Ստորագրահաւաք` Անիի Տիգրան Հոնենց Եկեղեցւոյ Հարցով

 

Ani-Dikran-Honents
03 փետրուար 2016

Քանդակագործութեան Ազգային փարք-թանգարանը սկսած է ստորագրահաւաքի` Անիի Տիգրան Հոնենց եկեղեցւոյ պատկանելիութեան վիճարկման եւ թերի վերականգնման առիթով:

Թուրքիոյ մշակոյթի նախարարութեան, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին, ՄԱԿ-ին, Եւրոպական ժառանգութեան համագումարի յանձնախումբին եւ աշխարհի մտաւորականութեան ուղղուած նամակին մէջ նշուած է, որ Տիգրան Հոնենց եկեղեցւոյ ազգային եւ դաւանաբանական պատկանելիութեան վառ ապացոյցները եկեղեցւոյ` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի տանջանքները պատկերող որմնանկարներն են:

Ստորագրահաւաքին նախաձեռնողները մարզի թրքական պատասխանատու կառոյցներէն կը պահանջեն զերծ մնալ եկեղեցւոյ պատմական պատկանելիութեան շուրջ յայտարարութիւններէն, եկեղեցւոյ մօտ տեղադրուած ցուցանակին վրայ նշել, որ ատիկա հայկական քրիստոնէական եկեղեցի է, կը պահանջեն այս հանգրուանով  չամփոփել եկեղեցւոյ գմբէթի շինարարութիւնը եւ յայտարարել աշխատանքներու ապագայ ընթացքն ու նպատակները, նաեւ զերծ մնալ Վրաստանի եւ Հայաստանի միջեւ մշակութային տագնապի հրահրումէն:

Ստորագրահաւաքը կը կատարուի change.org կայքին միջոցով:

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail