Արցախի Ժողովուրդի Ինքնորոշման Իրաւունքը Այլընտրանք Չունի. Արտակ Բեգլարեան
11 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2022 – ԱՐՑԱԽ:
Ալիեւը կը սխալի, եթէ կը կարծէ, որ Արցախի բնիկ հայ ժողովուրդը այլ բնակավայր ունի, քան Արցախի Հանրապետութիւնը։ Telegram-ի իր ալիքին վրայ գրած է Արցախի պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան:
«Հակառակ բոլոր դժվարութիւններուն, մարտահրաւէրներուն ու սպառնալիքներուն՝ մենք պիտի շարունակենք մեր պայքարը՝ հայրենիքի մէջ ազատ, անկախ եւ ապահով ապրելու համար։
Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը այլընտրանք չունի, անընդունելի է ուժի կիրառումը եւ ուժի կիրառման սպառնալիքը՝ տարածքային ամբողջականութեան արհեստական գերակայութիւնը ապահովելու համար»,- գրած է Արտակ Բեգլարեան:
yerakouyn.com/2022/10/08/արցախի-ժողովուրդի-ինքնորոշման-իրաւո-2/