Թուրք Ժխտողականները Չեն Կրնար Հայերը Պարտութեան Մատնել Քալիֆորնիոյ Մէջ

Map of Ararat Valley - Kogvit Province - Karnoy Daroink Fortress - Greater Armenia

Թուրք Ժխտողականները Չեն Կրնար Հայերը Պարտութեան Մատնել Քալիֆորնիոյ Մէջ

07 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2022 – ՍՓԻՒՌՔ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Թուրք ժխտողականները անցեալ շաբաթ յայտնաբերեցին, որ իրենք չեն կրնար Քալիֆորնիոյ մէջ հայերը պարտութեան մատնել:

Հակառակ թրքական լոպիական մեծածաւալ ջանքերուն, Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Քեւըն Նիւսըմ 29 Սեպտեմբեր 2022ին ստորագրեց օրէնք մը, որով 24 Ապրիլը՝ Ցեղասպանութեան յիշատակի օրը, պիտի նշուի իբրեւ նահանգային ոչ աշխատանքային օր: Օրինագիծը, որուն 7 Փետրուար 2022ին նախաձեռնած էր Քալիֆորնիոյ նահանգային քոնկրեսի պատգամաւոր Ատրին Նազարեան, Օգոստոս ամսուան վերջաւորութեան միաձայնութեամբ ընդունուեցաւ նահանգի օրէնսդիր երկու տուներուն կողմէ, իսկ աւելի կանուխ՝ միաձայնութեամբ անցած էր նահանգի քոնկրեսի երեք առանձին յանձնախումբերէն:

Նահանգային քոնկրեսի թիւ 1801 օրէնքը կը պարտաւորեցնէ փակել բոլոր համայնքային քոլեճները եւ հանրային դպրոցները՝ ամբողջ Քալիֆորնիոյ տարածքին, իւրաքանչիւր տարուան 24 Ապրիլին: Պետական ծառայողներուն պիտի տրամադրուի վճարովի արձակուրդ այդ օրը: Օրէնքին մէջ ամրագրուած է. «Օրէնսդիրը կը նկատէ եւ կը յայտարարէ, որ Ցեղասպանութեան յիշատակի օրը բոլորին համար պիտի ըլլայ անցեալ եւ ներկայ ցեղասպանութիւններու մասին խորհրդածելու օր, բայց յատկապէս անոնց համար, որոնք զգացած են այդ վայրագութիւններուն ազդեցութիւնը, եւ այն խումբերուն համար, որոնք ապաստան գտած են Քալիֆորնիոյ մէջ, ներառեալ բայց չսահմանափակուելով՝ Հոլոքոսթով, Հոլոտոմորով ու հայկական, ասորական, յունական, քամպոտիական եւ ռուանտական համայնքներու ցեղասպանութիւններով: Ցեղասպանութեան յիշատակի օրը պիտի նշուի ամէն տարի 24 Ապրիլին, որ նաեւ յայտնի է իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օր, այն շաբթուան ընթացքին, երբ Քալիֆորնիոյ նահանգը աւանդաբար կը նշէ Ցեղասպանութեան իրազեկման շաբաթը»:

Օրէնքին մէջ նաեւ կը նշուի հետեւեալը. «Այս նահանգի պետական բոլոր դպրոցներն ու կրթական հաստատութիւնները կրնան վարժութիւններ իրականացնել՝ նիւթապէս հովանաւորուելով  դրամական առկայ միջոցներէն, ոգեկոչելու եւ յարգելու համար Ցեղասպանութենէն վերապրածներու բազմաթիւ ներդրումները այս երկրին մէջ։ Կրթութեան նահանգային խորհուրդը կրնայ ընդունիլ ուսումնական ծրագիրի օրինակելի ուղեցոյց մը, որ հասանելի կ՛ըլլայ պետական դպրոցներուն՝ Ցեղասպանութեան յիշատակի օրուան առնչուող վարժութիւններու համար»:

Թուրք-ամերիկեան ընկերակցութիւններու համագումարը (ATAA) 6 Սեպտեմբերին ուշացած եւ ձախողած փորձ մը կատարեց՝ հրապարակելու Գործողութիւններու ահազանգ մը՝ խնդրելով նահանգապետ Նիւսըմէն արգելափակել օրինագիծը, Քալիֆորնիոյ օրէնսդիր մարմինին կողմէ միաձայնութեամբ ընդունուելէ ետք: Թրքական գործողութիւններու ահազանգը տեղադրուած է նաեւ Թուրքիոյ կայքերուն վրայ՝ կոչ ընելով աշխարհի միլիոնաւոր թուրքերու՝ պատգամներ յղելու նահանգապետ Նիւսըմին: Գործողութիւններու ահազանգը կը պարունակէր երկու նմոյշի նամակներ՝ ուղղուած նահանգապետ Նիւսըմի, ինչպէս նաեւ անոր ե-նամակի հասցէն, թղթատարական հասցէն եւ ֆաքսի թիւը: Թրքական նամակները կը բովանդակէին Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ սովորական ժխտողականութիւն՝ անտեսելով այն փաստը, որ Միացեալ Նահանգներու 50 բոլոր նահանգները ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ Քոնկրեսի երկու մարմինները եւ նախագահ Ճօ Պայտըն:

Օրինագիծի մասին նահանգապետ Նիւսըմի 30 Սեպտեմբերի որոշման նախօրէին, 29 Սեպտեմբերի յետմիջօրէին, ATAA-ը յայտարարեց երկրորդ Գործողութիւններու ահազանգը՝ կոչ ընելով անոր վեթօ դնելու օրինագիծին վրայ: Ի դժբախտութիւն ATAA-ի, նահանգապետը  նոյն օրն իսկ ստորագրեց օրինագիծը: 30 Սեպտեմբերին, ATAA-ը իր «Ֆէյսպուք»ի էջին վրայ տեղադրեց երկչոտ հաղորդագրութիւն մը՝ տպագրական սխալով. «Ցաւօք սրտի, Քալիֆորնիոյ թուրքերուն համար կը կիսուինք ջախջախիչ Տիկին (հաւանաբար ուզած է գրել «լուր»): Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Նիւսըմ ստորագրեց…»:

Ցեղասպանութեան մասին օրինագիծը ստորագրելէ ետք, նահանգապետ Նիւսըմ յայտարարեց. «Ցեղասպանութեան ոգեկոչումը պատմութեան դասէ մը աւելին է: Անիկա հզօր գործիք է՝ սերունդէ սերունդ մարդիկ ներգրաւելու մարդկային իրաւունքներու սրբութեան, յանցագործութիւններու հրէշաւորութեան եւ ապագայ վայրագութիւններու կանխման համար: Ցեղասպանութիւնները ոգեկոչող նահանգային յիշատակի օրուան հաստատումը, ինչպէս անցեալին, նոյնպէս ալ ներկայիս, խումբերու համար հնարաւորութիւն կու տայ բուժուելու եւ հզօր պատգամ կը յղէ Քալիֆորնիոյ մեր արժէքներուն մասին: Կարեւոր է նշել, որ Քալիֆորնիան կը շարունակէ օրինակ ծառայել՝ Ցեղասպանութեան վայրագութիւններէն տառապող մարդոց անթիւ խումբերուն ապաստան տրամադրելու գծով»:

Քալիֆորնիա նահանգի քոնկրեսական Ատրին Նազարեան՝ օրինագիծի հովանաւորը, յայտարարած է. «Իբրեւ Ցեղասպանութենէն վնասուած համայնքի անդամ, դժուար է նկարագրել, թէ անիկա ի՛նչ արժէք ունի մեզմէ իւրաքանչիւրին համար, որ այսքան երկար հանդուրժած ենք մեր ցաւի ու պատմութեան յաճախ դիտաւորեալ ժխտումը: Այսօր, Միացեալ Նահանգներու ամենամեծ նահանգը եւ աշխարհի 5րդ ամենամեծ տնտեսութիւնը պարտաւորուած է ամէն տարի ճանչնալ Ցեղասպանութեան հետեւանքները: Բոլոր անոնց, որոնք նահատակուած են Ցեղասպանութեան իբրեւ հետեւանք, կ՛ըսենք՝ մենք կը յիշենք ձեզ: Բոլոր անոնց, որոնք կ՛ապրին Ցեղասպանութեան հետեւանքներով, կ՛ըսենք՝ մենք ձեր կողքին ենք»:

Քալիֆորնիա նահանգի քոնկրեսական Լորա Ֆրիտմըն, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթին ըսաւ. «Ապրիլ 24ի «Ցեղասպանութեան յիշատակի օր»ը ճանչնալով իբրեւ Քալիֆորնիոյ նահանգային յիշատակի օր՝ մենք կ՛ընդունինք Հայոց Ցեղասպանութեան ողբերգութիւնն ու սարսափները եւ անոր յաջորդած ցեղասպանութիւններու աւերը: Մենք նաեւ կը յարգենք պատմութեան ընթացքին ինկած զոհերն ու վերապրածները, եւ կը կրթենք ապագայ սերունդները՝ նման վայրագութիւններու կրկնութիւնը կանխելու համար»:

Թրքական գործողութիւններուն ահազանգները ապարդիւն էին, քանի որ անոնք ունէին անհնարին նպատակ՝ արգելափակել լայնօրէն ճանչցուած պատմական իրողութիւնը՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Միակ բանը, զոր այժմ պէտք է ընեն թուրք ժխտողականները եւ անոնց կառավարութիւնը, աւելի քան 100 տարուան կեղծիքէ ետք՝ ճշմարտութիւնը ընդունիլն է եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ժառանգներուն համապատասխան փոխ հատուցում կատարելը: Նման գործողութիւն մը կը բխի նոյնինքն Թուրքիոյ շահերէն: Այս քայլէն ետք Թուրքիոյ քաղաքացիները այլեւս չեն ապրիր խղճի խայթով եւ չեն դիմեր ամօթալի քօղարկման, երբ իրենց յիշեցնեն Հայոց Ցեղասպանութեան մասին:

Ինչպէս գրած էի Դեկտեմբեր 2006ի յօդուածիս մէջ, Ահմետ Էրթեկուն՝ Atlantic Records-ի հիմնադիրն ու գործադիր տնօրէնը եւ Միացեալ Նագանգներու մէջ Թուրքիոյ դեսպան Մեհմետ Էրթեկունի որդին, իր մահէն առաջ, Լոս Անճելըսի մէջ հանդիպման մը ժամանակ ինծի ըսաւ, որ չի կրնար  հասկնալ, թէ ինչո՛ւ թուրք պաշտօնեաները կը շարունակեն հերքել Հայոց Ցեղասպանութիւնը, փաստ մը, որ յայտնի է ամբողջ աշխարհին: Ան յստակացուց, որ Ցեղասպանութեան ճանաչման իր նպատակը հայերը գոհացնել չէ՛: Ան կը կարծէր, որ նախ եւ առաջ, Թուրքիոյ շահերէն կը բխի Ցեղասպանութեան ճանաչումը, քանի որ այդ մէկը պիտի օգնէ Անգարային՝ դիմելու Եւրոպական Միութեան, վերջինիս անդամակցելու համար եւ ձերբազատելու համար խարանէն, որ այսքան տարի կը հալածէ իր հայրենիքը:

Այժմ Թուրքիան եւ թուրք ժխտողականները պէտք է որոշեն, թէ ո՛ր ուղին պէտք է ընտրեն: Անոնք՝ կա՛մ կ՛ընդունին Հայոց Ցեղասպանութեան ակնյայտ ճշմարտութիւնը, կա՛մ կը  շարունակեն հերքել պատմական անվիճելի փաստը եւ դառնալ ծիծաղի առարկայ, ամբողջ աշխարհին մէջ:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

asbarez.am/427367/թուրք-ժխտողականները-չեն-կրնար-հայերը/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail