Ցեղասպան Թալէաթի Վերջին Հարցազրոյցը՝ Գնդակահարութենէն Օրեր Առաջ

taleat-pasha-yerakouyn
03 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2016

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» (www.TheCaliforniaCourier.com) թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Յարութ Սասունեան կը գրէ.

Բրիտանացի դիւանագէտ, ճանապարհորդ, հետախոյզ եւ խորհրդարանի անդամ Օպրի Հերպըդ բացառիկ հարցազրոյց ունեցած է Թալէաթ փաշայի հետ 1921 թուականի Փետրուարին` Սողոմոն Թեհլերեանի կողմէ Պեռլինի մէջ անոր գնդակահարուելէն ընդամէնը քանի մը օր առաջ:

Թալէաթ փաշան, իբրեւ Օսմանեան կայսրութեան ամենազօր Մեծ վէզիր, բռնակալ եւ Հայոց Ցեղասպանութեան գլխաւոր կազմակերպիչ, 1918 Նոյեմբերին փախած էր Թուրքիայէն` նոր վարչակարգի կողմէն հետապնդուելէն խուսափելու համար:

Թալէաթի 23 էջանոց հարցազրոյցը հրապարակուեցաւ 1924 (Լոնտոն) եւ 1925 (Նիւ Եորք) թուականներուն Հերպըդի «Պըն Քէնտիմ. Արեւելեան ճանապարհորդութեան նօթեր» խորագիրը կրող յուշերուն մէջ:

Հերպըրդ Թալէաթի հետ առաջին անգամ հանդիպած էր 1908 թուականին, երբ կը  պաշտօնավարէր Կոստանդնուպոլսոյ բրիտանական դեսպանատան մէջ: Տասնմէկ տարի անց, Հերպըրդ անակնկալ նամակ մը ստացաւ Թալէաթէն` անոր հետ «որեւէ չէզոք երկրի մէջ» հանդիպելու խնդրանքով: Յուսահատօրէն փորձելով վերականգնել իր դիւային կերպարը Արեւմուտքի մէջ, Թալէաթը կը պնդէր, թէ «ինքը պատասխանատւութիւն չի կրէր հայկական ջարդերուն համար, թէ կրնար ատիկա ապացուցել եւ շատ կը փափաքէր ընել ատիկա»: Հերպըրդ մերժեց Թալէաթի խնդրանքը, ըսելով. «Ես շատ ուրախացայ լսելով, որ ան այն մարդը չէր, որ պատասխանատու էր հայկական ջարդերուն համար, սակայն չէի կարծեր, որ մեր հանդիպումը այդ ժամանակ կրնար որեւէ նպատակի ծառայել»:

Սակայն, Հերպըրդ փոխեց իր որոշումը1921 Փետրուարին, երբ բրիտանական հետախուզութեան տնօրէն պարոն Պասիլ Թոմսըն հրամայեց իրեն անմիջապէս մեկնիլ Գերմանիա եւ հանդիպիլ Թալէաթի հետ: Գաղտնի ժամադրութիւնը տեղի ունեցաւ Փետրուար 26-ին, գերմանական փոքրիկ Համ քաղաքին մէջ:

Թալէաթ մէկ անգամ եւս ըսաւ Հերպըրդին, որ «ինքը անձամբ միշտ դէմ եղած է հայերու բնաջնջման փորձերուն»: Առաւել անհաւատալիօրէն, Թալէաթ պնդեց, թէ «ինքը երկու անգամ ընդդիմացած է այդ քաղաքականութեան, սակայն մերժում ստացած է գերմանացիներու կողմէն»:

Մոռնալով ջարդերուն հետ կապուած իր անմեղութեան պնդումներուն մասին, Թալէաթը արդարացուց զանգուածային սպանութիւնները` հայերը մեղադրելով պատերազմի ժամանակ իր երկիրը թիկունքէն հարուածելու մէջ: Կրկին ինքզինք հակասելով, Թալէաթ իր աջակցութիւնը յայտնեց հայերուն, յայտարարելով, որ «ինքը կողմ եղած է ազգային փոքրամասնութիւններուն առաւել ընդլայնուած ձեւով ինքնավարութիւն շնորհելուն եւ ուրախութեամբ դիտարկած է իրեն ներկայացուած իւրաքանչիւր առաջարկ»:

Այնուհետեւ, հայկական կոտորածներուն համար Թալէաթ մեղքը բարդեց բրիտանացիներուն վրայ. «դուք` անգլիացիներդ, չէք կրնար այս հարցի գծով խուսափիլ ձեր պատասխանատւութենէն: Մենք` երիտթուրքերս, գործնականօրէն Թուրքիան ձեզի հրամցուցինք, իսկ դուք մերժեցիք մեզ: Անվիճելի հետեւանքներէն մէկը եղաւ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններուն կործանումը, որոնք ձեր վարչապետին պնդումով կը դիտարկուէին իբրեւ ձեր դաշնակիցներ: Եթէ յոյները եւ հայերը ձեր դաշնակիցներն են այն ժամանակ, երբ մենք կը գտնուինք պատերազմի մէջ ձեր հետ, ուստի դուք չէք կրնար ակնկալել, որ մեր թրքական կառավարութիւնը անոնց հետ վարուէր իբրեւ բարեկամներ»:

Հերպըրդ եւ Թալէաթ այնուհետեւ որոշեցին տեղափոխուիլ Գերմանիոյ Տիւսելտորֆ քաղաք, ուր երկու օր եւս շարունակեցին իրենց գաղտնի զրոյցը: Հերպըրդ կը պատմէր Թալէաթի հակասական փորձին մասին` մէկ կողմէն քօղարկել իր դերը Հայոց Ցեղասպանութեան մէջ, միւս կողմէն արդարացնել այդ հրէշաւոր ոճրագործութիւնը: Թալէաթ նշած է, որ «ինքը յուշագիր գրած էր հայկական կոտորածներուն մասին եւ շատ կ՝ուզէր, որ բրիտանացի պաշտօնեաները կարդան զայն:

Պատերազմի սկիզբը, 1915 թուականին հայերը բանակ կազմակերպեցին եւ յարձակեցան թուրքերու վրայ, որոնք այն ժամանակ կը կռուէին ռուսերուն դէմ: Երեք հայ պատգամաւոր մեծ աշխուժութեամբ մասնակցած են ատոր. մահմետականներու դէմ իբր թէ ջարդեր տեղի ունեցան, որոնք ուղեկցուեցան կանանց եւ երեխաներու նկատմամբ վայրագութիւններով: Ան երկու անգամ դէմ եղած էր բռնի տեղահանութիւններուն, նաեւ եղած էր հետաքննութեան մը հեղինակ, որուն հետեւանքով մեղաւոր քիւրտերէն եւ թուրքերէն քանի մը հոգին ենթարկուեցան մահապատիժի»:

Ճակատագրի հեգնանքով, Թալէաթ ինքնավստահօրէն ըսաւ Հերպըրդին, որ ան չի վախնար սպաննուելէ: «Ան ըսաւ, որ երբեք չէ մտածած այդ մասին: Ինչո՞ւ պէտք է որեւէ մէկը չսիրէ զինք: Ես ըսի, որ թերթերուն մէջ իր մասին այդքան գրելէ յետոյ, հնարաւոր է, որ հայերը կամենան վրէժխնդիր ըլլալ իրմէ, սակայն ան անուշադրութեան մատնեց իմ խօսքերը»: Երկու շաբաթ անց, հայոց վրիժառու Սողոմոն Թեհլերեանը, Պեռլինի մէջ գնդակահարեց դահիճ Թալէաթը…

Աւարտելով Թալէաթի հետ իր հարցազրոյցը, Հերպըրդ նկատեց. «Ան իր սերնդակից սակաւաթիւ մարդոցմէ էր, որ մահացաւ ատելութեան մէջ, իսկապէս անիծեալ: Հաւանաբար ան այդպէս էր, ինչպէս զինք կը պատկերացնէին, չեմ կրնար ըսել: Ես գիտեմ, որ ան բացառիկ կարողութիւն եւ գրաւչութիւն ունէր, սակայն չեմ գիտեր, թէ արդեօք ան պատասխանատո՞ւ էր հայկական կոտորածներուն համար»:

Միայն այդ ժամանակաշրջանի մասնագէտները կրնան ստուգել այս ծաւալուն հարցազրոյցին հաւաստիութիւնը եւ իսկութիւնը: Եթէ անիկա իրօք ճիշդ է, ուրեմն ո՞րն էր Թալէաթի նպատակը «անգլո-թրքական դաշինք» առաջարկելու պահուն, եւ ինչո՞ւ բրիտանական կառավարութիւնը այդքան կ՝ուզէր զրուցել անոր հետ:

Թարգմանութիւնը կատարեց Ռուզաննա Աւագեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց ԵՌԱԳՈՅՆ-ը

ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail