Ատրպէյճանցիներուն Ձեռքը Գերի Ինկած Հայ Զինուորներուն Ահաւոր Տեսանիւթը Արժանացաւ Խիստ Դատապարտումի

Map of Armenia - Historical Armenia and future Armenia – Carte de l'Arménie - Arménie historique et future Arménie

Ատրպէյճանցիներուն Ձեռքը Գերի Ինկած Հայ Զինուորներուն Ահաւոր Տեսանիւթը Արժանացաւ Խիստ Դատապարտումի

04 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2022 –

2 Հոկտեմբերին, ատրպէյճանական «Թելեկրամ»ի ալիքներուն վրայ հրապարակուեցաւ տեսանիւթ մը, որուն մէջ ատրպէյճանցի զինուորները հայկական մարտական յենակէտին մէջ դաժանաբար կը գնդակահարեն արդէն իսկ գերի յանձնուած հայ զինուորները: Ահաւոր տեսանիւթին արձագանգեցին հայկական կողմը եւ այլ պետութիւններու, միջազգային կառոյցներու պատասխանատուներ:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Արամ Թորոսեան «Արմէնփրէս»ի հարցումին պատասխանելով ըսաւ. «Տեղանքի եւ ժամանակագրութեան վերաբերեալ այս պահին որեւէ յստակ տուեալ յայտնել չենք կարող, այժմ համապատասխան մարմիններն ուսումնասիրում են տեսանիւթը: Իսկութեան մասով, կարծում ենք, որեւէ կասկած չկայ, ադրբեջանական զինուած ուժերին բնորոշ ձեռագիր է: Այդ ձեռագիրը մեզ եւ միջազգային հանրութեանը յայտնի է նախորդիւ տեղի ունեցած նոյնանման դէպքերի վերաբերեալ անհերքելի ապացոյցներից»:

Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանը հաստատեց, որ տեսանիւթին մէջ տեղի ունեցածը նոր է, անիկա տեղի ունեցած է 13 Սեպտեմբերին, Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ սանձազերծուած լայնածաւալ յարձակման ընթացքին:

«Փաստը հաստատւում է տեղանքի ուսումնասիրութեան, տեսանիւթերի մեր եւ այլ շտեմարաներում առկայ համանման տեսանիւթերի հետ համադրութեամբ, ինչպէս նաեւ եղանակային պայմանների, զինծառայողների համազգեստի, ադրբեջանցի ծառայողների խօսակցութեան եւ այլ պարամետրերի համալիր համադրութեամբ:

«Սա ադրբեջանական զինուժի կողմից իրականացուած հերթական պատերազմական յանցագործութիւնն է, որի աղբիւրը հայատեացութեան հետեւողական քաղաքականութիւնն է, որն իրականացւում է Ադրբեջանի կողմից՝ դրսեւորուելով կրթական բովանդակութիւնից սկսած հանրային կեանքի բոլոր ոլորտներում եւ հէնց այդ երկրի նախագահի յայտարարութիւններում: Այս արձանագրութիւններն ի դէպ նաեւ արուած են ՄԱԿ Ռասայական խտրականութեան վերացման հարցերով կոմիտէի՝ վերջերս Ադրբեջանի վերաբերեալ հրապարակուած զեկոյցում», նշեց ան:

Այս տեսանիւթը, ի շարս միւսներուն, պիտի ներառուի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի արտահերթ զեկոյցին մէջ եւ ուղարկուի միջազգային կազմակերպութիւններուն ու դերակատարներուն:

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան «Թուիթըր»ի վրայ այս մասին գրառում կատարեց եւ ըսաւ, որ Հայաստան պիտի օգտագործէ միջազգային բոլոր գործիքակազմերը ատրպէյճանցի զինուորներու կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին մէջ հայ ռազմագերիներու խումբ մը գնդակահարելու ռազմական յանցագործութեան հետաքննութիւն ապահովելու եւ մեղաւորները պատասխանատուութեան ենթարկելու ուղղութեամբ՝ նշելով, որ բռնութեան այսպիսի արարքները պէտք է անհրաժեշտ պատասխան ստանան: Ան շեշտեց, որ միջազգային հանրութիւնը պէտք է յստակօրէն դատապարտէ եւ հասցէական գնահատական տայ այս պատերազմական յանցագործութեան, ինչպէս նաեւ քայլերու ձեռնարկէ Ատրպէյճանի նախայարձակումը կասեցնելու ուղղութեամբ:

Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերու Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար «Թուիթըր»ի վրայ անդրադարձեւ համացանցին վրայ տարածուած տեսանիւթին՝ իբր թէ ատրպէյճանցիները ինչպէ՛ս մահապատիժի կ՛ենթարկեն հայ պատերազմական գերիները: «Մահապատիժի ենթարկուող հայ պատերազմական գերիներու յաւելեալ սարսափելի տեսանիւթ մը կը տարածուի: Եթէ ապացուցուի, որ այս տեսանիւթը իրական է, ապա ասիկա պատերազմական յանցագործութիւն է, որ պէտք է հետաքննուի, եւ որուն մեղաւորները պէտք  պատժուին», յայտնեց Քլաար:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս՝ կոչ ուղղել ամբողջական եւ անաչառ կերպով հետաքննելու ատրպէյճանցի զինուորներուն կողմէ հայ գերիները մահապատժի ենթարկելը:

«Միացեալ Նահանգները խորապէս անհանգստացած է վերջին հաղորդագրութիւններէն այն մասին, որ ատրպէյճանցի զինուորները մահապատիժի կ՛ենթարկեն անզէն հայ գերիները: Մենք ամբողջական եւ անաչառ հետաքննութիւն կատարելու կոչ կ՛ուղղենք: Իւրաքանչիւր գազանութեան պատասխանատուները պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկուին», «Թուիթըր»ի վրայ գրած է ան:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա ըսաւ, թէ Մոսկուա կոչ կ՛ուղղէ Երեւանին եւ Պաքուին՝ մանրամասնօրէն եւ առարկայօրէն ուսումնասիրելու գերի ինկած զինուորներու գնդակահարութիւններուն մասին վկայող տեսագրութիւնները, որոնք կրնան որակուիլ իբրեւ պատերազմական յանցագործութեան մասին վկայող նիւթեր:

Ըստ Զախարովայի՝ այդ հաղորդագրութիւններու հաստատման պարագային, բոլոր մեղաւորները պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկուին:

«Նշուած նիւթերուն մէջ կայ ծայրայեղ դաժանութիւն: Միջազգային մարդասիրական օրէնքներու խախտումները պէտք է մանրակրկիտ կերպով հետաքննուին: Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղենք՝ համակողմանիօրէն ուսումնասիրելու տեսահոլովակները: Փաստերու ապացուցման պարագային բոլոր մեղաւորները պէտք է պատասխանատուութեան կանչուին», յայտարարեց ան:

Զախարովա հաստատեց, որ Մոսկուա լուրջ ջանքեր կը գործադրէ Պաքուի եւ Երեւանի յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ տարածաշրջանին մէջ իրավիճակի կայունացման համար:

Եւրոպական Միութիւնը կոչ ուղղեց Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն՝ անյապաղ հետաքննելու տարածուած տեսանիւթը, որուն մէջ ատրպէյճանցի զինուորները հայկական մարտական յենակէտին մէջ դաժանաբար կը գնդակահարեն հայ զինուորները: Պրիւքսէլի մէջ տուած մամլոյ ասուլիսին մը ընթացքին այս մասին յայտարարեց Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան ծառայութեան ներկայացուցիչ Փիթըր Սթանոն:

«Մենք կոչ կ՛ուղղենք՝ անյապաղ հետաքննութիւն կատարելու համապատասխան մարմիններուն կողմէ: Այն տեսանիւթը, որ ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս ատրպէյճանցի զինուորները մահապատիժի կ՛ենթարկեն հայ զինուորները, պէտք է հետաքննուի Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ», յայտնեց ան:

Ըստ Սթանոյի՝ եթէ հետաքննութեան արդիւնքները ապացուցեն տեսանիւթի իսկութիւնը, ապա անիկա ռազմական յանցագործութիւն է եւ միջազգային իրաւունքի ակնյայտ խախտում: «Նման յանցագործութիւն պէտք է դատապարտուի», շեշտեց ան:

Այս գծով հաղորդագրութիւն տարածեց Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ շեշտելով, որ Հայաստան կը պահանջէ յստակ գնահատական տալ Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ այս եւ նախորդող ժամանակահատուածներուն իրականացուած աղաղակող պատերազմական յանցագործութիւններուն:

«Սոցիալական ցանցերում ադրբեջանական օգտատէրերի կողմից շարունակաբար տարածուող մի շարք տեսանիւթեր փաստում են Ադրբեջանի ԶՈՒ կողմից կատարած պատերազմական յանցագործութիւնների՝ հայ ռազմագերիների արտադատական սպանութիւնների, հայ զինծառայողների, այդ թւում՝ կանանց խոշտանգման եւ դիերի պղծման դէպքերի մասին», կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:

Պաշտօնական Երեւանը շեշտեց, որ հետամուտ պիտի ըլլայ միջազգային համապատասխան հարթակներու եւ ատեաններու մէջ հարցի բարձրաձայնման, եւ վերոնշեալ յանցագործութիւններուն մեղաւորներն ու կազմակերպիչները պատասխանատուութեան ենթարկելուն, նաեւ՝ միջազգային պատժամիջոցներու գործադրութեամբ: «Այս համատեքստում միջազգային պատշաճ հետաքննութեան իրականացումը հրամայական է», նշեց նախարարութիւնը:

«Միաժամանակ, միջազգային հանրութիւնը պարտաւոր է մեծացնել Ադրբեջանի նկատմամբ ճնշումը՝ Ադրբեջանում ապօրինաբար պահուող բոլոր հայ ռազմագերիների եւ քաղաքացիական անձանց անյապաղ հայրենադարձման, բռնի անհետացումների եւ անհետ կորածների ճակատագրերի բացայայտման համար», յայտնեց նախարարութիւնը:

Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի հայաստանեան գրասենեակի հաղորդակցութեան եւ կանխարգիլման ծրագիրներու ղեկավար Զառա Ամատունի՝ անդրադառնալով Ատրպէյճանի կողմէ տարածուող տեսանիւթերուն, ընդգծեց, որ կոմիտէն՝ ըլլալով չէզոք մարդասիրական կազմակերպութիւն, իրաւասութիւն չունի հանրային հարթակի վրայ որեւէ յայտարարութիւն ընելու դէպքերու ու տեսանիւթերու վերաբերեալ, բայց նման հարցեր կը գտնուին իրենց մնայուն հսկողութեան տակ:

«44օրեայ պատերազմի եւ 2022 թուականի ռազմական գործողութիւնների հետեւանքով գերեվարուած անձանց մենք  ամիսը մէկ անգամ այցելում ենք  եւ փորձում ենք այդ պարբերականութիւնը պահել: Այցելութիւնների ընթացքում գերիներին ենք  փոխանցում հարազատներից տեսանիւթեր, նամակներ, զանգի հնարաւորութիւն, եւ հակառակը», նշեց Ամատունի:

Նշեալ տեսերիզի բովանդակութիւնը ցնցող եւ զայրացնող ըլլալուն պատճառաւ, զայն չենք կցեր մեր լուրին։

asbarez.am/427168/ատրպէյճանցիներուն-ձեռքը-գերի-ինկած-հ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail