«Զանգեզուրի Միջանցք»-ին Տիրանալու Ազրպէյճանաթրքական Ախորժակներուն Դէմ Քաղաքական Ճնշումը Կ’ընդլայնի․ «Գանձասար»

Map of Armenia - Historical Armenia and future Armenia – Carte de l'Arménie - Arménie historique et future Arménie

«Զանգեզուրի Միջանցք»-ին Տիրանալու Ազրպէյճանաթրքական Ախորժակներուն Դէմ Քաղաքական Ճնշումը Կ’ընդլայնի․ «Գանձասար»

23 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2022 – «Գանձասար»

Խմբագրական

Ազրպէյճան եւ Թուրքիա ոգի ի բռին կը պայքարին «Զանգեզուրի Միջանցք»-ին տիրելու եւ իրենց համաթուրանական իղձերը իրականացնելու համար, յատկապէս Հայաստանի իշխանութիւններուն խաղաղասիրական կոչերը օգտագործելով եւ տրովադայի ձին քայլ առ քայլ Հայաստանին մօտեցնելով: Հայաստանի դէմ վերջին պատերազմը այս նպատակին կը ծառայէր առաւելաբար:

Այդուամենայնիւ, երբ Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը գործի լծուեցան ու ցոյց տուին միջազգային օրէնքներն ու տարածաշրջանի երկիրներու ինքնիշխանութիւնը արհամարհող իրենց դրսեւորումները, միջազգային քաղաքական բեմը շարժեցաւ վերջապէս: Եթէ ամիսներ առաջ «Զանգեզուրի Միջանցք»-ի սպառնալիքը լրջութեամբ ետ մղելու ճիգեր չէին երեւեր, այսօր տարբեր կողմերէ քաղաքական յստակ ուղերձներ կը հնչեն այդ միջանցքը թուրքեւատրպէյճանական ազդեցութեան ենթակայ չդարձնելու առումով:

Նենսի Փելոսիի Երեւան այցելութեամբ ու Ազրպէյճանին ու Թուրքիոյ ուղղուած յստակ ուղերձով պարզուեցաւ, որ ԱՄՆ դէմ է նման միջանցքի Ազրպէյճանի տրամադրման: Իրան նոյնպէս սպառնական ոճով արտայայտուեցաւ միջանցքի հաստատման մասին, դիտել տալով որ Իրան տարածաշրջանի սահմաններու ոչ մէկ փոփոխութիւն կ’ընդունի:

Իրանի Իսլամական խորհրդարանի Ազգային անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան յանձնաժողովի ղեկավարը հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «Իրան տարածաշրջանի սահմանները փոխելու երազանքը մղձաւանջի կրնայ վերածել»: Միւս կողմէ, պէտք է ընդգծել, որ Ռուսիա եւս 9 Նոյեմբերի եռակողմ համաձայնութեամբ արձանագրել չէր տուած «Զանգեզուրի միջանցք» սահմանումին առնչուող որեւէ հաստատում:

Այնտեղ արձանագրուած էր «ճանապարհներու ապաշրջափակում» սահմանումը: Միջանցքի մերժման յստակ ուղերձներ հնչեցին նաեւ եւրոպական երկիրներէ, յատկապէս Ֆրանսայէն, որուն կարեւորագոյն ճիգը եղաւ Ազրպէյճանի վերջին յարձակումին արձագանգը հասցնել մինչեւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդ ու յստակօրէն դատապարտել Ազրպէյճանը Հայաստանի ինքնիշխան տարածք ներխուժելուն համար:

Վերջին շաբթուան միջազգային քաղաքական բեմի զարգացումները ցոյց կու տան, որ նոյնիսկ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ ազդեցութիւն բանեցնելու համար մրցակից կողմեր՝ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ գործակցութիւնն ու հարաւային Կովկասի մէջ ի նպաստ թուրանական ծրագրի նկրտումները հաշտ աչքով չեն դիտեր, որովհետեւ «Զանգեզուրի միջանցք»-ին տիրապետելու ատրպէճանաթրքական ձգտումները չեն ծառայեր ո՛չ ԱՄՆ-ի ու Արեւմուտքի, ո՛չ Իրանի եւ ոչ ալ Ռուսիոյ շահերուն, նոյնիսկ եթէ տուեալ կողմերը մրցակից երկիրներ են:

Հայաստանի ի նպաստ նման քաղաքական համախմբում մը կրնայ նպաստել Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան պահպանման եւ ազրպէյճանաթրքական վտանգին դէմ պաշտպանութեան: Հարկ է սակայն հայ քաղաքական ուժերու տարբեր ուղղութիւններով լարուած աշխատանքը, միեւնոյն ատեն Հայոց Բանակի հզօրացման ի նպաստ քայլերու ձեռնարկումը, որպէսզի Հայաստանի Հանրապետութեան տօնը վերածուի զիջումներուն վերջ տալու, Հայաստանի պաշտպանողական համակարգն ու անկախութիւնը ամրագրելու նոր մեկնարկի:

Armenian Emirate (Arminia) 750-885 according to R. Husen’s map from “Armenia: A Historical Atlas”, p. 106 Photo by

yerakouyn.com/2022/09/22/զանգեզուրի-միջանցք-ին-տիրանալու-ազ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail