Մեծերը Չեն Տեսներ, Որ Իրենցմէ Քարընկեց Մը Հեռու Սկսած Է Կրօնական-Քաղաքակրթական Մեծ Պատերազմը – Յակոբ Պալեան
30 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2022 – ՀԱՅ ԴԱՏ – ՍՓԻՒՌՔ:
Յակոբ Պալեան – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org
– Գիշերը որքան էլ երկարի, առաւոտը գալու է: – lousavor-avedis.org
Ֆրանսական հեռատեսիլի լրագրող մը խօսեցաւ Շուշիի Ամենափրկիչ եկեղեցիի գմբէթէն խաչին վերացման մասին, նաեւ ժողովուրդի մը կրօնական-մշակութային հետքի ջնջման, քանի որ պատերէն ջնջուած են հայատառ բոլոր արձանագրութիւնները, եւ ըսաւ, որ այս մշակոյթներու եւ քաղաքակրթութեան դէմ շղթայազերծուած պատերազմ է:
Մարգարէ ըլլալու կարիք չկայ ենթադրելու, որ Ամենափրկիչ կամ Աղաւնոյի եկեղեցիի ինքնութեան եւ պատկանելիութեան դէմ գործուած նախայարձակումը (ուրիշ բառ չկայ բնորոշելու ինչ որ կը կատարուի աշխարհի աչքին առջեւ, որ կրօնական-քաղաքակրթական պատերազմի մասին կը վկայէ): Եթէ ֆրանսական, յունական, եգիպտական կամ այլ երկիրներու քրիստոնէական տաճարներ, ինչպէս աւելի ուշագրաւ՝ Պոլսոյ Սուրբ Սոֆիայէն ետք, ենթակայ ըլլան նոյն ճակատագրին, ոչ ոք ինքնարդարացման իրաւունք պիտի ունենայ եւ ըսէ՝ «չէինք, գիտեր, չնախատեսեցինք»… Մեծերը իրաւունք չունին ըսելու չգիտցանք, չէինք գիտեր, անոնք ունին տեղեկահաւաքի կեդրոններ եւ կարելիութիւններ, հետեւաբար յանցանք է ըսել «չէինք նախատեսած »:
Ինչո՞ւ չենք դիմեր «ՄԵԾԵՐ»ուն, համաշխարհային խաղաղութեան պաշտպաններուն, աշխարհի իրաւ մտաւորականութեան, զանոնք դնելու համար իրենց պատասխանատուութեան առջեւ, որ Հայաստան եւ հայութիւն եղած են եւ են, նաեւ այսօր, ինչպէս կ՛ըսեն՝ քաղաքակրթական նախայարձակման թիրախ՝ կրօնական անհանդուրժողութեան, մոլեռանդութեան, ցեղապաշտութեան եւ ծաւալապաշտութեան պատճառներով, եւ անվարան յիշեցնել, որ այդ տեղի ունեցած է եւ կը շարունակուի համաշխարհային շահամոլական անպատասխանատուութեան եւ ապաբարոյ անտարբերութեան աչքին առջեւ:
Զարմանալի են միջազգային քաղաքականութեան ճապկումները եւ զարմացնող են անոր միջնորդութիւնները, որոնք փորձած են եւ կը փորձեն հայեւթուրք կամ հայեւատրպէյճանական տագնապը լուծել: Ինչո՞ւ չեն համարձակիր (նաւթի եւ կազի հպատակութենէն ազատելով) տեսնել եւ ըսել ճշմարտութիւնը եւ ըստ այնմ որոշումներ կայացնել, որ թուրքը եւ ազերին հայաշխարհ ներխուժածներ են, Ատրպէյճան անունով երկիր գոյութիւն չէ ունեցած մինչեւ Ի․ դարու սկիզբը։ Քարտէսներով սահմաններ ճշդելու առաքելութեան կոչուածներ չե՞ն տեսած, որ այդ քարտէսներուն վրայ Ատրպէյճան չէ եղած: Լրագրողներուն կը խօսի՞նք այս մասին, անոնք այս մասին պատահա՞ծ է որ գրեն, խաղաղութիւն հաստատելու փորձ ընողներ իրենց թղթապանակներուն մէջ ունի՞ն պատմական վկայութիւն եղող քարտէսները: Կարծէք լուռ համախոհութիւն կայ հայն ու անոր բնիկ աշխարհը կամաւոր կուրութեամբ յատկանշուող եւ քաղաքական որձեւէգ խօսքերով դրան առջեւ մոռնալու:
Եթէ յանկարծ Արարատեան դաշտին մէջ նաւթի եւ կազի պաշարներ յայտնուին, ամէնքն ալ պիտի յիշեն, որ կը գտնուին հոն՝ որ Հայաստան է եւ եւ այդ երկիրը սիրելի պիտի ըլլայ:
Արեւմտահայաստանի ժողովուրդը ցեղասպանութեան ենթարկուեցաւ, քանի որ իր պատմութեան եւ արմատներու հաւատարիմ մնալու եւ տէր ըլլալու համար պայքարեցաւ, պահանջելով քաղաքական նուազագոյնը՝ ինքնավարութիւն:
Ստալինի քաղաքական նենգ որոշումով, հայկական հնագոյն աշխարհը՝ Ար-ցախը, կիսով կցուած էր Ատրպէյճան նորաստեղծ պետութեան, որպէս ինքնավար մարզ: 1921էն 1991, Արցախ, որ ճանչցուած էր որպէս «Լեռնային Ղարաբաղ», մաս կը կազմէր «Խորհրդային Մեծ Հայրենիքի»ն, որուն բանակին, «հայրենական պատերազմի ընթացքին տուած էր հայանուն հերոսներ, զօրավարներ, «մարաջախտ»ներ, որոնք ո՛չ թուրք էին եւ ո՛չ ալ ազերի:
1988ին, Երբ Կորպաչեւի «փերեսթրոյքա»ն նոր կացութիւն ստեղծեց, յոյսերու ծնունդ տուաւ, ժամանակն էր անցեալի կամայական, անարդար եւ անբնական որոշումները սրբագրելու, զգացուող եւ նախատեսուող Խորհրդային Միութեան փլուզման յառաջացնելիք արդար վերականգնումներու ծիրէն ներս, Արցախը դուրս բերելու Ատրպէյճանի ենթակայութենէն, մանաւանդ որ անոր բնակչութիւնը եօթանասուն տարի ենթարկուած էր ճնշումներու, ցեղային եւ կրօնական հալածանքներու: Բնական կերպով ծնունդ առաւ Արցախի ազատագրական շարժումը, որպէսզի դադրի թուրք-ազերի տիրապետութիւնը, որ հոգեբարոյական, քաղաքական եւ քաղաքակրթական ժառանգորդն էր ցեղասպանութեան ոճիրին, որուն վրայ կերտուած էր իր ինքնութիւնը:
Աշխարհ ականջալուր եւ ականատես եղաւ փոքրիկ եւ երեք միլիոն հաշուող ժողովուրդի մը աւելի քան մէկ միլիոն մարդոց հայրենատիրական ցոյցերուն, որոնք կը պահանջէին Արցախի ազատագրութիւնը եւ անոր միացումը Հայաստանի:
ՄԻԱՑՈՒՄը ազգի գիտակցութեան խորքէն պայթող աղաղակ էր:
Մօտաւոր անցեալի այս համազգային պոռթկումը այսօր ալ պէտք է յիշել որպէս միացման հզօր կամք, ընդդէմ տկարացումներու, պարտութեան եւ պառակտումներու եւ զանազան ձեւերով կրկնուող եւ յայտնուող նախայարձակումներու՝ հայուն, անոր ապրելու իրաւունքին, ժառանգութեան, անցեալին եւ հայրենիքին դէմ:
Հանրապետութեան մամուլին մէջ կարդացի հետեւեալը․ ««Մեր հաւատքը, կրօնն ու մշակոյթը այն սիւներն են, որոնց վրայ մեր ինքնութիւնը պիտի յենուի», Մատենադարանում կայացած «Արցախի Ս. Յակոբավանքի վերականգնումը եւ Քոլատակ համայնքի զարգացումը» խորագրով համաժողովին» ըսած է ծրագրի համակարգող Գագիկ Յարութիւնեան: Վանքի վերականգնման ճարտարապետական նախագծի եւ բազմաթիւ այլ եկեղեցիների, այդ թուում՝ Դադիվանքի վերականգնման նախագծերի հեղինակը Սամուէլ Այվազեանն է:
Գագիկ Յարությունեան փաստեց, որ 7րդ դարու կաթողիկոսանիստ Յակոբավանքը կարեւոր համալիրներէն մէկն է, որ շուրջ 300 տարի չի վերանորոգուել ու կանգնած էր փլուզման եզրին։ Յատկապէս պատերազմէն ետք, Յակոբավանքի վերականգնումը էլ աւելի կարեւորուեց: Այսօր Ադրբեջանը շատ թէժ մշակութային պատերազմ է մեր դէմ վարում: Անգամ այսօր Յակոբավանքի վերաբերեալ տարբեր յօդուածներ են գրուում, «Վիլքիպեդիա»ում էջեր են բացուում, որ իբր սա հայկական իրականութեան ու մշակոյթի հետ կապ չունի, ասում են՝ իբր ալբանական մշակոյթի մաս է, եւ իբր ադրբեջանցիները ալբանների յետնորդներն են:
«Գագիկ Յարութիւնեանի ձեւակերպմամբ. «Այս ամէնը Յակոբավանքը նաեւ էքզիստենցիալ (գոյութենական) իմաստով են խնդրի առաջ կանգնեցնում: Ադրբեջանցիներն ամէն ինչ անում են, որ Դադիվանքն անցնի իրենց լիարժեք վերահսկողութեան տակ։ Ինչո՞ւ է կարեւոր վանքի վերականգնումը հենց այսօր։ 2020ի պատերազմի եւ դրան հետեւած արցախեան տարածքների բռնազաւթման արդիւնքում, հայկական մշակութային 90 կոթող է ոչնչացուել, վնասուել կամ ենթարկուել ձեւափոխման Ադրբեջանի կողմից։ Հարիւրաւոր յուշարձաններ վտանգուած են, քանի որ գտնուում են Ադրբեջանի բռնազաւթման ներքոյ»։
Ընդգծուեց, որ Սուրբ Յակովբավանքը մարմնաւորում է Արցախի պատմամշակութային ամբողջ ժառանգութիւնը, որը մեր հազարամեակների գոյութեան ու ինքնութեան ապացոյցներից է մեր իսկ հողում։ Հենց այդ նպատակով մի շարք կազմակերպութիւններ, գիտնականներ, մտաւորականներ, մտահոգ անձինք, համախմբուել են կարեւոր այս գաղափարի շուրջ՝ վերականգնել Արցախի Մարտակերտի շրջանի Քոլատակ գիւղի Ս. Յակոբավանքը, ինչը կարեւոր ուղերձ կը դառնայ աշխարհի բոլոր կողմերում ապրող հայերի համար։ Մասնագէտները կարծում են, որ Յակոբավանքի վերականգնումը նաեւ կը խթանի Արցախի մշակութային, հոգեւոր, տնտեսական եւ զբօսաշրջային ոլորտների զարգացումը։
Գագիկ Յարութիւնեան ընդգծեց, որ բացառիկ համախմբում է տեղի ունեցել վերականգնման շուրջ, եւ թէ՛ Արցախի կառավարութիւնը, թէ՛ մասնագիտական համայնքն ու եկեղեցին` Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս սրբազանի գլխաւորութեամբ, թէ՛ տարբեր կամաւորներ ու բարերարներ միաւորուել են, որ գործը դառնայ իրականութիւն: Նրա խօսքով, Արցախի Սուրբ Յակոբավանքի վերականգնման եւ Քոլատակ գիւղի զարգացման համար պահանջուում է մէկ միլիոն դոլար, որից 25 հազարն արդէն հաւաքուել է, ինչը հնարաւորութիւն կը տայ սկսել վանական համալիրի մէկ եկեղեցու շինարարութիւնը»:
Սկսած քաղաքակրթական-կրօնական պատերազմին դէմ չեն կրնար դնել փոքրիկ Հայաստանը եւ փոքրացած Արցախը: Հայկական հետքի ջնջումը եւ իւրացման վայրագ ընթացքը սկսած է եւ կը շարունակուի ամպագոռգոռ ճառերով գինովցող միջազգային համայնքի աչքին առջեւ եւ անոր պատասխանատուութեան բիրտ յիշեցումը պէտք է ընել: Կրկին միլիո՞ն պիտի յատկացնենք, որպէսզի նոր ներխուժումով նախայարձակը իւրացնէ վերանորոգուած յուշարձանները, ինչպէս իւրացուց հիմնադրամին կառուցած Արցախի ճանապարհները: Միջազգային համայնքը պատասխանատուութիւն չունի՞ այս աւերներուն եւ կողոպուտին դիմաց:
Առանց ծեքծեքումի, ինչպէ՞ս միջազգային համայնքը պիտի կանգնեցնենք իր պատասխանատուութեան առջեւ եւ ի՞նչ պիտի ընենք որ մեր ժողովուրդը չբաւարարեն մխիթարական-պարգեւ խօսքերով:
Պարտութեան մէջ հրճուող մազոխական «հայրենասէր»ներ կան, որոնք Վոլթէրի «Քանտիտ»ին պէս, կը խորհին, իրենք զիրենք համոզած են, որ կ՛ապրին «աշխարհներու լաւագոյնին մէջ», աշխարհը՝ անհայրենիքի իրենց մեծ ու պզտիկ կրպակները, Հայաստան եւ Սփիւռք(ներ)ի անհայրենիք բանգէտ քաղքենիացածներ, որոնք ճշմարտութիւն եւ քննադատութիւն հայրենասիրութեան դէմ մեղանչում կը համարեն:
Մատենադարանի մէջ գումարուած ժողովին ինչո՞ւ չեն հրաւիրած ԵՈՒՆԵՍՔՕն, զոյգ հանրապետութիւններու ներկայացուցիչները ինչո՞ւ ներկայ չեն եղած գիտական քննարկումներուն, որպէսզի անոնց արձագանգը իրենց հետ տանին միջազգային եւ այլ քաղաքական հանդիպումներու:
Նախ մենք պէտք է գիտնանք, որ ինչ որ տեղի ունեցած է եւ տեղի կ՛ունենայ․ քաղաքակրթական-մշակութային-կրօնականպատերազմ է Հայաստանի դէմ, ո՛չ միայն հանրապետութեան, այլ՝ համայն հայութեան: Աւելի քան երբեք Միացում անհրաժեշտ է, զոր իրականացնելու համար նախ բոլոր մակարդակներու վերականգնում պէտք է, առանց գոհանալու հանդիսատեսի տեղ չհասցնող զգացականութեամբ, որ միշտ կը գերաճի Լիբանանի գեղատեսիլ լեռներէն մինչեւ Ֆլորիտա,Կապուտակ ծովափ եւ… Ուշուայա:
Երբ կը դարպասենք, երբ հնարաւորութիւն ունինք դարպասելու մեծերը եւ մեր աչքին մեծ համարուածները, առանց որձեւէգ ճապկումներու ըսենք, որ Հայաստան եւ հայութիւն թիրախ են քաղաքակրթական, կրօնական եւ մշակութային նախայարձակման, որ վաղը պիտի հասնի իրեն, երբ թուրքը բացորոշ կերպով սկսի կռուիլ, իրականացնելու համար իր Ատրիականէն Չինաստան տարածուող Թուրանի երազանքը: Եւ սուղ գին պիտի վճարեն ժողովուրդները, փոքրերուն հետ նաեւ այսօրուան հանդիսատես Պիղատոսի դերին իրենք զիրենք կոչած ՄԵԾԵՐը:
Ի՞նչ գին պիտի վճարեն յանձնառութենէ խուսափող եւ իրենց ինքնագոհ առանձնութեան մէջ ինքնակոչ ամուլ եւ ամլացնող կարծիքներով դատ-դատաստան ընողները: Անոնց քաղքենիի հանգիստը ոչ ոք ոք պիտի խռովէ:
Ի դարու ֆրանսացի վաւերական կին մեծ մտաւորական Սիմոն տը Պովուար, կարծիքներով եւ ուրիշներու ճիշդն ու սխալը դատող «չեզոք»ներու եւ ապաքաղաքականացածներու մասին դիպուկ բանաձեւ ունի: Ըսած է. «Անոնք, որոնք կ՛ըսեն թէ ապաքաղաքական են, ճակատագրականօրէն յետադիմական են»: Հայ կեանքի մէջ բանակ են այդ վնասակար իրաւ-կեղծ կուշտ մտաւորականները, որոնք սուլիչով կը պտտին եւ կը դժգոհին, երբ իրենց սուլիչի ձայնը չի լսուիր: Ասոնք թաւշեայ չէզոքութեան մէջ ծուարած հոգեկան եւ մտաւոր ցեցեր են:
Նուազի-լը-Կրան
asbarez.am/426910/մեծերը-չեն-տեսներ-որ-իրենցմէ-քարընկեց/