03 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2016
ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան 2 փետրուարին կրկին անդրադարձած է իր կատարած այն յայտարարութեան, թէ իշխանութիւնները հեղինակազրկուած են: Ազգային ժողովի դահլիճին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Արմէն Ռուստամեան ընդգծած է, որ, իր կարծիքով, այդ բոլորը մամուլի «թեթեւ ձեռքով բովանդակութենէ դուրս բերուած ձեւով ներկայացուած է»` պնդելով, որ ինք այդ մէկը ըսած է իրավիճակի տրամաբանական վերլուծութեամբ եւ չի հրաժարիր իր խօսքէն:
«Եթէ լուրջ դժգոհութիւն կայ, իսկ այդ դժգոհութիւնը կայ, կը կարծեմ, որ նոյնիսկ սահմանադրական հանրաքուէի ընթացքին արձանագրուած «ոչ»-ի քանակը կը խօսի այն մասին, որ կայ լուրջ դժգոհութիւն: Եւ ուրեմն` այդ դժգոհութիւնը չի՞ նշանակեր, որ կան չլուծուած հարցեր, կուտակուած խնդիրներ, որոնք լուծուած չեն, եւ պէտք է զանոնք լուծել: Բնականաբար, չի կրնար մեծ հեղինակութիւն ունենալ իշխանութիւնը, եթէ չի լուծեր յառաջացած խնդիրները: Այդ հեղինակութեան պակասը նաեւ մեր խնդիրն է, մենք ատիկա չենք դիտարկեր միայն իբրեւ իշխող ուժի խնդիր:
Կ՛ուզենք երկիրը բերել այնպիսի մակարդակի, որ ժողովուրդը վստահի իր իշխանութիւններուն», ըստ «Արմէնփրես»-ին, ըսած է Ռուստամեան:
Ան աւելցուցած է, որ իշխանութիւններուն հետ Դաշնակցութեան համագործակցութիւնը խորքին մէջ միջոց է` նպատակներուն հասնելու համար: «Մեր համագործակցութիւնը միջոց է, ես նպատակներուն մասին կը մտածեմ, որ մեր երկիրը այս իրավիճակէն դուրս գայ: Երկրին մէջ ունինք լուրջ խնդիրներ, որոնք պէտք է յաղթահարել: Այդ պատճառով Դաշնակցութիւնը պատրաստ է ամէն ինչ դնելու` անգամ իր հեղինակութիւնը: Այս հարցով ոեւէ մէկուն մօտ թող կասկած չմնայ:
Մենք լաւ հոլովոյթ մը սկսած ենք, պէտք է շարունակենք, որպէսզի դրական արդիւնքներով շտկենք երկրին մէջ տիրող իրավիճակը: Մեր միակ մտահոգութիւնը այն է, որ չվտանգուի երկրին յառաջընթաց զարգացումը, ինծի համար այլ մտահոգութիւն գոյութիւն չունի: Որեւէ համագործակցութիւն ստորադաս է այդ խնդիրին: Մենք ինքնանպատակ որեւէ համագործակցութեան մէջ չենք մտած եւ չենք մտներ», նշած է Արմէն Ռուստամեան:
ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավարը կը վստահեցնէ, որ իրենք իշխանութիւններուն հետ կը համագործակցին յանուն երկրի եւ ժողովուրդի ապագային: «Այդ վէճը, որ սկսած է մամուլին մէջ, մեզի համար անընդունելի է. մենք պաշտօններու համար կռիւ չենք ըներ, մենք աթոռակռիւ չենք ըներ: Մեր մասնակցութեամբ կուտակուած հարցերը կ՛ուզենք լուծել, անընդհատ կ՛ըսենք, բայց կան հակադաշնակցական տրամադրութիւններու մէջ ապրող մարդիկ, որոնք կ՛ուզեն Դաշնակցութիւնը տեսնել իրենց նախնական պատկերացումներով», շեշտած է Ռուստամեան:
Անդրադառնալով նախագահ Սերժ Սարգսեան-ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան հանդիպումին ընթացքին ծաւալած խօսակցութիւններուն` Ռուստամեան պարզաբանած է, որ հանդիպումները պիտի ըլլան շարունակական, այնքան ատեն որ տակաւին վերջնական յստակեցումներ չեն գոյացած: Ըստ անոր, իրենք յստակօրէն բացատրած են, թէ ո՛ր ճամբով կ՛ուզեն երթալ, իսկ այդ հանդիպումները միջոց են իրենց բարձրացուցած խնդիրները լուծելու:
ԱԶԴԱԿ
http://www.aztagdaily.com