Հնդկաստան Շուրջ 244 Միլիոն Տոլարի Զէնք Պիտի Մատակարարէ Հայաստանին
30 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2022 –
Հնդկաստան զինամթերք պիտի մատակարարէ Հայաստանին: Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ այս մասին յայտնեց «Տը Էքոնոմիք Թայմզ»ը:
Կառավարութիւնները զէնք եւ զինամթերք մատակարարելու համար քանի մը պայմանագիրներ կնքեցին այս ամսուան սկիզբը:
«Տը Էքոնոմիք Թայմզ»ի աղբիւրներուն համաձայն՝ Հնդկաստան Հայաստան պիտի արտածէ Pianka հրթիռային համակարգեր, որոնք արդէն իսկ կը ծառայեն հնդկական բանակին:
Հնդկաստան նաեւ Հայաստանին պիտի մատակարարէ հակահրասայլային հրթիռներ, ինչպէս նաեւ այլ զինամթերքներ: Ըստ հրապարակման՝ նախատեսուած է նաեւ Swathi ռատարներու մատակարարում: Մատակարարումներու ընդհանուր ծաւալը պիտի կազմէ շուրջ 244 միլիոն տոլար:
«Արմէնփրէս»ի թղթակիցը կը հաղորդէ, որ հնդկական «Ինտիա Թուտէյ» պատկերասփիւռի կայանը ծաւալուն կերպով անդրադարձաւ հայ-հնդկական ռազմական գործարքին: Ան նշեց, թէ Հայաստան հնդկական Pianka համակարգերու առաջին օտար գնորդն է:
Կայանը նաեւ նշեց, որ Հնդկաստան Շուրջ 260 միլիոն տոլարի համարժէք զէնք եւ զինամթերք վաճառած է Հայաստանի Հանրապետութեան:
Հնդկական ընկերութիւնը կարեւոր յաջողութիւն նկատեց Հայաստանի հետ գործարքը հնդկական ռազմարդիւնաբերութեան համար՝ դիտել տալով, որ հնդկական զէնքի արտածումը կը կատարուի հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան լոյսին տակ:
Խօսելով Pianka-ի բնութագիրին մասին՝ հնդիկ թղթակից մը յայտնեց, որ անիկա 44 երկվայրկեանի ընթացքին կրնայ 12 հրթիռներ կրակել: Հրթիռի հեռահարութիւնը 60 քիլոմեթր է, երկարութիւնը՝ 4950 մմ., տրամաչափը՝ 214 մմ.: Անոր նախագծումը սկսած է 1981ին, իսկ Հնդկաստանի զինուած ուժերուն մէջ անիկա սկսած է օգտագործուիլ 1999 թուականին:
asbarez.am/426982/հնդկաստան-շուրջ-244-միլիոն-տոլարի-զէնք-պ/