Փաշինեան. «Ռուսիան, Եւրոպական Միութիւնը, Միացեալ Նահանգները Պատրաստ Չեն Ճանչնալու Ղարաբաղի Անկախութիւնը Կամ Միացումը Հայաստանին»

Map of Armenia - Historical Armenia and future Armenia – Carte de l'Arménie - Arménie historique et future Arménie

Փաշինեան. «Ռուսիան, Եւրոպական Միութիւնը, Միացեալ Նահանգները Պատրաստ Չեն Ճանչնալու Ղարաբաղի Անկախութիւնը Կամ Միացումը Հայաստանին»

Հոկտեմբեր 1, 2022| Հայկական

Ղարաբաղեան խնդիրով զբաղող միջնորդները` Միացեալ Նահանգները, Ռուսիան, Եւրոպական Միութիւնը, իրենց սեփական պատկերացումները ունին արցախեան խնդիրի լուծման վերաբերեալ, բայց անոնցմէ որեւէ մէկը պատրաստ չէ ճանչնալու Արցախի անկախութիւնը, կամ` միացումը Հայաստանին, երէկ Հանրային պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

«Ձեր նշած միջազգային կառոյցներէն, երկիրներէն ոչ մէկը պատրաստ է ճանչնալու Ղարաբաղի անկախութիւնը եւ ոչ մէկը պատրաստ է Ղարաբաղը ճանչնալու իբրեւ Հայաստանի մաս: Այսինքն` անոնք, ըստ էութեան, նաեւ թերեւս քիչ մը այլաբանօրէն, թերեւս քիչ մը դիւանագիտօրէն կամ թերեւս երբեմն շատ ուղիղ ըսած են ատոր մասին: Եւ մենք պէտք է այս փաստին հետ առերեսուինք», ըսած է Փաշինեան` աւելցնելով, որ թերեւս այդ մասին պէտք է խօսէր նաեւ անցեալին, գուցէ` պատերազմէն առաջ:

www.aztagdaily.com/archives/559768

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail