Ի՞ՆՉ Կ’ԸՆԵՆՔ, Ի՞ՆՉ ՉԸՐԻՆՔ՝ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՏԷՐ ՄՆԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ, ԿԱՄ ՝ԿԸ ՍՊԱՍՈՒԻ ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐԺՈՂ ՂԵԿԱՎԱՐԸ – Յակոբ Պալեան

Carte de l’extension approximative du royaume d’Urartu avec sa zone d’influence maximale vers 750 av. J.-C. Map of the approximate extension of the kingdom of Urartu, with its maximal dominion before 750 BC. Ուրարտուն (Նաիրի) մոտ մ.թ.ա. 750թ.

Ի՞ՆՉ Կ’ԸՆԵՆՔ, Ի՞ՆՉ ՉԸՐԻՆՔ՝ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՏԷՐ ՄՆԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ, ԿԱՄ ՝ԿԸ ՍՊԱՍՈՒԻ ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐԺՈՂ ՂԵԿԱՎԱՐԸ – Յակոբ Պալեան

27 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2022 – ՀԱՅ ԴԱՏ – ՍՓԻՒՌՔ:

Յակոբ Պալեան – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org

– Գիշերը որքան էլ երկարի, առաւոտը գալու է: – lousavor-avedis.org

Պատմութիւնը հանդիպումն է կամքի մը եւ դէպքի մը”, ըսած է իր երկրին պարտութիւնը մերժած Զօրավար Շարլ տը Կոլ:

Դէպքեր միշտ եղած են եւ պիտի ըլլան: Անոնց հանդիպման պատրաստ հզօր կամք պէտք է, հրապարակէն չքշուելու համար:

Հայաստան եւ հայութիւն կը սպասեն այդ կամքը, որ երէկ ԱՐԱՄ էր: Այսօր չկայ այդ կամքը եւ ազգը կը խարխափէ: Բայց մինչեւ ե՞րբ կրնայ խարխափել, եւ ո՞ւր առաջանորդուելու համար:

Կը հպարտանանք, որ հինգհազարամեայ պատմութիւն ունինք:

Յետոյ ի՞նչ…

Ի՞նչ ունինք, ի՞նչ պահած ենք : Ի՞նչ չենք կրցած պահել, եւ մանաւանդ՝ ինչո՞ւ:

Այսօր ֆրանսական ելեկտրոնային լրատուամիջոց մը խորագրած էր. l’Arménie en danger de mort… Հայաստան մահուան վտանգի մէջ…

Կացութիւնը տեսնելու եւ ըմբռնելու համար միթէ՞ուրիշի կարծիքին կարիք ունինք: Բայց կը շարունակենք քաղաքականութիւն խաղալ, ինքնագոհութեամբ այս կամ այն դահլիճին մէջ գտնուած ըլլալու ինքնացուցադրւթեան կամ մեծերու հետ ձեռք թօթուելու “անմահացման” գունաւոր լուսանկարներ կը զետեղենք կայքերու վրայ, շարունակելով մնալ լուսանցքային վատուժ քաղաքական դերակատար, որ իր ցանկութինները իրականութիւն համարելու ինքնախաբէութեամբ կ’ապրի, գունաւոր նկարներ փռելով համացանցի անսահմանութեան բաց պաստառին վրայ: Հպարտութիւն: Կամ մեծխօսիկութեան հանդէս կը կազմակերպենք, առանց խորհելու, որ առակի կաւէ կուժ ենք երկաթ կուժերու կողքին…

Չենք ուզած ՄԻԱՑՈՒՄՈՎ երկաթ կուժ դառնալ:

Անցեալի եւ ներկայի եղածի, յաճախ չեղածի հպարտութիւնը բաժակաճառի խօսք է, եթէ պատմութենէն չենք ժառանգած ներկան լուսաւորող իմաստութիւն, որ տպաւորիչ եւ յուզող գեղահունչ բառերէն եւ աղմուկէն աւելին է, տարբեր որակ եւ տարողութիւն ունի: Այսինքն՝ տէր ըլլալ, ըլլալ շարունակութիւն:

Երբեմն պէտք է մտածել, որ տարբերութիւն մը կայ հպարտութեան եւ սնափառութեան միջեւ: Երկրորդը վնասակար փուչիկ է, որ կը սնանի դատարկաբանութեամբ, որ կը խնկարկէ թագաւորը, նոյնիսկ երբ ան մերկ է… Յիշել Հանս Անտերսընի պատմութիւնը…

Որքա՜ն յուզուած ենք եւ յուզած, կրկնելով, որ պարտուած ենք, բայց բարոյապէս յաղթած… Յանձնառութիւն չպահանջող քաղաքական հակա–իմաստութիւն, որ մեզ բերած եւ հասցուցած է հոն՝ ուր որ ենք:

Հիմա պարտութիւններ կը գումարենք, բայց բաց օդին մէջ ենք, խօսքերով եւ պատկերներով կը սաւառնինք մէկ կէտէ միւսը, լուսանկարները որպէս յաղթանակի եւ վերականգնումի իրականութիւն եւ ինքնահաստատման փաստ համարելով եւ ներկայացնելով, երբ անզօր ենք թումբ կանգնելու ներխուժողին դիմաց, կը գոհանանք զանազան լեզուներով ներքին սպառման ծառայող լրատուութեամբ, ըսելով որ թշնամին հատեց սահմանը եւ ունեցանք այսքան զոհ…

Թշնամին չհատեց սահմանը: Եթէ սկսէինք ըսելով, որ մենք թոյլ տուինք, մենք բացակայ էինք եւ թշնամին հատեց սահմանը: Այս կ’ըլլայ իրատեսական առաջին քայլը, որ կը տանի վերականգնումի:

Ի՞նչ ըրինք եւ ի՞նչ չըրինք, որպէսզի թշնամին չհատէ սահմանը եւ չունենանք զոհեր: Հարցումը պէտք է տանիլ իւրաքանչիւր յարկի տակ: Ուղղել իւրաքանչիւր փողկապաւորի, մեծերու ձեռքեր թօթուելով երջանկացողի:

Ուժը միշտ շրջանցած է բարոյականը եւ եղած է իրաւունքի պատուանդանը:

Ազգերու փոխյարաբերութիւններուն եւ ժողովուրդներու անցեալ եւ ներկայ պատմութեան մէջ, բարոյական ճառը անարդարութիւն, ոճիր եւ իրաւազրկումներ շպարելու ծառայած է, մխիթարութիւններու միակողմանի եւ յանձնառութիւն չպահանջող անզօրներու մենաւոր հաճոյք: Այսպէս է մեզ յուզող ցեղասպանութեան ճանաչումներու կրկնուող դիպաշարը, որ եթերին մէջ կը խաղցուի: Տեղ մը եղա՞ծ է ճանաչման յաջորդող քայլ: Պահանջած ենք որ ճանաչման յաջորդեն արդարութիւն եւ հատուցման վճիռ: Մսկոտութեամբ քաղաքականութիւն չի խաղցուիր :

«Բարոյապէս յաղթեցինք»-ը ի՞նչ ապահոված է մեր ժողովուրդին, պահա՞ծ է մեր հայրենի հողը, որպէսզի ազգը տոկայ եւ տեւէ, տեւաբար արեան գին չվճարէ: Ինչպէս ըսած եմ, տեւաբար շեղբի վրայ մնացած ենք, բայց՝ գոհ, քանի որ մխիթարուած ենք հաւատալով, որ դեռ ողջ ենք:

Հայրենիքին տիրութիւն կրցա՞ծ ենք ընել:

Մեր պարտութիւններուն եւ ձախողութիւններուն պատճառը միշտ փնտռած ենք մեզմէ դուրս:

