Իրատեսի Ցաւցնող Իրաւունքով – Իրատեսի Ցաւցնող Իրաւունքով – Իրատեսի Ցաւցնող Իրաւունքով – Յակոբ Պալեան

Ռուս-թուրքական 2020 թ. աշնանային ագրեսիան Հայաստանի դեմ ուղղված է նույն խնդրին՝ Հայաստանի անկախ պետականության ոչնչացմանը

Իրատեսի Ցաւցնող Իրաւունքով – Իրատեսի Ցաւցնող Իրաւունքով – Իրատեսի Ցաւցնող Իրաւունքով – Յակոբ Պալեան

28 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2022 – ՀԱՅ ԴԱՏ – ՍՓԻՒՌՔ:

Յակոբ ՊալեանՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org

– Գիշերը որքան էլ երկարի, առաւոտը գալու է: – lousavor-avedis.org

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

«Բնակչութիւնը ընդհանրապէս չի գիտեր, թէ ի՛նչ տեղի
կ՛ունենայ: Եւ ան նոյնիսկ չի գիտեր, որ չի գիտեր»

Նոամ Շոմսքի (Ժամանակակից ամերիկացի լեզուաբան)

21 Սեպտեմբերին հանրապետութեան վերանկախացման տարեդարձն էր, նաեւ իրենք զիրենք պարտադրող պարտութիւններու վաղորդայն, գարուն կեանքերու զոհաբերման վարդատօն` Եռաբլուրի բեմին վրայ:

Կը բանամ սփիւռքի եւ  եւ Հայաստանի սեղեկատուական էջերը, կ՛ունկնդրեմ ամէն կարգի յայտարարութիւնները` պետական դէմքերու եւ ընդդիմադիրներու: Կը կարդամ Հայաստանի եւ սփիւռքի մամուլը: Մնայուն հանդէս` երէկի եւ այսօրուան խաղքութիւններու եւ մերկացումներու: Դէմքեր եւ անուններ կը փոխուին: Նախկիններ եւ նախկինացողներ: Ինքնաքանդում եւ պարտութիւններ: Կարծէք այլեւս չանհանգստացնող նահանջներու սովորական առօրեայի մէջ խրած ենք: Յուսահատութեան հեքիաթի թատրոն:

Եթէ դադրինք հետեւելէ հայրենասիրական իրաւ-կեղծ տրամաբանութեան եւ խուսափինք դիրքորոշուելէ մէկուն կամ միւսին հանդէպ, կոպիտ իրականութիւնը  ինքզինք պիտի պարտադրէ: Հայաստանի Հանրապետութիւնը ներքնապէս բեմ է  տեւաբար վերարտադրուող պառակտումներու:

Հանրապետութեան եւ սփիւռքի լրատուամիջոցներուն եթէ հետեւիք, զարմանքով պիտի եզրակացնէք, թէ ինչպէ՞ս դեռ հրաշքով կայ Հայաստանի Հանրապետութիւն մը, որուն ինքնիշխան սահմանները բաց են, որուն տարածքները մսաղացի մէջ դրուած են:

13 սեպտեմբերին, Ազրպէյճանը կրկին նախայարձակում գործեց, ինչպէս ըսին, ազրպէյճանական զօրքը հատեց սահմանը: Վարչապետը կը դիմէ ասդին-անդին: Նոյնիսկ «ռազմավարական  դաշնակիցը, որ այլ մտահոգութիւններ ունի, հեռախօսային» դիւանագիտութենէն անդին չ՛երթար: Եւրոպան այլ տեղ զբաղած է, որսի հրացան մը անգամ չի ղրկեր, շրթներու եւ պատկերներու քաղաքական ծառայութենէ անդին չ՛անցնիր: Կարծէք Հայաստանի մէջ սովորական դարձած ծաղկեպսակ զետեղելու քաղաքականութեան հետ քայլ կը պահէ:

Ո՞վ չէր գիտեր, որ Ազրպէյճանը կրկին կրնար յարձակիլ: Ի՞նչ ըրած էր իշխանութիւնը նման նախայարձակման-ակրեսիայի դէմ դնելու համար:

Ակրեսիա բառը սփիւռքի ցարդ իր ինքնուրոյնութիւնը պաշտպանած հայերէնին մէջ կարծէք քաղաքական իմաստութեան դափնի դարձած է, եւ` լեզուի միացման նախանշան: Կամ` քաղաքագիտութեան  տոքթորա:

Խելօք բան ըսելու համար պէտք է կապկել Հրազդանի ափի նորահայերէնը:

Ժողովրդական ողջմտութինը կ՛ըսէ, որ ղեկավարել` առաջին հերթին նախատեսել է: Ի՞նչ նախատեսած էին, եւ դեռ ի՞նչ կը նախատեսենք` պահ մը դադրեցնելով մէկ օդանաւէ միւսը, մէկ մայրաքաղաքէ միւսը երթեւեկի դեռ տեղ չհասցուցած եւ տեղ չհասցնող ինքնգոհական խաղը:

Վարչապետը Ազգային ժողովին մէջ զեկուցումներ տուաւ` յիշեցնելով ֆրանսական առածը, որ կ՛ըսէ, թէ` «Խօսքը տրուած է մարդուն իր միտքը թաքցնելու համար»: Քանի մը անգամ Ազգային ժողովին բեմէն խօսեցաւ, բայց ոչ իսկ մէկ անգամ ինքնաքննադատութիւն ըրաւ, թէ ինչպէ՛ս պետութիւնը չէր նախատեսած նման նախայարձակում: Ազգային ժողովին մէջ հաճոյակատարական թեթեւսոլիկութիւնը հասաւ հոն, երբ մի ոմն պատգամաւոր ընտանեկան գովերգութիւններու անձնատուր եղաւ, որ իր պապը եւ ընտանիքի անդամները, ինք, քրոջ ամուսինը կռուած են, նոյն հունով յիշեցնելով, որ վարչապետի որդին` «Աշոտիկ»-ը բանակ գացած էր կռիւի «թէժ» օրերուն, երբ գիտենք, որ ոչ ոքէ ստացուած իրաւունքով «Մեհրիպան թէյ խմելու համար  Շուշի հրաւիրող Աշոտիկին մայրը արտորանքով Արցախ գացած էր  եւ Աշոտիկին հետ Ստեփանակերտի մէջ ման եկած…»:

Հետաքրքրական պիտի ըլլար գիտնալ, թէ Հայաստան քանի՛ զինուոր ունի բանակին մէջ երկիր պաշտպանելու համար, կամ ի՞նչ է Հանրապետութեան հազարաւոր ոստիկաններուն թիւը եւ ինչո՞ւ հազարաւոր, ի՞նչ եւ զո՞վ, որո՞նք (ովքե՞ր) պաշտպանելու համար : Գիտնալ նաեւ դատաւորներուն եւ դատախազներուն թիւը եւ բաղդատել  բնակչութեան թիւին: Քանի՞ բնակիչի համար քանի՞ ոստիկան կայ: Ի՞նչ է թիւը դատական հետապնդումի ենթակայ քաղաքացիներուն: Եւ` այդ թիւերը բաղդատել բնակչութեան թիւին:

Մարդուժի մսխում, որ ո՛չ տնտեսութեան եւ ո՛չ բանակին կը նպաստէ:

Հազարաւոր ոստիկաններ եթէ հայրենիքը եւ բնակչութիւնը պաշտպանէին սպառնացող նախայարձակ չարագործներու դէմ, հայրենասիրական գործ կը կատարէին, փոխանակ վահաններու ետին կանգնած` իշխանական շէնքեր կամ հանգամանաւորներ պաշտպանելու եւ ոստիկանական կառքերու շարասիւններով ուժի ցուցադրութիւն ընելու` սուրալով Երեւանի մէջ, երբ յաղթանակ եւ պարտութիւն կը խաղցուին սահմանին վրայ:

Երբեմն կը կարդամ նաեւ հարցախոյզեր:

Հարցախոյզի անցկացումը ունի իր կանոնները: Եթէ հարցախոյզ կատարէք, նոյն հարցումներով, կիրակի օր եկեղեցիի բակին մէջ, կամ Ֆրանսայի հրապարակին վրայ` ցուցարարներու հետ, կամ կուսակցութեան մը անդամական ժողովի սրահի դրան առջեւ, իրարմէ փարսախներով հեռու պատասխաններ պիտի ստանաք: Այս տրամաբանութեամբ ալ, կը նախընտրեմ լսել, քիչ մըն ալ` ապաւինիլ, իրաւ բանիմացներու կարծիքին, որ կ՛ենթադրեմ, քինախնդրութենէ եւ կողմնապաշտութենէ տարբեր որակ կ՛ունենայ, գտնուինք Հայաստան, թէ սփիւռքի հեռու կամ մօտ մէկ շրջանը:

Բանիմացները լսելու համար ո՛չ ամենագէտ պէտք է ըլլալ եւ ո՛չ ալ հին դառնութիւններու ախտով վարակուած:   Այսպէս, քանի մը օր առաջ, ընթերցումներուս ընթացքին, կանգ առի Վարուժան Գեղամեանի (ենթական չեմ ճանչցած) կարծիքին վրայ, որուն համար ըսուած էր` թրքագէտ, պատմական գիտութիւնների թեկնածու: Ո՛չ իշխանամէտ, ո՛չ ընդդիմադիր, ո՛չ սփիւռքի կամ Հայաստանի յաճախ` ինքնաշնորհուած  թաղային հեղինակութիւն, ո՛չ ալ հայկական սփիւռքի այս կամ այն անկիւնի հին, բայց չհինցող դառնութիւններ որոճացող:

Վարուժան Գեղամեան իր պլոկին մէջ ինչ որ ըսած է, կը մէջբերեմ ամբողջութեամբ :

«Ձեռքիս տակ եղած հանրային կարծիքի թարմ հարցումները դարձեալ ապացուցում են, որ ՀՀ բնակչութեան ճնշող մեծամասնութիւնը չի սատարում ՀՀ տէ ֆաքթօ իշխանութեան վարած «խաղաղութեան օրակարգը» Թուրքիայի հետ»:

Կը գրէ. «Ի՞նչ կարծիք ունէք հայ-թրքական յարաբերութիւնների կարգաւորման վերաբերեալ» հարցին մեր երկրի բնակչութեան մեծամասնութիւնը (շուրջ 60 տոկոսը) պատասխանել է, որ ունի բացասական կարծիք, այսինքն դէմ է այդ փաստացի կապիտուլիացիոն (անձնատուական) գործընթացին: Միանշանակ դրական է տրամադրուած ընդամէնը 7 տոկոսը, որն էլ իր հերթին հետևողական քարոզի արդիւնք է, որ վարուում է օրնիբուն պետական եւ իշխանական ռեսուրսներով:

«Ի՞նչ է սա նշանակում: Սա նշանակում է, որ մեր հանրութիւնը գիտի առկայ խնդիրները, սակայն չի ստանում անհրաժեշտ ազդակներ դիմադրելու համար: Իսկ ազգային ուժերը պէտք է բաւականաչափ խոհեմութիւն եւ ջանք գործադրեն առկայ դիմադրական պոտենցիալը (կարողականութիւնը) ճիշդ  օգտագործելու եւ ազգային օրակարգ հաստատելու համար: Վերջիններիս կողմից բոլոր մեղադրանքներն ու պիտակաւորումները մեր երկրի բնակչութեան հանդէպ ոչ միայն անարդիւնաւէտ են, այլեւ սխալ ու դատապարտելի` ազգային խնդիրների լուծման առումով»:

Վարուժան Գեղամեան ստեղծուած պարտուողական կացութեան մէջ տեղեակ անձի վերաբերում ունի, ունի բանիմաց անձի մօտեցում, կացութիւնը կը գնահատէ անկախաբար կողմի թելադրած մօտեցումէն:

Ըլլանք հայաստանաբնակ թէ սփիւռքահայ, կամ Հայաստանի կացութիւնը ըմբռնելու հետաքրքրութիւն ունեցող անձ, նոյնիսկ` ոչ հայ, Վարուժան Գեղամեանին խօսքը մեծապէս լուսաբանական եւ ուսուցողական է :

ա.- ՀՀ բնակչութեան ճնշող մեծամասնութիւնը չի սատարում ՀՀ տէ-ֆաքթօ  իշխանութեան վարած «խաղաղութեան օրակարգը» Թուրքիայի հետ :« Կը նշանակէ, որ բնակչութիւնը գիտէ, թէ ո՛ւր կը տանին երկիրը: Կ՛ըսէ. «Չի սատարում»:

Այս հաստատումը չի վկայեր քաղաքական վերաբերումի մասին, չեզոքութիւն է, կրաւորականութիւն, յանձնառութեան բացակայութիւն:

Վարուժան Գեղամեան կը նշէ այս կրաւորականութեան պատճառը: Կ՛ըսէ. «Դրական է տրամադրուած ընդամէնը 7 տոկոսը, որն էլ իր հերթին հետեւողական քարոզի արդիւնք է, որ վարւում է օրնիբուն պետական եւ իշխանական ռեսուրսներով»:

Եթէ ժողովուրդի մեծամասնութիւնը գիտէ, թէ ո՛ւր կ՛երթայ, ո՛ւր կը տանին երկիրը, հարց պէտք է տալ, թէ ինչո՞ւ չի հակազդեր, ոտքի չի կանգնիր: Ան կա՛մ ամբողջովին յուսահատած է, կա՛մ կը սպասէ ակնկալութիւնները ուժի վերածող առաջնորդը: Առաջնորդութիւնը դժգոհութիւններու գրականացում եւ ճառ չէ, այլ` վերականգնումի իրա՛ւ եւ հասկնալի  հեռնակար, որ չըլլայ սոսկ իշխանափոխութեան դասական խաղ, այլ` միացում եւ վերականգնում: Եթէ հանրապետութեան 60 տոկոսը չի հետեւիր օրուան իշխանութեան քաղաքական ընթացքին, հարց կը ծագի, թէ ի՞նչ կ՛ընէ, ինչպէ՞ս կ՛արտայայտուի, կամ ինչո՞ւ այդ կեցուածքը չ՛արտայայտուիր որպէս քաղաքական կամք: Իսկ սփիւռքը(ները) ի՞նչ կը բանի` բացի իր հայրենասիրութիւնը արտայայտող լրատուութենէ եւ յուզումէ, պարտականութիւն կատարած ըլլալու ինքնգոհութիւն «հիմնադրամէ», զոր չի հակակշռեր (յիշել վարչապետի կամայական որոշումով հարիւր միլիոնի ցարդ չլուսաբանուած օգտագործումը):

Ի՞նչ կը բանին սփիւռք-(ները) եւ անոնց բազմագոյն ղեկավարութիւնները, որոնք ցարդ միաձայն չկրցան ըսել, որ հայրենիքը եւ Արցախը կը պատկանին նաեւ իրենց, իրենք ալ տէր են, ո՛չ միայն բանիւ:

Սփիւռքը(ները) բանտարկուեցաւ կամ ինքզինք բանտարկեց երգ-բաժակաճառի հայրենասիրական, բարեսիրական, ուսումնասիրական, զգացական  եւ «տուրիստական» ինքնագոհութեան անվաղորդայն ջոջական ինքնագոհութիւններու միգամածներու մէջ, չստեղծուեցաւ հայրենիք ունենալու, հայրենիք եւ ժողովուրդ միացնելու վարքագիծ, մշակուեցան եւ կը շարունակուին յաւելեալ անկարեւոր կարեւորութեան տեղայնութիւններ, որոնք յանգեցան` աթոռասիրական դատարկ փառասիրութիւններու, «դասարան» փոխելու մրցակցութիւններու, ամուլ դիրքապաշտութիւններու: Թանկանիքա կամ Քամչաթքա ծնած ըլլալ կամ ապրիլ շնորհ կամ իրաւունք դարձան, դատարկ սնափառութիւն, աստ եւ անդ: Հանրային-քաղաքական կեանքի առողջացման համար բացակայեցաւ ճշմարիտ քննադատութիւնը, որ փոխարինուեցաւ` բանավէճով, ցեխարձակումով, ժառանգուած «սեւացրէ՛ք»-ով, «երեւելիապաշտութեամբ»: Եւ կացութիւնը այդպէս ալ կը շարունակուի: Այս կամ այն ճարպիկներ, հիմա կ՛ըսենք` «մանիպուլատորներ, ինքնաշնորհեցին «կուրու»-ի պատուանդան, անոնց շուքին ծուարածներ ալ կարծեցին ըլլալ «կուրու»: Եւ հասանք հոն, ուր որ ենք: Ո՞վ իրապէս պաշտպանեց եւ կը պաշտպանէ ԱԶԳ-ը, ո՞վ իսկապէս տէր է բռնագրաւուած հայրենիքին եւ ինչպէ՞ս: Չեկաւ իսկական առաջնորդը, որ բոլոր մանրուքներու դէմ կանգնէր եւ ըսէր, որ ԱԶԳ-ը եւ հայրենիքը իրաւունք ունին եւ վերջ:

 

Վարուժան Գեղամեանին յիշած «մեծամասնութիւնը», «որ «չի սատարում իշխանութեան»-ը ամբոխ է, մինչեւ այն ատեն որ առաջնորդ չունի, որ ընէ այնպէս որ այդ մեծամասնութիւնը նուաճէ լսելու կարողութիւն` ըստ արժէքներու, որպէսզի ծնունդ առնէ անմիջականը գերանցող յանձնառութիւնը, որուն ենթահողը անառարկելի վստահութիւնն է, որուն ենթահողը ամէն տեսակի եսեր գերանցող անվիճելի օրինակելիութիւնն է, որուն համար անհրաժեշտ է ընդունիլ սխալներու պատասխանատուութիւնը:

Հայ զանգուածները, ներսը եւ դուրսը, հրաշք պահու մը, առաջնոդուելով հիմնական առաջադրանքներով, կը նուաճեն լսելու առաքինութիւնը, virtus-ը, բառին հռոմէական իմաստով, որ բարձրամակարդակ քաջութիւն է,  հոգեկան ուժ, կը թօթափեն շահախնդրութիւնները եւ չտեսներու ու սովածներու հոգեբարոյական նիւթական ընչաքաղցութիւնը, եւ մտածել վաղուան մասին` միաձայն յայտարարելով, որ ազգը եւ հայրենիքը իրաւունք ունին, գիտակցելով, որ առանց եսը գերանցող գիտակցութեան եւ անկէ բխող յանձնառութեան` պարտութիւնը կը սպասէ մեզ մեր դրան առջեւ, որուն համար աւաղել եւ պատասխանատուներ փնտռելու ճապկումներ ընել զանազան բնոյթի մեղսակցութիւններ են:

Անտարբերութիւն, սպասում եւ զանազան ձեւերով արդարացումներ, ազգը պարտութեան առաջնորդելու գործին վերջնական անկման` մեղսակցութիւն են:

Մեծագոյններէն անկարելի հաշտութիւն իրականցուցած Նելսըն Մանտելայի հետեւութեամբ ըսենք, որ` «Չարախօսել ուրիշները` ապահովաբար ախտ է,  չարախօսել ինքզինք` առաքինութիւն»: Այսինքն` ունենալ միւսին «դուն ճիշդ ես» ըսելու վեհութիւն» եւ մեծհոգութեամբ ընդունիլ, որ սխալած ենք»: Քաղաքական կեանքի մէջ ինչպիսի բարդութիւններ պիտի յաղթահարուէին… Իսկ հայ կեանքի մէջ, ընդհանրապէս, այսօր մասնաւորաբար ձախողութենէ պարտութիւն գացող հանրապետութիւն եւ տեւաբար մաշող սփիւռք(ներ):

Մեր կարեւոր եւ աննշան նախաձեռնութիւններէն առաջ եւ վերջ միշտ պէտք է մտածել, թէ ինչպիսի՛ ազգ պիտի ըլլայ յաջորդ սերունդը եւ ինչպիսի՛ հայրենիք պիտի կտակենք անոր: Ժառանգութեան մը եւ շարունակութեան մը վե՞րջ, թէ՞ անդիմագիծ շարունակութիւն չեղող նորի մը սկիզբ:

Մտածել, անպայման առաքինութեամբ մտածել` առանց համպըրկըրի եւ առանց «Ֆէյսպուք»-ի… եթէ դեռ պահած ենք այդ ընելու հոգեկան նուազագոյն ուժ կամ…ունինք  այնքա՜ն հոլովուած հպարտութիւն, որ չըլլայ աթոռ, աթոռակ, խօսափող եւ պատկերներու հոսքի ալպոմ:

Պատմութիւնը կը վկայէ, որ մեր ժողովուրդը միշտ գիտցած է լսել իր հոգեւոր առաջնորդները` վեղարաւոր եւ անվեղար: Կու գա՞ն այդ առաջնորդները եւ զանոնք լսելու առաքինութիւն ունեցող ժողովուրդը…

Ինչպէս յաճախ կրկնած եմ  ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի նախագահ Ֆետերիքօ Մայորի խօսքը, որ վաղը միշտ ուշ է… Այդպէս է ե՛ւ ըսելու ե՛ւ լսելու համար, մանաւանդ` արարելու:

21 սեպտեմբեր 2022, Նուազի-լը-Կրան

www.aztagdaily.com/archives/559233

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail