց օրինագիծերուն խորագիրները եւ ներկաները, մի՛շտ 66 քուէով, քանի մը ակնթարթի մէջ վաւերացուցին զանոնք:
Եւ սպասե՞լ, որ իշխանութիւնը մտահոգ ըլլայ իր քայլերուն մասին ժողովուրդին կարծիքով կամ ճակատումներուն ընթացքով: Չէ՞ որ ժողովուրդին մանտաթը ունի, չէ՞ որ կրնայ ընել այն՝ ինչ որ կը ցանկայ. ժողովուրդը ի՞նչ պէտք ունի գիտնալու, թէ Փաշինեանն ու իր «ուսապարկերը»՝ նախարարներ եւ այլ ներկայացուցիչներ ինչի՞ մասին կը բանակցին, գրաւոր եւ բերանացի ի՞նչ խոստումներ կու տան, վաղն ալ Հայաստանէն կտոր-կտոր պիտի յանձնեն ազերիներուն, ինչպէս որ երկու տարի առաջ ըրին Արցախի մէջ, նոյնը երէկ ըրին Բերձորի եւ Աղաւնոյի շրջանին պարագային…
ԱՆԲՆԱԿԱՆ ՎԻՃԱԿԻՆ ՊԱՀԱՆՋՆԵՐԸ
Ըսինք` Հայաստանի մէջ «գործերը կ’ընթանան բնական ձեւով» (օտարները կ’ըսեն՝ Business as usual): Կարծէք թէ պատերազմ չկայ: Մինչդեռ, երկիրը դարձեալ մատնուած է անձկութիւն, ԽՈՐ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆ առթող անբնական վիճակի, որ ըստ էութեան պէտք է հարկադրէ արտակարգ միջոցառումներ: Բնական իշխանութիւն ունեցող երկիրներու մէջ այդպէ՛ս կ’ըլլայ:
Արտասովոր կացութիւն կը ստեղծէ համապատասխան հրամայական, այսինքն՝ դիմել արտակարգ, արտասովոր միջոցներու: Եւ քանի որ իշխանաւորները ապացուցած են թէ անկարող, անատակ եւ չկամ են նման քայլերու դիմելու, կը մնայ որ ընդդիմադիրներն ու անոր շուրջ բոլորուելու կոչուած ժողովուրդը դուրս գայ ընթացիկ վազքէն: Արեւմտեան աշխարհին մէջ կայ «Տուփէն դուրս գալու», «Տուփէն դուրս մտածելու» հասկացութիւնը, որ այս փուլին անխուսափելի է մեզի համար: Խորհրդարանին առջեւ Չորեքշաբթի, 14 Սեպտեմբերին սկսած շարժումը պիտի բերէ՞ երկար ատենէ սպասուած բարեշրջական ալիքը:
Ինչպէ՞ս կարելի է «Տուփէն դուրս» գալ: Թուենք քանի մը աշխատանքի դաշտ (անշուշտ ցանկը կարելի է երկարել), առանց երկար մեկնաբանութիւններ կատարելու:
- Այնքան ատեն, որ իշխանութիւնը կ’ոտնակոխէ ամէն օրէնք ու ընկալեալ դրութիւն, կ’անտեսէ Սահմանադրութիւնն ու մարդկային իրաւունքները, ընդդիմադիրները՝ խորհրդարանական թէ արտախորհրդարանական (ի մտի չունինք իշխանութեան թմբկահար շինծու ընդդիմադիրները) պէտք է իրենք իրենց իրաւունք տան ընելու նոյնը: Մինչեւ օրս, ընդդիմադիրները կառչած են, արդա՛րօրէն, ամէն բան օրէնքի սահմաններուն մէջ ընելու սկզբունքին, որ լաւագոյն ձեւն է ետ մնալու արիւնահեղութենէ: Այս ազնիւ եւ այլապէս արդար գործելակերպը պէտք է սպառած համարել: Փոխընտրանքը այն չէ, որ պէտք է զինեալ ըմբոստութեան դիմել, այլ անյապաղ դիմել անարիւն յեղաշրջումի ձեւին: Հայաստան առաջին երկիրը չէ, որ նման ընտրանքի պիտի դիմէ (2018-ին եղածը, հիմա պարզ է, խեղկատակութիւն էր եւ վնասարար գործունէութիւն, ոչի՛նչ յեղափոխեց, այլ նախկինին տուաւ նոր ձեւաւորում): Սա կը պահանջէ բոլոր ատակ ուժերուն (զինուժ, քաղաքական, դիւանագիտական, մտաւորական եւ այլ) մէկտեղումը եւ գործի մղումը:
- Նման արտակարգ քայլեր կը հարկադրեն մանաւանդ վարկաբեկումէ վարկաբեկում տարուող բանակին ներգրաւումը: Ընդդիմադիրները արդէն այս ճամբուն առած են առաջին գործնական քայլը, յայտարարելով, որ (ինչպէս 44-օրեայ պատերազմի օրերուն) լիարժէքօրէն կը կանգնին բանակին կողքին (մինչդեռ իշխանաւորները հալածանքներ կը շղթայազերծեն բանակայիններու դէմ): Չենք ուզեր մտնել արտակարգ միջոցառումներու այն կալուածներուն մէջ, որոնք կը կոչուին տնտեսութիւն, ընկերային վիճակ, մշակոյթ-կրթութիւն, ազգային հաստատութիւններ եւ աւադութիւններ, որոնք նմանապէս կը կարօտին արտակարգ միջոցներու: Միայն յիշեցնենք այն, որ այս իշխանութիւնը, պատերազմի օրերուն թէ անկէ առաջ, քայլ առ քայլ քայքայումի տարաւ այդ կալուածները, բաւարար չափով տեսնուած է, թէ՝ տարբերը ըներու անկարող է, տրամադիր ալ չէ: Մինչդեռ, Հայաստանի մէջ – ինչո՞ւ չէ նաեւ Սփիւռքի – կան բանիմաց հայորդիներ, որոնք կրնան շատ աւելի լաւ ձեւով դիմագրաւել մարտահրաւէրները, օր աւուր ահագնացող տագնապները:
- Արտակարգ միջոցներ պէտք է որդեգրել մասնաւորաբար մեր երկու գլխաւոր բազուկներուն վերականգնումին եւ հզօրացման նպատակով: Մէկը բանակն է, եւ մասնաւորաբար սահմաններու պաշտպանական միջոցներու վերականգնումը, միւսը՝ դիւանագիտական բազուկն է: Առաջինին մասին երկար խօսելու պէտք չունինք: Երկրորդը կը կարօտի շատ լուրջ խնամքի եւ վերակազմակերպման, յաջորդ կէտով քիչ մը մանրամասնենք:
- ՊԷՏՔ Է ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՎԵՐԱՆԱՅՈՒՄԻ ԵՆԹԱՐԿԵՆՔ մեր դիւանագիտական աշխատանքին ամբողջ տրամաբանութիւնը, թէ՛ ներքին եւ թէ արտաքին ասպարէզներու մէջ: Ներքին առումով, արմատապէս պէտք է դարմանենք այն թիւրիմացութիւնները, որոնք, օրինակի համար, Հայաստանն ու Արցախը որեւէ ձեւով կը զատորոշեն իրարմէ: Արցախեան Շարժումին առաջին օրերուն, կար ճանաչումը այն ճշմարտութեան, որ Արցախն ու Հայաստանի ՄԵՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ԵՒ ԱՆՔԱԿՏԵԼԻ ՄԱՍՆԻԿՆԵՐՆ ԵՆ, հոգ չէ թէ քաղաքական զարգացումները ընթացան այնպէս՝ որ ունեցանք առանձնացած՝ Արցախի Հանրապետութիւնը: Ատիկա «գնեցինք» եւ «որդեգրեցինք» ակամայ կամ անզգալաբար. մեզ հասցուց հոն, ուր այսօր արդէն սովորութիւն դարձուցած ենք խօսիլ Արցախի ինքնորոշման, անկախութեան, ժողովուրդի մարդկային եւ ազգային իրաւունքներուն եւ նման հասկացութիւններու մասին, այնպիսի տրամաբանութեամբ, որ կարծէք մոռցած ենք, թէ արցախահայութիւնը տարբեր չէ հայաստանաբնակէն կամ սփիւռքահայէն, այսինքն՝ ամբողջական Հայաստան եւ միասնական հայութիւն հասկացութիւնը տարբաղադրուած է մեզի հրամցուած դրոյթներուն հետեւանքով: Հողին եւ ժողովուրդին միասնութեան գաղափարին վերականգնումը ուժեղ ենթահող պիտի ըլլայ, որպէսզի համապատասխան մօտեցումով վերամշակենք մեր դիւանագիտական քաղաքականութիւնը (մարտավարական եւ ռազմավարական երեսներով): Եթէ աշխարհին պարտադրած «տուփ»ը մեզի կ’ըսէ, թէ միջազգային այս կամ այն օրէնքին համաձայն, Հայաստանի սահմանները պէտք է այս կամ այն ըլլան, Արցախը պէտք է վերադառնայ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ, մինչեւ իսկ՝ կը թելադրէ, որ Նախիջեւանի, Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ մեր պահանջները «անկարելի են» (եթէ մնանք տուփին մէջ, բնական է որ մենք ալ պիտի ըսենք՝ անկարելի եւ ցնորական բաներ են անոնք), անդին, մեր իրաւունքներուն մասին մեր հայեցակէտին վերատեսութիւնը, ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ հունին վերադարձը պիտի ըլլայ նոր մեկնակէտ մը, ո՛չ վերադարձ զերոյական կէտի, այլ վերադարձ՝ ՆՈՅՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐԷՆՔՆԵՐՈՎ իսկ մեր շահած ԳՈՐԾԻՔՆԵՐՈՒՆ:
- Սա արդէն մեզ կը հասցնէ «տուփէն դուրս» գործելու նոր մակարդակի մը: Արագ բայց ո՛չ-ամբողջական թուումի կարգով արձանագրենք, որ Հայաստան եւ հայութիւնը ժառանգորդն են պատմական փաստաթուղթերու, միջազգային իրաւունքի հիմամբ որդեգրուած համաձայնութիւններու, որոնց վերականգնումն ու կիրարկումը ինքնաբերաբար աղբանոց կը ղրկէ 9 Նոյեմբերի ու նմանօրինակ (գրաւոր եւ բերանացի) բոլոր համաձայնութիւնները:
- «Տուփէն դուրս» պէտք է գանք ազգովին: Թուրքիոյ զօրակցութիւնը վայելող Ատրպէյճանը օր-ցերկով լայնածաւալ եւ ոճրային յարձակում կը գործէ Հայաստանի եւ Արցախի վրայ (կրկնենք. ասոնք իրարմէ անջատ միաւորներ չեն), իսկ հայութիւնը, Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռք, միայն նուազագոյն շարժումը կը կատարէ: Ճիշդ է. Երեւանի մէջ կան շարժումի նախաքայլեր (անցեալ ամիսներուն ալ կային), Սփիւռքի մէջ եւս, Հայաստանի բանակին ի նպաստ եւ իշխանութիւններուն կործանարար ընթացքին դէմ շարժումներ կան, սակայն տարողութիւնը կը մնայ «տուփին մէջ»: Անցեալին, «տուփէն դուրս» շարժումներ էին թուրք պետութեան դէմ ցուցական եւ ուժական արարքները: Նման կազմակերպ շարժումներ կրնան բաւական սուր ներգործութիւն ստեղծել, մանաւանդ եթէ աւելի՛ ազդու (աղերսականէն անդին՝ պահանջատէրի դիրքէ) քայլեր որդեգրենք հոս-հոն: Օրինակ, պէտք է Փաշինեանէն խլել իր «մուրճը» եւ միջազգային բեմերուն վրայ, մեր իրաւունքներուն եւ գործուած անարդարութիւններուն փաստերուն վաւերագրումով, այդ մուրճը իջեցնել Շարլ Միշէլներու, Պլինքըններու, ռուս, ֆրանսացի եւ այլ միջնորդներու գլխուն (խօսքը մարդ սպաննելու, բառացիօրէն զանոնք հարուածելու մասին չէ, այլ ազդու եւ ՊԱՀԱՆՋԿՈՏ դիւանագիտութիւն վարելու մասին): Մէկ խօսքով, Հայաստանի իշխանութիւններէն մեր սպասումներուն զուգահեռ, քաղաքական-դիւանագիտական մեր գործունէութիւնը թիրախ պէտք է ընտրէ նա՛եւ աշխարհի ուժի կեդրոնները, եւ ո՛չ միայն Մ.Ա.Կ.-ն ուՄիջազգային Ատեանը:Մտահան պէտք չէ ընել, որ մեր բուն թշնամին համաթուրանականութիւն հետապնդող թշնամին է, որուն ետին կան նա՛եւ Հայաստանի մէջ զուտ տնտեսական-նիւթական շահեր հետապնդողներ, որոնց հաճոյանալու «վարպետութիւնը» կը խաղայ Երեւանի իշխանաւորը:
- Վերոնշեալ եւ այլ իրագործումներ կը կարօտին, գիտենք, պետական մակարդակով եւ միջոցներով աշխատանքի: քանի որ այս իշխանութիւնը քանիցս փաստած է, թէ կարող չէ կամ չ’ուզեր կատարել իր տարրական պարտականութիւնները, կը մնայ, որ ընդդիմադիրները, բոլոր ընդդիմադիրները դուրս գան պարտադրուած «տուփերէն» եւ գործի լծուին՝ արտասովոր կացութենէն բխող ստիպողականութեամբ: Ամիսներէ ի վեր, մամուլն ու ժողովուրդը կը սպասէ, որ ընդդիմադիրները ստուերային կառավարութիւն մը կազմեն, հրապարակեն վարչապետի իրենց թեկնածուն, որպէսզի ժողովուրդը անոր հետեւի: Սա արդէն սովորամոլութեան տուրք տալու այլ ձեւ մըն է: Մինչդեռ սպասուածը, անհրաժե՛շտը, այն է, որ ընդդիմադիրները ԳՈՐԾՆԱՊԷՍ իրականացնեն իրենց անկեծ յայտարարութիւնները, թէ՝ ո՛չ ոք պէտք է գործէ, կը գործէ կուսակցական նեղ շահերու հետամտութեամբ, ո՛չ մէկ անհատ պայքարի դաշտ իջած է վարչապետ կամ նախարար ըլլալու տենդով: «Տուփէն դուրս» գալու ձեւերն մէկը (ոչ միակը) կրնայ ըլլալ հետեւեալը. բոլոր անկեղծ եւ հայրենապաշտպան ընդդիմադիրները նախ եւ առաջ կը ցանկագրեն երկրին առաջնահերթութիւնները (ասիկա մեծ մասամբ եղած է արդէն), անոնց հիմամբ կը մշակուի ընդհանուր «ճամբու քարտէս» մը, այնպէս՝ ինչպէս կ’ընէ իր առաքելութեան սկսող որեւէ կառավարութիւն: Կը կազմուի բացարձակապէս հմուտ մասնագէտներէ բաղկացած (հոգ չէ թէ ոչ անուանի անձերէ) բաղկացած կառավարութիւն մը, որուն շուրջ կը բոլորուին, անոր լիաբուռն կը զօրակցին բոլոր կուսակցութիւններն ու քաղաքական միաւորները, անհատ ղեկավարները (մինչեւ իսկ ՔՊ-ականներ, եթէ անոնց մէջէն զգաստութեան եկողներ ըլլան): Նման կառավարութեան մը մէջ, երկրորդական կը դառնայ թէ ո՞վ պիտի ըլլայ վարչապետը, այլ հոն ալ, «տուփէն դուրս» մտածելակերպով, ու աչքի առջեւ ունենալով այժմու արտակարգ եւ ստիպողական վիճակը, կ’որդեգրուի ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ դրութիւն մը, որ կը ստեղծէ ներքին ու արտաքին ներուժներ, կապեր: Սա աննախընթաց ու չլսուած ձեւ չէ, որոշ երկիրներու մէջ, նման՝ ազգային համակեցութեան կառավարութիւններու ղեկը հերթաբար կը ստանձնեն տարբեր անհատներ, սակայն էական քաղաքականութիւնը, իրագործելի նպատակները, ՄԵԾ ՆՊԱՏԱԿՆԵՐԸ կը հետապնդուին միասնաբար, հեռու՝ սովորական պայմաններու մէջ այլապէս ընդունելի նկատուող մրցակցութիւններէ, հակամարտութիւններէ:
ԱՆՅԵՏԱՁԳԵԼԻ
Հայաստան միայն վերջին օրերուն չէ, որ ինկած է ահաւոր աղէտի մը յորձանուտին մէջ: Նախորդ ահաւոր փուլն էր 44-օրեայ պատերազմը, անկէ ետք երկրի փրկութեան փորձերը կարծէք թէ պարտադրաբար մնացին մասնակի եւ սպասուած յաջողութեան չհասան, այսինքն՝ պահուեցան «տուփի մէջ»:
«Տուփէն դուրս» մտածելն ու մանաւանդ խեղդամահ ընող «տուփ»-էն դուրս գալը նոր յետաձգումներու եւ խօսքի աճուրդներու տեղ չի ձգեր, որովհետեւ այլընտրանքը պիտի ըլլայ այսօրուան իշխանութեան նահանջի, անձնատուութեան եւ նոր հողեր թշնամիին նուիրելու վարքագիծին շարունակումը: Վերյիշե՛նք: «Տուփէն դուրս» եկողներ էին մեր ազատագրական պայքարին, Հայաստանի հանրապետութեան, հայկական «նեմեսիս»-ի կերտիչները, Ծիծեռնակաբերդի յուշակոթողը կանգնողները, Արցախի ազատագրական պայքարը շղթայազերծողներն ու Հայաստան-Արցախի անկախութիւնը վերականգնողները: Անոնց ուղին շարունակողներ եղան Քառօրեայ պատերազմը յաղթանակով պսակողները, նոյնը կ’ընեն Հայաստանի սահմանները այսօր պաշտպանողները: Այսինքն՝ «Տուփէն դուրս» գալը ցնորական եւ երազային, անիրականանալի բան չէ: է հաւատանք, որ հասած է «Տուփէն դուրս գալու» պահը, բոլոր տուփերը մեր բազկի ու մտքի ուժով խորտակելու, հայրենիքի փրկութեան, կորուստներուն վերատիրացման մեկնարկի պահը:
hairenikweekly.com/ակնարկ-տուփէն-դուրս-գալու-պահը/