Մեծ իրատեսութիւն եւ քաջութիւն կը պահանջէ պատճառները նախ փնտռել մեր մէջ: Պատմութեան դաս եւ ուղիղ ըմբռնում եւ քաղաքականութիւն շփոթած ենք երեւելիապաշտութեան եւ դիրքապաշտութեան հետ, բոլոր տեսակի ազգակերտման աշխատանքները կատարած ենք սիրողական ոճով, ամաթէօրիզմով: Քաղաքական կոչուած բանակցութիւնները ոսկեղէն առիթ համարած ենք կալուած գնելու Հայաստանէն դուրս եւ երջանկանալու… շոփինկներով…

Քաղաքականութիւնը, մեր պարագային աւելի յստակ ըլլալու համար, ազգ եւ հայրենատէր ըլլալու եւ մնալու համար, բարոյականութիւն է, գեղեցիկ խօսք եւ յուզումներ, փուչիկ են, երբ կը բացակային ուժը եւ անոր լրացուցիչ՝ յանձնառութիւնը եւ կազմակերպութիւնը: Եթէ այս հասկցած ըլլայինք՝ առանց ճապկումի եւ խուսանաւելու ուժի ստեղծման հետամուտ եղած կ’ըլլայինք, չէինք գինովնար խորհրդանշական իրադարձութիւններու «պատմական» յիշատակութեամբ, ինչպէս՝ «առաջին Երկիրը որ քրիստոնէութիւնը ընդունած է որպէս պետական կրօն»… Ծափահարած ենք բարձր խօսողները, պոռոտախօսները, տպաւորիչ տարազները: Պատահած է, որ մի ոմն բեմբասաց ըսէ, թէ «այսօր ալ կլլեցուցինք», կամ երբ ամբոխը կ’ըսէր «ի՜նչ լաւ կը խօսի, մարդ բան չի հասկնար», «կարեւոր» ըլլալու համար ճառ խօսած ենք՝ ուրիշի գաղափարներով եւ խօսքով, բեմ բարձրանալու հաճոյքին անձնատուր ըլլալով: Այսպէս ապրած ենք եւ այսպէս կը շարունակենք: Յակոբ Պարոնեանի «Աբիսողոմ»ը գերաճած է

Հազար հինգ հարիւր տարի առաջ տեղի ունեցած «Աւարայր» տօնեցինք, հպարտութեամբ պոռալով, որ «պարտուեցանք, բայց բարոյապէս յաղթեցինք»: Շարունակեցինք օրօրել եւ օրօրուիլ բարձրաձայնելով՝ «յաղթելու ենք»…

Այսօր ալ ինչպէ՞ս չգիտցանք, որ թուրք–ազերի ներխուժումը կը շարունակուի, վերջնական նպատակ ունենալով Հայաստանի եւ հայութեան վերացումը, ցեղասպանութեան լրացումը: Էրտողան կը խօսի իր «եղբայր Ալիեւի մասին»… Այս սպառնալիքին դէմ չմիացանք, ազգի մարդկային, իմացական եւ նիւթական կարելիութիւնները իմաստութեամբ չօգտագործեցինք, մանրուքներով զբաղեցանք: Եւ այդպէս ալ կը շարունակենք: Ոչ ոք հարցուց, թէ Հանրապետութեան միջազգային յարաբերութիւններու մշակման եւ պատրաստութեան մէջ դեր ունեցա՞ծ են պատմաբան ակադեմիկոսները, որոնք անցեալի գիտութեամբ լուսաւորեն քաղաքական ներկան եւ գալիքը: Ինչպէ՞ս սահման պաշտպանելու հարցին մասին որոշում կը կայացնեն բանակ չտեսածներ երբ սպայակոյտի քարտէս կարդալ չեն գիտեր: Բանակ եւ պատերազմ հարսանիք չեն գիտցած զանազանել, ինչպէս Հայաստան հաստատուած հաւատաւոր եւ համեստ հայ մը կ’ըսէ, ամէն բան ընդունուած է որպէս «ուտուշ-խմուշ»:

Թշնամիին հին եւ նոր հարուածները մահասփիւռ եղան եւ են, պատճառ եղան մեր կոտրակումին եւ անոր հետեւած տարտղնումին, որ ամէն առիթով շարունակուեցաւ եւ կը շարունակուի: Ո՞ր ղեկավարութիւնը ուզեց եւ փորձեց առաջքը առնել յարաճուն սփիւռքին եւ անոր տարածուելով նօսրացման: Այսօր Ազգի թէական թուական զանգուածը սփիւռք է, որ բախտաւոր պարագային համայնք է: Չգիտցանք, չուզեցինք, Հանրապետութիւն, Արցախ եւ Սփիւռք երիցս կոտորակ եւ տարբերակուած «հաւաքականութիւնները», որոնք ներքնապէս ալ շարունակած են եւ կը շարունակեն կոտորակուիլ, միացնել, թէեւ յանկերգի վերածեցինք միացումը, հնարելով զանազան տարազներ:

Չարենցի «պատգամը» մնաց ցանկալի դիցուհի: Բարձրախօսի աղմուկ:

Վերանկանխացման երեսուն տարիներու հաշուեկշիռին մէջ, Հանրապետութեան իշխանութիւնները, հիները եւ նորերը, «թաւիշ»–ները եւ «նախկիններ»ը, քննադատողները եւ ընդդիմադիրները, ի՞նչ ըրին եւ ի՞նչ չըրին ՄԻԱՑՄԱՆ համար: Միացումը գումարում է, համրանքի եւ կարողութիւններու, ամէն բնոյթի կարողականութիւններու, պոտենցիալներու: Ան բացակայեցաւ:

Միացում չեղաւ ոչ թէ արտաքին պատճառներով, այլ մեր սխալներով:

Տեղի ունեցաւ արտագաղթ: Տեղի չունեցաւ հայրենադարձութիւն:

Համագումար՝ ուժ չեղանք, երբ գիտէինք, որ մեր դրան առջեւ կանգնած էր թշնամին:

Բայց երթեւեկեցինք, լուսանկարուեցանք: Տուրիզմը դարձաւ նպատակ եւ զբաղում, նոյնիսկ Եռաբլուր, ուր մարդիկ կռնակի եւ մէջքի ցաւ պիտի ունենան «խոնարհումներու պատճառով, դիւանագիտական ձախաւերութիւն ըրին Թագուհիի մը դագաղի կողքին փառասիրական լուսանկարումով:

Եթէ ԱԶԳի ամբողջութեան եւ գոյատեւման հեռանկար ունեցած ըլլայինք, Միացումը կը կենսագործուէր: Ինչպէ՞ս, ի՞նչ ընելով:

Եթէ ամէն բնոյթի իշխանութիւնները, կրօնական, քաղաքական, երկրին մէջ թէ երկրէն դուրս, առաջնորդուէին ղեկավարման այն առաքինութեամբ, որ իշխանութիւնը յաւելեալ իրաւունք չէ, այլ յաւելեալ պարտաւորութիւն է, նուազ կը պառակտուէինք:

Մեր իշխանաւորները եթէ չգործէին ամենագէտի եւ ամէնակարողի յանձնապաստանութեամբ եւ ունենային լսելու առաքինութիւն, որ աւելի է իրաւ կամ կեղծ համեստութենէ, կ’ունենայինք իմաստուն եւ շրջահայեաց ղեկավարութիւն(ներ), ամբոխահաճական (պոպուլիստական) մեծամասնութիւնը ժողովրդավարութիւն չէինք համարեր, արհամարհելով արժէքները, չէինք իյնար Ֆրանսայի թագաւորի ազգ եւ ժողովուրդ արհամարհող ամբարտաւանութեան մէջ, որ ըսած է, թէ «ես եմ Պետութիւնը»:

Երբեմն կը մտածեմ, որ պատմութեան հետ մեր ժամադրութեան ներկայ չեղանք: «Ղարաբաղեան Շարժման» համազգային եւ զանգուածային ալիքը քաղաքական իրաւ յաղթանակ չսկզբնաւորեց, շեղեցաւ իր նպատակէն, դարձաւ մեկնակէտ տեղական եւ դիրքապաշտական փառասիրութիւններու հարթակ: Հարիւրհազարաւորներու անխառն ազգային գիտակցութեամբ տոգորուած զանգուածը ոչ ոք առաջնորդեց բնակեցումով հողին տիրութիւն ընելու: Այսօր կը յանկերգուի Հանրապետութեան ինքնիշխան 28.500 քառակուսի քիլոմեթր տարածքը, չի խօսուիր Արցախ–հայրենիքի 10.000 քառակուսի քիլոմեթր տարածքի տիրութեան եւ կորուստի մասին, կարծէք այդ աշխարհը հայ քաղաքական միտքին համար դադրած է օրակարգ ըլլալէ: Մոռցուած է պատմութեան հանգուցային հրաշք պահը, երբ ՄԻԱՑՈՒՄը համաժողովրդական ըմբռնում էր, չէր աղճատուած տնանկներու ապաքաղաքականացնող եւ պարտուողական ճապկումներով, որոնք այլ բան չեն եթէ ոչ շարունակութիւն ըլլալէ հրաժարում, որ օր մը կրնայ յանգիլ, զիջումներու յաջորդականութեամբ եւ գումարումով, մեր հողին վրայ հիւր–հպատակ ըլլալու, այսինքն՝ ծառայ:

Եթէ Արցախ–Հայաստանէն կարելի է հրաժարիլ, վասն չատագովուած խաղաղութեան եւ հաշտութեան, ընդունիլ անոր կորուստը, կարելի է ընդունիլ նաեւ համակեցութեան խոստումներով յառաջանալիք նոր դրութիւն մը, արդէն փոքրացած եւ Հայաստանի ինքնիշխան տարածք կոչուած հասկացութենէն հրաժարիլ, հետեւելով պարտութիւններով խաղաղութեան հասնելու (չ)գոյապահպահպանման, որ ազգին եւ հայրենիքին չ’առընչուիր, այլ՝ իմաստէ դատարկուած դիրքերու պաշտպանութեան, որ կը սպասարկէ կամ պիտի սպասարկէ Աստուածաշունչի Ոսկի Հորթին:

Հրապարակ կը վերադառնա՞ն անխառն ազգային գիտակցութեամբ հարիւրհազարաւորները, այս անգամ քալելով ընդդէմ նոյնիսկ ներսի սեփական թշնամիներու դէմ, նուաճելու համար անխարդախ եւ իրաւ Միացումները, որպէսզի Ազգի եւ Հայրենիքի շարունակութիւն ըլլանք եւ մնանք:

Հպարտ ըլլալու համար պէտք է ըլլալ հայրենատէր եւ պահել իր ամբողջական ստորագելիները պահած եւ պահող ժողովուրդ, մերժել մեծ կամ պզտիկ բեմահարթակներու պսպղուն լոյսերը եւ բարձրախօսներու անվաղորդայն աղմուկը: Մի՛շտ՝ ներսը եւ դուրսը:

Պէտք չէ ընել այնպէս, որ յաջորդ սերունդները, օր մը, օտարներու պատին տակ ծուարած, չըսեն, որ մեր նախորդները պատմութեան հետ ժամադրութեան պահուն բացակայեցան,, վատութեամբ կամ ապիկարութեամբ՝ նոյն արդիւնքով: Գնացքները եկան եւ անցան, մեզ ձգեցին քարափին: Քարափին եւ մայթին վրայ ազգ չ’ապրիր:

hairenikweekly.com/ի՞նչ-ի՞նչ-կընենք-ի՞նչ-չըրինք՝-հայ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail