Ատրպէյճանի Պատերազմական Ոճիրները Դատապարտող Բանաձեւ Ներկայացուեցաւ Քոնկրեսին

Ատրպէյճանի Պատերազմական Ոճիրները Դատապարտող Բանաձեւ Ներկայացուեցաւ Քոնկրեսին

26 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2022 – Գլխաւոր Լուրեր, Հայաստան,

Քոնկրեսական Սփիր Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեանի հետ տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համաատենապետ Ճեքի Սփիր, որ մօտաւորապէս շաբաթ մը առաջ Հայաստան այցելած էր Ներկայացուցիչներու տան խօսնակ Նենսի Փելոսիի հետ, Ներկայացուցիչներու տան ներկայացուց Հայաստանի եւ Արցախի դէմ Ատրպէյճանի պատերազմական ոճիրները դատապարտող բանաձեւ մը, որ նաեւ Ուաշինկթընէն կը պահանջէ պատժամիջոցներ որդեգրել Պաքուի դէմ, իսկ միջազգային ատեաններէն՝ հետապնդել նշեալ ոճիրները։

Սփիր իր բանաձեւը ներկայացուցած ըլլալուն մասին յայտարարեց Կիրակի, 25 Սեպտեմբերին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի տարեական ձեռնարկէն առաջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին։ Նշենք, որ Հայ Դատի ձեռնարկին ընթացքին Սփիր ստացաւ կազմակերպութեան «Կեանքի մը իրագործումներ» մրցանակը։

Սփիր բանաձեւին գծով անցեալ շաբաթ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ Ուաշինկթըն ալցելած Արցախի արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեանի եւ մշակոյթի փոխնախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեանի հետ՝ նշելով, որ բանաձեւը նաեւ կը պահանջէ հետապնդել հայ գերիները ապօրի կերպով պահելու, հայկական մշակութային եւ կրօնական կոթողներ քանդելու՝  Ատրպէյճանի քայլերը եւ նեցուկ կը կանգնի Հայաստաի եւ Արցախի հանրապետութիւններու հողային ամբոջականութեան։

Սփիրի այս բանաձեւին կը զօրակցին Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի միւս համաատենապետները՝ Ֆրենք Փալոն, Էտըմ Շիֆ եւ Աննա Էշու։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ողջունեց այս բանաձեւին ներկայացումը՝ ամերիկահայութեան կոչ ընելով, որ Սփիրի եւ Պաքուի յարձակումները դատապարտող Շիֆի ներկայացուցած թիւ 1351 բանաձեւներուն զօրակցելու նպատակով այցելեն Հայ Դատի կայքէջը։

Պահ մը Բաբայեանի եւ քոնկրեսականներուն միջեւ հանդիպումէն

asbarez.am/426725/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail